No comments yet

ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱՆՈՒՇԵԱՆ (1966-2021)

 

May be an image of 2 people, people standing and text

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Միաբանութեան անդամներէն Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժնին մէջ իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Գերպ.Հայր Սուրբը բացի Ֆէրիգիւղի իր քարոզչական պաշտօնէն Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմին մէջ ունէր կարեւոր ծառայութիւն, վարելով Դիւանապետի, Լուսարարապետի պաշտօնները։ 2019ին Ազգային Պատգամաւորական Ժողովէն ընտրուած էր Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամակցութեան եւ ընտրեալ ժողովականներու միաձայնութեամբ կոչուած էր ժողովի ատենապետութեան։
Ծնած էր 1966ին Ստանպուլ։ Քահանայ ձեռնադրուած եւ վեղար առած էր 2003ին ձեռամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին։ Վարդապետական եւ Ծայրագոյն Վարդապետական գաւազանները ստացած էր ձեռամբ իր Հոգեւոր Ծնողին։ Պատկ. Կրօնական Ժողովը որոշած էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընծայական տալ իրեն եւ իբր այդ դիմում ներկայացուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Իր վարչական կարողութեամբ ունեցած էր օգտակար ծառայութիւն։ Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ որ երիտաբսարդ տարիքին հրաժեշտ առնէ իր եկեղեցիէն ու հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան թուականը եւ վայրը կը ծանուցուի յետագայ օրերուն։

Tatul Dz Vartabed Anushian

at OIA Center April 25 2014

 

 

May be an image of 1 person and standing

 

ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱՆՈՒՇԵԱՆ
Աւազանի անունով Արէտ, ծնած է 25 Յուլիս 1966ին Ստանպուլ, Նառլըգաբուի մէջ։ Որդին է Արամի եւ Արաքսի Ավրուզի։ Կը մկրտուի ձեռամբ Թադէոս Քհնյ. Տէրողորմեաճեանի։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚ուսանի Պօմօնթիի Մխիթարեան, միջնակարգի ուսումը կը ստանայ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, լիսէի ուսումը՝ Ս. Խաչ (Դպրեվանք) վարժարաններուն մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Ստանպուլ Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլ-թէի Անգլերէնի Լեզուագիտութեան բաժնին մէջ։ Լիսէի եւ համալսարանի ուսանողական շրջանին կը պաշտօնավարէ որպէս հսկիչ Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանին մէջ։ Մաս-նակցութիւն կը բերէ Ֆէրիգիւղի Սանուց Միութեան Թատերական խումբին, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ու Սանուց Միութեան երաժշտական գործունէութեանց։
1977ին կը սկսի յաճախել Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցին, ուր յետագային կը տանի նաեւ պատուակալ լուսարարի պաշտօնը։ Կը հետեւի Սեդրակ Սրկ. Տավութհանի, Գրիգոր Սրկ. Հաբէլեանի եւ Շնորհք Քհնյ. Մուրատեանի Հայկական ձայնագրութեան ու շարականագիտութեան դասընթացքներուն։ Հոկտեմբեր 1986ին պաշտօն կը ստանձնէ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ որպէս երաժիշտ։
1988ին մտնելով գործի ասպարէզ, կը պաշտօնավարէ զբօսաշրջական հաստատութեանց զանազան բաժիններուն մէջ, կատարելով նաեւ վարչական պարտականութիւններ։ Կը ծառայէ նաեւ որպէս գործօն անդամ միջազգային գետնի վրայ, մաս կազմելով խմբակներու եւ վարելով քարտուղարի պաշտօնը Ամերիկեան Զբօսաշրջական Միութեան Թուրքիոյ բաժնի։
Դպրութեան չորս աստիճաններ կը ստանայ 1992ին Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ։ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը Դեկտեմբեր 2001ին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ իրեն կը շնորհէ ուրար կրելու արտօնութիւն, իսկ 28 Յուլիս 2002ին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրէ Կիսասարկաւագ։ Այդ թուականէն սկսեալ մաս կը կազմէ Պատրիարքարանի դիւանին, իբրեւ դիւանապետ ու ապա՝ Նորին Ամենապատուութեան անձնական քարտուղար։ Ան, 29 Դեկտեմբեր 2002ին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ կը ստանայ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն, լծակից ունենալով Վաղարշակ Սերովբեանը (այժմ՝ Յովակիմ Աբղ.)։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1 Մարտ 2003ին՝ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զինք կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ։ Նոյն 2003ի ամրան կը նշանակուի Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, որ կը վարէ մինչեւ 2016։ Իսկ աշնան, կը մեկնի Լիբանան՝ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի մասնաւոր լսարանի երկամեայ դասընթացքներուն։ Հետեւելով Սուրբ Գրական, Ծիսագիտական, Շարականագիտական, Աստուածաբանական, Եկեղեցա-պատմական եւ Քարոզխօսական դասերուն, կը վկայուի 25 Յունիս 2005ին։
2005-2006 տարեշրջանին կը շարունակէ իր կեցութիւնը Պիքֆայայի Զարեհեան Դպրեվանքի մէջ՝ կատարելով վարդապետական աւարտաճառին հետ առնչուած ուսումնասիրութիւններ ու միաժամանակ ստանձնելով ուսուցչական պաշտօն այդ երդիքին տակ։ Կը պաշտօնավարէ Ժառանգաւորաց ու Ընծայարանի բաժիններուն մէջ, դասաւանդելով՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Ներածութիւն Հին Կտակարանի, Մեկնաբանութիւն, Սուրբ Գրային Յունարէն, Քրիստոնէական եւ Հայոց պատմութիւն։ Կը ստանձնէ Դպրեվանուց Լուսարարապետի պաշտօնը։ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին առընթեր, Հոկտեմբեր 2006ին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչի պաշտօններուն։ 30 Սեպտեմբեր 2007ին ամբողջացնելով «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան» աւարտաճառը, 25 Հոկտեմբեր 2007ին Ղալաթիոյ Ս. Գրի-գոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքէ։ Կը պատրաստէ «Նիկիոյ Ս. Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին» թէզը եւ 18 Դեկտեմբեր 2007ին Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետական Գաւազան։
2010ին Հոգեւորականաց Համագումարէն կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովոյ անդամութեան, իսկ 13 Յուլիս 2010ի նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր հրաժարումը (31 Դեկտեմբեր 2015)։ Կ՚ուսուցչագործէ Թաքսիմի Էսայեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ աւանդելով կրօնագիտութիւն։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ, դիւանապետութեան առընթեր, կը վարէ նաեւ Հրատարակչական բաժանմունքի նախագահութիւնը, Աթոռոյ Լուսարարապետութիւնը։ Աթոռոյս ժառանգաւորներու լսարանի մէջ կը դասախօսէ, աւանդելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ գրաբար։ Կը նշանակուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ծիսական Յանձնախումբի անդամութեան։ Պատգամաւորական Ժողովի կողմէ կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամութեան (11 Դեկտեմբեր 2019), անդրանիկ նիստին կ՚ընտրուի ատենապետ։

May be an image of 13 people, people standing and indoor

ՏԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ ՀՈԳՒՈՅՆ
ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
MERHUM BAŞRAHİP TATUL ANUŞYAN’IN NAAŞI PATRİKLİK KATEDRALİ’NE NAKLEDİLDİ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի մարմինը 15 Նոյեմբեր 2021, Երկուշաբթի, յետ միջօրէի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։
Իր հոգւոյն ի հանգիստ առաջին հանգստեան կարգը կատարուած էր Կիրակի գիշեր վախճանումէն անմիջապէս յետոյ, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի սենեակին մէջ, մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Տ. Զաքար եւ Շահէն Քահանայ Հայրերու։ Հանգստեան կարգին ներկայ գտնուած էին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձուներէն՝ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, խնիամակալութենէն Մինաս Քորթուն, Բժշկապետ՝ Մաքսուտ Ահպապ եւ վախճանեալին երկու եղբայրները՝ Առէն եւ Արաս Անուշեան։
Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը տեղադրուած դագաղին շուրջ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի նախագահութեամբ կատարուեցաւ տան կարգի արարողութիւն։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր եւ Տրդատ Աւագ քահանաներ, Շիրվան, Նաթան եւ Ներսէս քահանաներ, Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան, ժառանգաւոր սաներ, Պատրիարքարանի անձնակազմը, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Վախճանեալ Հայր Սուրբի օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը տեղի պիտի ունենայ 18 Նոյեմբեր 2021, Հինգշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
———-
Patriklik Makamı’na bağlı rahipler topluluğu üyelerinden Başrahip Tatul Anuşyan’ın naaşı 15 Kasım 2021, Pazartesi, öğleden sonra S. Pırgiç Ermeni Hastanesi’nden Patriklik Kadetrali’ne nakledildi.
Başrahip Tatul, Pazar akşamı, ruhunu Göksel Baba’ya teslim ettikten hemen sonra, S. Pırgiç Ermeni Hastanesi’nde Peder Zakar ve Peder Şahen tarafından ilk dualar okunmuştu. Duaya S. Pırgiç Ermeni Hastanesi Vakıf Yönetim Kurulu üyelerinden Diyakos Kevork Nergiz, S. Haç Tbrevank Vakfı Yönetim Kurulu Başkanı Prof. Dr. Toros Alcan, üyelerden Minas Kortun, Hastane başhekimi Maksut Ahbap ve merhumun kardeşleri Aren ve Aras Anuşyan da katılmışlardı.
Merhumun naaşı Kumkapı’ya vardıktan sonra, Patriklik Katedrali’nde Kilise Din Görevlisi Üstrahip Yeğişe Uçkunyan’ın riyasetinde dualar okundu. Duada Başrahip Zakeos Ohanyan, Rahip Hovagim Serovpyan, Kd. Peder Krikor Damadyan, Kd. Peder Drtad Uzunyan, Peder Şirvan Mürzyan, Diyakon Harutyun Edvin Galibyan, Patrikliğin ruhani eğitim alan pederleri ve diyakonları, Patriklik personeli, Hrant Moskofyan başkanlığındaki Patriklik Kilise Vakfı Yönetim Kurulu üyeleri de hazır bulundular.
Merhum Başrahip Tatul’un cenaze töreni 18 Kasım 2021, Perşembe, Patrikliklik Katedrali’nde, Kadasetli Patrik Sahak II. Hazretleri’nin riyasetinde gerçekleşecektir.
May be an image of 16 people and indoor
May be an image of 6 people, people standing and indoor

 

Post a comment