ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ – LECTURE AND FAMILY GET TOGETHER NIGHT AT OIA
Posted on June 14, 2019
Posted By: oiaCategories: All News
ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ
Մարիէթ Մ. Օհանէս
Ուրբաթ, Յունիս 14, 2019ին, Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը կազմակերպած էր դասախօսական երեկոյ մը եւ հրաւիրած Դոկտ. Զարմինէ Նագգաշեանը, որ դասախօսութիւն մը ներկայացնէ «Շաքարախտի Ղեկավարման» մասին, ճաշկերոյթով մը, «Քէօֆթէ»ի, մսաշօթի, լուբիայի աղցանի, եւ թթուաշի հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ «Հայրերու Տօնը:
Բարի գալուստի խօսքը եւ Միութեան յառաջիկայ ձեռնարկներու յայտարարութիւնները կատարեց Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ, Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան:
Դասախօսուհիին կենսագրականը ընթերցեց Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Մ. Օհանէս, ապա հրաւիրեց Դոկտ. Նագգաշեանը:
Դոկտ. Զարմինէ, Շաքարախտի ղեկավարման մասին բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցեց փխրուն եւ համահունչ կերպով, համապատասխան օրինակներով, հետեւելով ներկաներուն գործօն փոխգործակցութեանը հարց-պատասխաններու ձեւով, որոնցմով բոլորը կարող եղան հեշտութեամբ հասկնալ եւ յիշել երկար ժամանակ: Դոկտ. Նագգաշեանը հրաշալի դասախօս է եւ իր տրամադրած տեղեկատուութիւնը խիստ հետաքրքրական էր:
Աւարտին՝ Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մարք Մ. Քէօշքէր, յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսուհիին:
80 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը պսակուեցաւ ամենատարեց եւ ամենաբախտաւոր հայրերուն նուէրներու յանձնումով՝ Գործադիր Յանձնախումբի կողմէ նուիրուած:
Շնորհակալութիւն օրուան ճաշի հովանաւորներ՝ Տէր եւ Տիկին Արման եւ Անի Էքմէքճիի: Նաեւ համադամ կարկանդակները պատրաստող Տկ. Ռիթա Սարաֆեանին:
Նշենք թէ սոյն ճաշը նուիրուած էր հովանաւորներուն ծնողքին եւ հարազատներուն հոգիներուն ի յիշատակ:
LECTURE AND FAMILY GET TOGETHER NIGHT AT OIA
On Friday, June 14, 2019, the Cultural Committee of the Organization of Istanbul Armenians hosted a family night and had invited Dr. Zarmine Naccashian to present a lecture about the “Management of Diabetes” along with a dinner (“Kofte”, bean salad, lahmajun and pickles) during which the Fathers’ Day was also celebrated.
The opening remarks and OIA upcoming announcements were made by OIA Trustee and Cultural Committee Chairman Dr. Ohannes Kulak Avedikyan.
The biography of the lecturer was read by OIA Secretary Mariette M. Okhanes.
Dr. Naccashian was invited to the podium. She gave all the information about the Management of Diabetes in crisp, coherent way with suitable examples followed by active interaction with the audience in the form of question-answers by which everybody was able to grasp easily and remember for a long period of time. Dr. Naccashian was a fantastic lecturer and the information she provided was so interesting!
Following the lecture, OIA Executive Committee President Dr. Mark Kosker presented a memorable gift to Dr. Naccashian.
In the presence of 80 people, the intimate night was crowned with gifts to the Eldest and Luckiest Fathers donated by the Executive Committee.
Our special thanks to the dinner sponsors Mr. & Mrs. Arman and Ani Ekmekci, as well as to Mrs. Rita Sarafian who prepared the tasty cakes.
We would like to mention that the dinner was donated in memory of the donors’ parents and relatives.