|
Այսօր, 8 Մարտ 2019, Ուրբաթ ժամը 12.15ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ իր հոգեւոր զաւակները, ի Ստանպուլ, ի Գաւառս եւ ի Կրետէ։ Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խնամքը։Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախ քան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։ Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։ Կրօնական Ժողովի եւ համայնքային վարչային դէմքերէն ստացած լիազօրութեամբ ցուպ ի ձեռին այցելած էր Եւրոպական ոստաններ եւ ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններով յանուն համայնքի զօրակցութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս։Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։ Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։ Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց։Այս դառն կորուստին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ 9 Մարտ 2019 թուակիր արտակարգ նիստին պիտի քննարկուին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի հետ առնչուած պարագաները։Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը այս առթիւ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Պատրիարքարանի մէջ ամէն օր ժամը 10.00էն մինչեւ 16.00։TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİĞİ MESROB II HAZRETLERİ VEFAT ETTİTürkiye Ermenileri’nin 84ncü Patriği Mesrob II Hazretleri 8 Mart 2019, Cuma, saat 12.15’te sekiz yıldır tedavi gördüğü Yedikule Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi’nde vefat etti. On yılı aşkın bir süredir iş göremez durumda bulunan Sayın Patriğin vefatı cemaati ve sevenlerini yasa boğdu.
|
/h4>
Jamanak
ՎԱԽՃԱՆ
Խոր ցաւով եւ սրտի ճմլումով կը հաղորդենք, որ այսօր կէսօրուան ժամերուն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է եւ խոր ցաւ պատճառած է ամբողջ հայաշխարհէ, մանաւանդ պոլսահայ համայնքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը 1998 թուականին բարձրացած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ դժբախտաբար իր գահակալութեան շրջանը բաւական կարճ եղած էր անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով։ Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կապակցութեամբ անմիջապէս կապ հաստատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ եւ տեղեակ պահած՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ այս իրադարձութեան կապակցութեամբ շարժման անցած է, որպէսզի Նորին Ամենապատուութեան վախճանման զուգահեռ անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւնները կատարուին անթերիօրէն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը անակնկալ սրտի տագնապ մը ունեցած է եւ այդ պատճառով կանգ առած է իր սիրտը եւ վախճանն ալ այդպէսով վրայ հասած է դժբախտաբար։
Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդենք յաջորդիւ։
Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019