ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Նախաձեռութեամբ Պոլսահայ Միութեան եւ Սան Ֆէրնանտօ Հովիտի Հ.Յ.Դ. Ռոստոմ եւ Բաբգէն Սիւնի Կոմիտէներուն, Կիրակի Մարտ 22ին տեղի ունեցաւ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ Սրբոց Նահատակաց Աւետիսեան Սրահին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւնով կատարողութեամբ Ս. Նահատակաց եւ Նորթ Հալիուուտի Հայց. Եկեղեցիներու Հովիւներուն եւ Դպրաց Դասերուն: Ապա տեղի ունցաւ Դրօշակի Արարողութիւն՝ ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղին կողմէ: Յաջորդեց Քայլերգներ` կատարողութեամբ Ծովիկ Տօներեան Նաշալեանի եւ Ժագ Շիթճեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ֆիմի Սուլահեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Արեւ Յովսէփեան եւ Բիւզանդ Պէրպէրեան: Կատարուեցաւ Ուխտի Վերանորոգում եւ Ջահափոխանցում ՀՕՄ եւ ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան Պատանեկան Մասնաճիւղին: Խօսք առաւ 100ամեակի Հովիտի Յանձնախումբէն՝ Քնար Գորթոշեան: Կայացաւ ներկայացումը Պետական Անձնաւորութեանց՝ Պատգամաւոր Mark Debabne, Շանթ Յակոբեան, Ճիմի Սէրայտարեան, Յատուկ հիւր եւ Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, Լոս Անճէլըսի Միասնական Դպրոցի Շրջանի Վարչութեան Անդամ՝ Steve Zimmer եւ Խորհուրդի անդամ՝ Paul Corets:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ «Վերածնունդ» խորագրով: Խօսք առաւ օրուան բանախօս՝ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան (Համանախագահ Հայոց Ցեղասպանութեան ՅանձնախումբիԱրեւմտեան ԱՄՆահանգներու) նիւթ ունենալով «Կը յիշենք անցեալը, կը պահանջենք ապագան»:
Կատարուեցաւ Հայկական պարեր, Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին կողմէ պարուսոյց՝ Քէթրին Հայրապետեան: Նաեւ, մեներգներ Ծովիկ Տօներեան Նաշալեանի կողմէ, իսկ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտական Երգչախումբը ելոյթ մը ունեցաւ Խմբավարուհի Արաքսիա Վարդերեսեանի առաջնորդութեամբ:
Նշենք թէ Պատգամաւոր Մարք Տիպապնէ Ճանաչման վկայագիր մը յանձնեց Պոլսահայ Միութեան Գալիֆորնիոյ Օրէնսդրական Ժողովին կողմէ, գովելով Միութեան ջանքերը Հայ Համայնքին հանդէպ:
Տեղի ունեցաւ յիշատակի լուսանկարահանում որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Մեղրի» մասնաճիւղերուն կողմէ:
===========================
COMMEMORATION OF THE CENTENNIAL OF THE ARMENIAN GENOCIDE
The Organization of Istanbul Armenians and San Fernando ARF Rosdom and Papken Suni Gomidehs initiated the Centennial Commemoration of the Armenian Genocide, which took place on Sunday March 22 , at the Holy Martyrs Armenian Church’s “Avedissian” Hall.
The program started with a memorial service which was performed by Holy Martyrs and North Holywood Armenian Churches Clergymen and Choirs. The flag ceremony was followed by Homenetmen “Ararat” Chapter. National Anthems were performed by Dzovig Donerian Nashalian and Jack Chitgian, accompanied on the piano by Fimi Sulahian.
After the Opening remarks by Arev Hovsepian and Puzant Berberian, renewal of Oath and Passing the Torch were held by ARS, ARF Simon Vratsian Junior Branch. Remarks were done by San Fernando Valley Centennial Committee member Knar Kortoshian. Presentation of the following Official Guests, Assemblyman Mark Debabneh, Shant Hagopian, Jimmy Seraydarian, Dr. Ohannes Kulak Avedikyan as a special guest representing OIA, Los Angeles Unified School District Board Member Steve Zimmer and board member Paul Coretz.
A video presentation about “Renaissance” was shown. The keynote speaker, Attorney Garo Ghazarian, Co-Chairman of AGCC (Armenian Genocide Centennial Committee-Western USA) gave a speech themed “We remember the past, and demand the future.”
A dance performance was presented by Hamazkayin “Nayri” Group led by instructor, Catherine Hayrabedian. Also, Solo song performance by Dzovig Donerian Nashalian, while Ferrahian Armenian School student choir performed songs led by choirmaster Araxia Varteressian.
We would like to mention that a certificate of recognition was presented to Organization of Istanbul Armenians by Assemblyman Mark Debabneh on behalf of the State Assembly of California, commending the efforts of OIA towards the community.
Photographs memorializing the special event were taken, followed by a reception hosted by ARS “Anahid” and “Meghry” chapters.