ՏԵՍԱՆՔ ԼՍԵՑԻՆՔ « ՄԱՐՄԱՐԱ »
Ի՞ՆՉԵՐ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒՏԱՅ ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ
Ա.
Շաբաթ օրուան մեր թիւով մանրամասնօրէն արձագանգ հանդիսացած էինք ՊուկիւնՀեռատեսիլի Կայանէն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք.Աթէշեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը։
Յայտագրի հանդիսավարը՝ Էրքամ Թուֆան շատ դիպուկ հարցումներ ուղղած էր ԱրամՍրբազանին, հարցումներ որոնք ցոյց կուտային որ ինք քաջատեղեակ անձ մըն էրԹուրքիոյ մէջ Հայոց մօտաւոր անցեալին ու այժմու կացութեան։ Այս հարցումները առիթդարձած էին որպէսզի Արամ Սրբազան իր մատը դնէր մեր կարգ մը ցաւոտ հարցերունվրայ։ Թերեւս հարիւր տոկոս կրնայինք չբաժնել Արամ Սրբազանին պատասխանները,բայց կարեւոր անդրադարձումներ կային հոն, որոնք լաւ որ օրակարգի կը բերուէին։Թերեւս ամէն ինչ ալ խօսուած չէր այս կարճաշունչ զրոյցի ընթացքին։ Բայց կրնանք ըսելոր այդ հարցազրոյցը մեզ ալ հրաւիրեց այդ հարցումներուն շուրջ մտածելու ու հարցտալու թէ մենք ի՞նչ կը պատասխանէինք եթէ նոյն հարցումները մեզի ուղղուէին։
Որպէս առաջին հիմնական խնդիր, Արամ Սրբազան կը պատասխանէր թէ ի՞նչ կընշանակէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ըլլալ եւ թէ ի՞նչպէս ինք ընտրուած էրայս պաշտօնին, եւ մանաւանդ թէ ինչո՞ւ Հայ համայնքը չէր կրցած ընտրել նոր Պատրիարքմը։ Արամ Սրբազան յիշեցուցած էր որ Մեսրոպ Պատրիարքին հիւանդութեան պատճառաւԿրօնական Ժողովը որոշած էր ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը, բայց այս որոշումըպառակտում յառաջացուցած էր համայնքէն ներս ու այսպէս՝ կարելի չէր եղածՊատրիարքի ընտրութիւնը։
Հիմա հոս մենք ահաւասիկ ըսելիք մը կրնայինք ունենալ եւ պիտի ուզենք ըսել։ ՄեսրոպՊատրիարքի հիւանդութեան յայտնուելէն ետք այս համայնքէն ներս պատահեցաւ ամէնէնամօթալի պատահարը, Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրուելու պաշտօնով կազմուած ուպաշտօնի հրաւիրուած « Պատրիարքական Ընտրութեան Յանձնախումբ » մը, դէմ գալովկանոններու ու աւանդական պատշաճութիւններու, անտես առաւ Կրօնական Ժողովիկողմէ ընդունուած որոշումը եւ ինքնագլուխ կերպով իշխանութիւններու մօտ դիմումկատարեց ընտրելու համար Պատրիարք մը, այլ ո՜չ թէ Աթոռակից Պատրիարք։ Ասիկա կընշանակէր չարաչար գործածել իրեն յանձնուած պաշտօնը, որովհետեւ այդՅանձնախումբը Պատրիարքարանի կողմէ կազմուած էր Աթոռակից Պատրիարք մըընտրելու համար։ Ինչպէս միշտ ըսինք, եթէ այդ Յանձնախումբի անդամները կողմնակիցչէին Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու որոշումին, այն ատեն պէտք է մերժէին այդպաշտօնը կամ շուտով հրաժարէին այդ պաշտօնէն։ Կը հրաժարէին, ու անկէ վերջ՝ եթէուզէին, կրնային անհատապէս կամ խմբովին աշխատանք տանիլ Կրօնական Ժողովինկողմէ ընդունուած որոշումին դէմ։ Բացարձակապէս իրաւունք չունէին Պատրիարքիընտրութեան համար կառավարութեան մօտ ինքնագլուխ դիմում կատարելու։Համայնքային կամ ազգային կեանքէ ներս մարդիկ կամ մարմիններ ինչ պաշտօնի համարոր գործի կոչուած կամ ընտրուած են, այդ պաշտօնը պէտք է կատարեն միայն, ո՜չ թէ այդպաշտօնին ներհակ գործունէութիւն ցոյց տան։
Ընտրական Յանձնախումբին կողմէ իր պաշտօնին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումըու հակառակ ուղղութեամբ կատարուած դիմումը ամէն ինչ տակնուվրայ ըրաւ եւ այսկերպով մենք զրկուեցանք Պատրիարք մը ընտրելու մեր արդար ու շատ կարեւորիրաւունքէն։ Այդ օրէն ի վեր ազգովին գրեթէ ամէն օր կը տեսնենք թէ մեր համայնքը որքանծանր վճարեց ու դեռ ալ կը շարունակէ վճարել Պատրիարք մը չունենալու գինը։ Համայնքըահաւոր նահանջի մը մէջ է, բանիմաց ու աւանդապահ ամէն ազգային կրնայանդրադառնալ թէ համայնքէն ներս ինչպիսի անիշխանական վիճակ մը կը տիրէներկայիս, թէ հիմա չունինք հեղինակաւոր իշխանութիւն մը որ արգելք պիտիհանդիսանար կարգ մը անգիտակից կամ ազգային աւանդութիւններու անտեղեակ մարդոցինքնագլուխ ու վնասակար արարքներուն, եւ ընդհակառակը ուղիղ ճամբաները ցոյց պիտիտար մեր հանրային գործիչներուն։ Պատրիարքական Փոխանորդ մը, որքան ալ բարինպատակներ ունենայ, չի կրնար Պատրիարքի մը տեղը բռնել, Պատրիարքի մը անսակարկհեղինակութիւնը ունենալ։ Ոմանք պիտի հասկնա՞ն արդեօք թէ ինչ ըսել կ՛ուզենք, եթէըսենք որ նոյն անձը սա կամ նա գործին նկատմամբ տարբեր պիտի մտածէր եթէՊատրիարք ըլլար, եւ տարբեր պիտի մտածէր եթէ Պատրիարքի Փոխանորդ ըլլար։ Բացխօսինք եւ ըսենք որ Պատրիարքարանը այսօր շատ բան կորսնցուցած է ազգայինգործիչներու եւ գործերու վրայ իր ունեցած հեղինակութենէն, եւ ասիկա պատահած էպարզապէս անոր համար որ չենք կրցած Պատրիարք մը ունենալ։ Եւ, նկատի առնելովՄեսրոպ տարաբախտ Պատրիարքին ցաւալի ու անմխիթարելի վիճակը, կրնանք մտածելոր այսօրուան կացութիւնը անյայտ տեւողութեամբ մը դեռ պիտի շարունակուինոյնութեամբ։
Ինչո՞ւ կ՛ըսենք այս բոլորը։ Որովհետեւ, երբ կարդացինք Արամ Սրբազանին կողմէ այսհարցին մասին տրուած բացատրութիւնը, անգամ մը եւս յիշեցինք որ Պատրիարքարանն ուԿրօնական Ժողովը այդ անբախտ շրջանին չկրցան հեղինակութիւն մը ցոյց տալինքնագլուխ գործող այդ Յանձնախումբին կատարած շեղումին դէմ, չկրցան մինչեւ իսկլուծել այդ Յանձնախումբը ու վերջ տալ անոր գոյութեան, հակառակ որ ան հիմա արդէնգրեթէ գոյութիւն չունի։ Կրօնական Ժողովը եւ Պատրիարքի Փոխանորդը, կարծես առիթէնօգտուելով, անմիջապէս ընդունեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ մըընտրելու լուծումը եւ գործերը հոն սառեցան։ Մենք երբեք պիտի չդադրինք հաւատալէ որՊատրիարքարանը ներկայացնող հոգեւորականներն ու Կրօնական Ժողովը չկրցանկատարել իրենց պարտականութիւնը, չկրցան անդրդուելի մնալ Աթոռակից Պատրիարքընտրելու իրենց որոշումին վրայ, պարտութիւնը ընդունելու հոգեբանութեամբ մը կուլտուին իրենց որոշումը ու իշխանութիւններու համաձայնութեամբ րնդունեցին ԱրամՍրբազանին անձին մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ մը նշանակելուայլընտրանքը։
Հեռատեսիլէն կատարուած այս հետաքրքրական զրոյցի միւս նիւթերուն մասին ալ կարգաւպիտի ընենք կարգ մը խորհրդածութիւններ։
Ռ. Հ.
====================
Բ.
Արամ Սրբազանի հետ հեռատեսիլի կայանէն կատարուած զրոյցի նիւթերէն մէկն ալ« ըստմեր մօտ հրատարակուած կրճատեալ ձեւին, Հայ համայնքին թիւն էր, նաեւ թիւը այժմումեր եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն։ Արամ Սրբազան Հայ համայնքին թիւը գնահատած էորպէս 70 հազար, որուն երկու հազարը կը բնակի Անատոլուի մէջ։
Այս թիւը հաւանաբար մօտաւոր թիւ մըն է։ Մենք ալ մեր բնակչութեան թիւըտասնամեակներէ ի վեր կը գնահատենք որպէս 70 հազար, թէեւ կրնանք մտածել որ հիմաշատ աւելի բարձրացած պէտք է ըլլար այս թիւը։ Սակայն համրելու, մարդահամար մըկազմակերպելու կարելիութիւնը չունինք։ Եթէ Հայ մարդոց մարդահամար մը ընէինք,անակնկալի մը հետ դէմ յանդիման կուգայի՞նք։ Յայտնի չէ։
Անշուշտ հոս կայ հարց մը որուն մասին Արամ Սրբազան լաւ որ չէ խօսեր, որուն մասինմենք պիտի խօսինք սրտի ցաւով։ Ասիկա, համայնքին թիւը գնահատելէ վերջ, համայնքինորակն ալ գնահատելու խնդիրն է։ 70 հազարնոց այս համայնքին մէջ ի՞նչ է տոկոսը այնՀայերուն որոնք կը գուրգուրան իրենց Հայկական պատկանելիութեան ու ինքնութեանվրայ, որքա՞ն ուժեղ կապ կը պահեն իրենց ազգային հաստատութիւններուն, իրենցդպրոցներուն, իրենց մշակութային ակումբներուն հետ, եւ ամէնէն կարեւորը, որքա՞նկարեւորութիւն կուտան իրենց մայրենի լեզուն պահելու ու գործածելու խնդրին, որքա՞նկարեւոր կը նկատեն Հայալեզու մամուլ ունենալու ու այդ թերթը կարդալուաւանդութեան, որքա՞ն հաւատարիմ կը մնան խառն ամուսնութիւններէ խուսափելու ուզուտ հայկական ընտանիքներ կազմելու, իրենց զաւակները տոհմիկ կրթութեամբմեծցնելու հրամայականներուն։ Այս բոլոր հարցումներուն պատասխաններն են որ պիտիճշդեն 70 հազարնոց մեր համայնքին որակը։
Բայց մենք չենք որ պիտի ուրանանք 70 հազարնոց մեր համայնքին բազմաթիւ գովելի ուհպարտացուցիչ կողմերն ալ։ Այո՜, հակառակ վերեւ համրուած ժխտականութիւններուն,մեր համայնքը ունի դիմագծութիւն մը որուն ամբողջ Հայաշխարհը կը նայի հիացումով ուքիչ մըն ալ նախանձով։ Մեր վարժարանները կը շարունակեն գործել օրհնութիւնտեղացնելով մեր զաւակներուն վրայ, մեր եկեղեցիները կը լեցուին ու անխափան կըհնչեցնեն իրենց կրօնաշունչ զանգակները, մեր ժողովուրդը հրաշալինուիրատուութիւններով ոտքի կը պահէ ո՜չ միայն իր դպրոցները, այլ նաեւ իրմշակութային կազմակերպութիւնները, հաւատարմօրէն կը շարունակենք ապրեցնել մերերգը, մեր երաժշտութիւնը, մեր թատրոնը, մեր գրականութիւնը, մեր գեղարուեստը, եւդեռ շատ բան, որոնք եւս կը պայմանաւորեն 70 հազարնոց այս համայնքին որակը։ 70հազարնոց այդ համայնքին մէջէն քանի՞ հոգիներու մասնակցութեամբ ու օրհնեալնուիրումով է որ կը ստեղծուի ու կը պահուի Համայնքին կուրծքը ուռեցնող այս փայլունպատկերը։ Պատասխանը յստակ է։ Գիտենք որ համայնքին ամբողջ թիւին հետ եթէբաղդատուի, փոքրամասնութիւն մըն է որ կը ստեղծէ այս պատկերը, բայց թերեւս ուրիշհաւաքականութիւններու մօտ ալ կացութիւնը նոյնն է։ Միշտ փոքրամասնութիւնն է որ կըստեղծէ լաւ բաները։ Երանի թէ մեծամասնութիւնն ալ կարենայ օգտուիլ այդ լաւ բաներէն։
Արամ Սրբազանին հետ կատարուած զրոյցի ընթացքին կարգը շուտով եկած էր մերդպրոցներուն ու եկեղեցիներուն թիւին։ Հոս է որ կը բացուի ահաւասիկ լայն դուռ մը որունետին ունինք ուրախութիւններ, նաեւ տխուր յիշողութիւններ։ Հաղորդավարը յիշեցուցեր էոր Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին կը գործէին 2170 եկեղեցիներ եւ աւելի քան 2000վարժարաններ։ Իսկ հիմա ի՞նչ է պատկերը, հարցուցեր է ան։
Պատկերը հիմա ահաւոր անկումի մը պատկերն է։ Այդ հազարներէն հիմա մնացած է 45եկեղեցի ու 16 վարժարան։ Վստահ ենք Արամ Սրբազանին ալ սիրտը կոտտացած է երբտուած է մեր այսօրուան կացութիւնը ցոլացնող այս թիւերը։ Հաղորդավարին կողմէ նշուած2170 եկեղեցիներու ու աւելի քան 2000 դպրոցներու թիւը որքա՞ն կը ցոլացնէճշմարտութիւնը, հիմա ի վիճակի չենք ստուգելու, բայց աւելի կրնայ ըլլալ, քան թէպակաս։ Իսկ այսօրուաններուն թիւը յստակօրէն ճիշդ է։ 45 եկեղեցիներուն 38-ըԻսթանպուլի մէջ է, ըսած է Արամ Սրբազան։ Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջունինք ուրեմն քանի մը գործօն եկեղեցի։ Բայց Անատոլուի մէջ չունինք ո՜չ մէկ դպրոց։Անշուշտ չէինք կրնար ունենալ։ Գոնէ Վագըֆլըգիւղի նման իր հայկականութիւնը պահելյաջողած գիւղի մը մէջ չէի՞նք կրնար ունենալ փոքրիկ դպրոց մը, գոնէ մանկապարտէզ մը։Պէտք է ունենայինք։ Պէտք է ունենայինք որպէս տժգոյն յիշատակ մը ՕսմանեանԿայսրութեան շրջանի աւելի քան 2000 եկեղեցիներէն։ Բայց այդ ալ չունինք։ Հոն ուրժողովուրդ չկայ, հոն ուր ծաղկող, մեծցող, ճիւղեր արձակող ժողովուրդ չկայ, հոն դպրոցչ՛ըլլար։
Բայց հարցը այս չէ։ Վերեւ յիշուած հազարաւոր եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն մեզիմնացեր է 45 եկեղեցի ու 16 դպրոց եւ Արամ Սրբազան զրոյցի ընթացքին ըսեր է որ ասկէաւելիին հետ այս համայնքը պիտի չկարենար արդէն գլուխ ելլել ու այսքանն ալ կը բաւէհամայնքին։
Շատ հետաքրքրական դիտողութիւն մը ահաւասիկ։ Չենք կրնար համաձայն չըլլալ ԱրամՍրբազանին հետ, երբ մէկ կողմէ կը յիշենք որ հոգեւորականի անբաւարարութեանպատճառաւ այս Զատկին կարելի չեղաւ արարողութիւն կատարել Տիյարպաքըրի Ս.Կիրակոս Եկեղեցիին մէջ եւ երբ միւս կողմէ գիտենք թէ մեր համայնքէն ներս ունինքգործիչներ ու ղեկավարներ որոնք շարունակ կը պնդեն որ այս 16 դպրոցները շատ են մեզիհամար եւ պէտք է անոնցմէ մէկ քանին միացնել իրարու։ Վարժարաններուն թիւըպակսեցնել ուզող այդ անձերը իրենց տեսանկիւնէն իրաւունք ունին թերեւս։ Եթէ այսխնդրին նայինք տնտեսական ու նիւթական տեսանկիւնէն, ճիշդ է, այս համայնքը կըդժուարանայ պահելու իր այսքան քիչ թիւով վարժարաններն ալ, մանաւանդ որ հիմաաշակերտներուն թիւն ալ կը պակսի շարունակ։ Քանի՞ Հայ ծնողներ իրենց զաւակները կընախընտրեն ղրկել օտար վարժարան։ Ի՞նչպիսի արդիւնք մը կը ստացուէր արդեօք եթէկարենայինք գիտնալ թէ քանի՞ Հայ աշակերտ ներկայիս կը յաճախէ օտար դպրոցներ։ Այսբոլորը ճիշդ են։ Բայց կայ մետայլին միւս երեսակը որ փայլուն չէ։
Եթէ Արամ Սրբազան ըսած է որ այս եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն թիւը կը բաւէ մեզի,թէ աւելիին պէտք չունինք, մենք ալ մեր կարգին պիտի ըսենք որ մենք կը տառապինք ո՜չ թէդպրոցներու կամ եկեղեցիներու թիւին բարձրութենէն, այլ մեր ժողովուրդին ունեցած ցածթիւէն։ Մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները չե՜ն որ շատ են, մեր ժողովուրդին թիւն է որ քիչ է։Մենք, որ մեր դպրոցներուն թիւը պակսեցնելու մասին կը մտածենք շարունակ, բնաւմտածեցի՞նք մեր ժողովուրդին թիւը բարձրացնելու հարցի մը մասին։ Մեր մօտ ի՞նչ էընտանիքներու ծննդաբերութեան թափը, ամէն ընտանիք քանի՞ զաւակ աշխարհ կը բերէ։
Օսմանեան շրջանի հազարաւոր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն յիշատակը մեզ կըհրաւիրէ մտածելու թէ մենք հիմա որքան փոքր թիւ մը կը կազմենք այստեղ։
Ռ. Հ.
====================
Գ.
Արամ Սրբազանի հետ հարցազրոյցի հաղորդավարը, իր իսկ ունեցած տուեալներուն վրայհիմնուելով ըսեր է որ Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ունէին 2170 գործօնեկեղեցի ու աւելի քան 2000 գործօն վարժարան։ Ասիկա մեծ թիւ մըն է, եւ սակայնանկասկած այդ շրջանի Կրօնական Առաջնորդներէն կամ Պատրիարքներէն ո՜չ մէկըկրնար ըսել որ այդքանը շատ էր մեր ժողովուրդին համար։
Մեր ժողովուրդը եթէ այդքան շատ կառուցեր էր, կը նշանակէ որ անոնց կարիքը ունէր։Արամ Սրբազանի հետ կատարուած զրոյցին հաղորդավարը թէեւ ըսեր է որ Հայերը ունէին2170 եկեղեցի ու աւելի քան 2000 դպրոց, սակայն չենք գիտեր թէ ըսե՞ր է նաեւ թէ ի՞նչ էրՕսմանեան Կայսրութեան շրջանին բովանդակ Անատոլուի ու Պոլսոյ մէջ ապրող Հայերունթիւը։ Քանի՞ միլիոն էր ճշգրիտ թուանշանով։ Եւ եթէ այսօր մօտաւորապէս գիտենք թէքանի միլիոն Հայ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, գիտենք նաեւ որայդ եկեղեցիներն ու դպրոցները ժողովուրդին պէտք ունեցածէն աւելին չէին։ 1915-ին է որյանկարծ այս պատկերը փոխուեցաւ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը ստիպուեցաւ բաժնուիլ իրհայրենի հողերէն, իր ինչքերէն, իր դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն, նոյնիսկ իր կեանքէն։ Ո՜չմէկը սակայն իրեն հետ կրցաւ տանիլ եկեղեցի մը կամ վարժարան մը։ Մարդիկը գացին,շէնքերը մնացին։
Այսօր ի՞նչ մնացած է այդ հազարաւոր շէնքերէն։ Արամ Սրբազան հարցազրոյցի ընթացքինըսեր է որ 1915էն վերջ այդ հազարաւոր եկեղեցիները առնուեցան Հայերու ձեռքէն, անոնցմէկ մասը մզկիթի վերածուեցաւ։ Այս առթիւ հետաքրքրական կարծիք մըն ալ յայտներ էԱրամ Սրբազան։ Ըսեր է որ մասամբ մխիթարական է որ եկեղեցիները մզկիթիվերածուեցան, որովհետեւ գոնէ այդ կերպով անոնք շարունակեր են մնալ որպէսաղօթավայր, հոգ չէ թէ ուրիշ կրօնքի մը հաւատացեալներուն համար։ Մեր կարծիքով,ասիկա հետաքրքրական կարծիք մը ըլլալով հանդերձ վիճելի կողմ մըն ալ կրնայ ունենալ։Ըսենք որ եկեղեցին եկեղեցի է, մզկիթն ալ՝ մզկիթ։ Երկուքն ալ յարգանք կրնան ունենալիրարու նկատմամբ, բայց չեն կրնար իրարու տեղը բռնել, քանի որ կը ծառայեն տարբերկրօնքներու, այսինքն տարբեր սրբութիւններու։ Ի՞նչպէս կրնանք հաւանութիւն յայտնել,եթէ ենթադրենք որ մզկիթի վերածուած եկեղեցիներուն խորանները վար առնուեցան,որմնանկարները սրբուեցան, եւ դեռ չենք գիտեր ինչ։ Բայց անցնինք։ Արդէն չենք գիտեր թէ1915-ին յաջորդող տարիներուն քանի՞ եկեղեցի մզկիթի վերածուեցաւ։ Հաւանաբարասիկա այդքան ալ մեծ թիւ մը չէ։ Ատոր փոխարէն կային անշուշտ մեծ թիւով եկեղեցիներալ որոնք իրենց բախտին, կամ ժամանակի աւերումին լքուեցան։ Արամ Սրբազան ճիշդդիտողութիւն մը ըրեր է այս նիւթի շուրջ։ Բայց, ըսեր է ան « աղօթավայրերու գերակշիռմասը քարուքանդ եղաւ, հիմա այդ եկեղեցիները աւերակ դարձած են։ Անկարգապահձեռքեր եկեղեցիներու մէջ գանձ փնտռելու նպատակով քարուքանդ ըրին եկեղեցիները եւզգետնեցին արուեստի այդ նմոյշները »։ Բոլորս ալ գիտենք որ աւելի քան ճիշդ են այսըսուածները։ Այդ հազարաւոր եկեղեցիներէն քանի՞ն հիմա արդեօք գոյութիւն ունի գոնէորպէս ուրիշ նպատակի, օրինակ, մշակոյթի ծառայող շէնք։ Քանի՞ն տակաւին բաներ մը կըպահեն իրենց աւերակ դարձած պատերով ու փուլ եկած գմբէթներով։ Բնաւ գաղափարչունինք։
Մօտաւորապէս հարիւր տարիներ անցան այն օրէն ասդին երբ այդ դպրոցներուն ուեկեղեցիներէն տէրերը հեռացան անոնցմէ։ Եւ հիմա բան մը փոխուած է։ Քաղաքներուվարիչներ, կուսակալ կամ քաղաքապետ կամ նահանգապետ, անդրադարձան որաւերակեալ վիճակ ներկայացնող եկեղեցիները պատմական ու զբսաշրջական արժէքպիտի ներկայացնեն եթէ նորոգուին։ Դպրոց չէ մնացած, բայց եկեղեցի տակաւին մնացածէ։ Սա պահուն կան քանի մը եկեղեցիներ ալ զանազան քաղաքներու մէջ, որոնք կընորոգուին ու մասամբ կը փրկուին ամբողջովին անհետանալէ։ Արամ Սրբազանին նմանմենք ալ կրնանք մասամբ « Մխիթարականՙ » նկատել նորոգութեան այս նոր հոսանքը,բայց միւս կողմէ պիտի ըսենք որ այդպիսի հին եկեղեցիներու վերականգնումը ու անոնցտարբեր նպատակներով գործածուիլը միշտ մեզի պիտի յիշեցնէ այն տխուր օրերը զորսմեր նախնիները ապրեցան ասկէ հարիւր տարի առաջ։ Վերանորոգուած այդ եկեղեցիներըկարծես տխուր յուշարձան կը դառնան մեզի ու յաջորդ սերունդներուն համար։ Մանաւանդոր, եթէ շէնքերը կրնան նորոգուիլ ու վերականգնիլ, ոչ մէկը կրնայ ետ բերել այնժողովուրդը որ ատենօք տէրն էր այդ շէնքերուն։
Մեզի բան մը տուող չկայ անշուշտ, բայց պահ մը երեւակայենք կամ երազենք որ օր մը կըհասնին բարի ժամանակներ երբ երկու ժողովուրդները իրենց միջեւ կը յաջողինհաստատել առողջ ու սիրալիր նոր յարաբերութիւններ, կը յաջողին դարմանել հին ցաւերը,ու այդ բարենպաստ պայմաններուն մէջ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանէն մնացածքանի մը եկեղեցիներ մեզի կը վերադարձուին որպէսզի զանոնք թանգարաններու նմանպահենք որպէս մեր սեփականութիւնը։ Եթէ այսպիսի երջանիկ զարգացում մըարձանագրուէր, մենք պիտի ըսէի՞նք արդեօք որ այսքանը շատ է մեզի համար։ Անկասկած,գլխաւորութեամբ Արամ Սրբազանի մը, բոլորս ալ սիրով տէր կը կանգնէինք անոնց եւամէն միջոցի կը դիմէինք որպէսզի զանոնք վերականգնենք, ինչպէս ըրինք ՏիյարպաքըրիՍ. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագային։
Բայց իրողութիւնն այն է որ այսօր ունինք միայն 45 եկեղեցի ու 16 վարժարան։ Ասկէաւելին շա՞տ պիտի գար մեր ժողովուրդին։ Թերեւս պիտի գար, եւ ատիկա մեզի համարբեռ մը պիտի ըլլար հակառակ որ ըսուած է որ աւելի ապրանքը աչք չի հաներ։ Բայցխնդիրն այն է որ եթէ շէնքերը շատ գալ կը սկսին, կը նշանակէ որ ժողովուրդն է որ պակսիլսկսած է։ Մեր ժողովուրդը միայն 1915-ի՞ն է որ ստիպուեցաւ հեռանալ այս հայրենիքէն։Պահ մը յիշենք թէ 1915-էն վերջ ալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին, քանինե՛ր ուքանիներ թողուցին երկիրը ու մեկնեցան արտասահման, հարստացնելու համար այն ինչ որՍփիւռք կը կոչուի։ Քսան դասակարգի զինուորակոչութիւնը, Ունեւորութեան Տուրքր, 6-7Սեպտեմբերի թալանը, եւ դեռ նմանօրինակ անարդարութիւններու հետեւանքով քանիներլքեցին ու գացին ընտանեօք, նկատելիօրէն աղքատացնելով մեր թիւը։ Բնաւ չենք գիտերթէ այսօր Թրքահայ համայնքը, որուն համար 70 հազար կ՛ըսենք, քանիի՞ հասած կ՛ըլլարեթէ Հանրապետութեան մօտաւորապէս 90 տարիներու ընթացքին ո՜չ միայն այսքան շատՀայ մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդներ, ձգած գացած չըլլային, այլ նաեւ աւելի առաջհեռացածներն ալ վերադարձած ըլլային։ Եւ ասկէ զատ, տակաւին մեր շարքերէն ներստեղ մը գրաւէին այն անծանօթ թիւով քաղաքացիները, որոնց համար հիմանորաձեւութիւն դարձած է գործածել « Թաքուն Հայեր»ՙ բացատրութիւնը։ Այն ատենարդեօք այս եկեղեցիներն ու դպրոցները կը բաւէի՞ն մեզի։
Այս բոլորը բան չեն փոխեր այսօրուան իրականութեան մէջ։ Մենք հիմա երջանիկ ենք մերունեցածներով։ Բայց ունինք նաեւ որոշ մտահոգութիւններ։ Ի՞նչպէս կասեցնել մեր թիւիննուազիլը։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այս 70 հազարն ալ վաղը յիսուն հազարի, միւս օր քառասունհազարի չիջնէ։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այսօր իրարու միացուած դպրոցները վաղը դարձեալաւելի գալ չսկսին մեզի։
Մենք որ այնքան վարպետ ենք շէնք շինելու մէջ, պիտի կարենա՞նք նոյն վարպետութիւնըցոյց տալ մարդ շինելու գործին մէջ
====