No comments yet

ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԺԱՄԱՆԵՑ

NOR MARMARA.

…,,,

 May be an image of 7 people, suitcase and text

ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԺԱՄԱՆԵՑ
Նիսի «ԱԶԱԹ» (Ազնիւ Զարեհ Արշակեան Թատրոն) թատրոնի հիմնադիր, թատրոնի նուիրեալ Պէրթա Կիւվէն յառաջիկայ շաբաթ Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» խաղի ներկայացումով։
Ինչպէս արդէն գրած էինք, Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ է որ կը սարքուի ձեռնարկը եւ կը նուիրուի Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակին։
Պէրթա Կիւվէն երէկ առտուան ժամերուն Իսթանպուլ ժամանեց եւ Սանուց Միութեան անունով դիմաւորուեցաւ Ատենապետ Արսէն Գովանի կողմէ։ Միութիւնը յարկաբաժին մը վարձած է Տիկին Պէրթայի համար։ Այս շաբթուայ ընթացքին Պէրթա Կիւվէն եւ իր բեմընկերները փորձեր պիտի կատարեն Մխիթարեան վարժարանի դահլիճին մէջ, պատրաստուելով յաջորդ շաբթուայ երեք ներկայացումներուն։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
May be an image of 1 person and smiling
ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ
Բեմադրիչ ու դերասանուհի Պէրթա Կիւվէն երէկ փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Մարմարա-ի խմբագրատուն ու հաճելի զրոյց մը ունեցաւ մեր հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի ու վարչական տնօրէն Այգ Հատտէճեանի հետ։
Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի Իսթանպուլ եւ կը բեմադրէ ու կը խաղայ մեր աւագ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի սրտախօսիկ մենախաղը՝ «Մահը Այս Է Արդեօք»ը, աջակցութեամբ ու գործակցութեամբ Մխիթարեան Սանուց Միութեան։ Այս իրիկուն ալ անգամ մը եւս բեմ պիտի բարձրանայ Սահակեան վարժարանի մէջ ու պիտի բեմադրէ խաղը՝ Սամաթիաբնակ մեր ազգայիններուն համար։
Զրոյցի ընթացքին ան պատմեց թէ որքա՜ն ուրախ եւ հպարտ է Պոլսոյ մէջ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած տաքուկ ու մտերմիկ ընդունելութեան համար։ Դարձեալ իր երախտիքը յայտնեց մեր խմբագրապետին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թերթիս խմբագրութեան, որ միշտ նեցուկ կանգնեցաւ իրէն։ Մտերմիկ խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ Նիսի մէջ իր գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներու մասին։ Պէրթա դիտել տուաւ որ շատ կը փափաքի բեմադրել Ռ. Հատտէճեանի ուրիշ մէկ թատերախաղը եւս։ Նշեց որ Երկուշաբթի պիտի բաժնուի Իսթանպուլէն, անմոռանալի յիշատակներ ամբարելով սրտին ու մտքին մէջ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի Պէրթային։
————————————

 Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ՄԱՀԸ Ա՞ՅՍ Է ԱՐԴԵՕՔ»Ի ՎԵՐՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԷՐ


Մեր Աւագ Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» Իսթանպուլեան ներկայացումներու շարքի վերջին վայրը Սամաթիան էր։ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Լիանա Պէնլիի նախաձեռնութեամբ ու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի հետ համագործակցութեամբ, առիթ ստեղծուեցաւ որ այս ներկայացումը բեմ ելլէ նաեւ Սամաթիոյ մէջ։
Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը խաղը ձօնած է վարժարանի 200ամեակին եւ այդ նպատակին համար է որ քաղաքս հրաւիրած է Նիսէն դերասանուհի եւ բեմադրիչ Պէրթա Կիւվէնը։
Երէկ վերջին ներկայացումն էր։ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ Հրաչեայ Աճառեան սրահի «Սմբատ Պչաքճը» բեմին վրայ էր խաղը եւ դահլիճին մէջ ազատ աթոռ չկար։ Հայերէնով թատրոն դիտելը տարբեր հաճոյք էր ներկաներուն համար։ Հայր Սուրբին հետ միասին, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները Ալին Եիւճէլ եւ Տիանա Եըլանճըօղլու, ուսուցիչներ եւ հայերէնով թատրոնի սիրահարներ նոյն յարկի տակ էին, նոյն զգացումները ապրելու համար։
Բացման խօսքը արտասանեց Լիանա Պէնլի։ Ան յիշեցուց որ մենախաղը գրի առնուած է Մարմարա-ի բազմամեայ խմբագրապետ եւ արժէքաւոր գրագէտ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ, լուսարձակի տակ առնելով վերջին տարիներու ամենացաւոտ հարցերէն մէկը՝ պանդխտութիւն եւ սպասում։ Ան Արսէն Գովանի անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան, Տիկին Պէրթա Կիւվէնին, ընդգծելով որ Իսթանպուլեան ներկայացումները անմոռանալի եղան թատերասէրներուն համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր դերակատարներուն որոնք չմերժեցին իրենց հրաւէրը եւ այսօր իրենց համար բեմ կ’ելլեն պատմական Սամաթիոյ թաղին մէջ։
Քանիցս գրած ենք ներկայացման մասին։ Երէկ եւս Տիկին Պէրթա ու բեմընկերները յաջողեցան պանդխտութեան եւ կարօտի «խօսք»ը հասցնել ներկաներուն։
Ներկայացումը վերջացաւ գնահատանքի ծափերով։ Հայր Սուրբի ձեռամբ Ս. Գէորգ զօրավարի դիմանկարով յուշանուէրներ յանձնուեցան Պէրթա Կիւվէնին ու Արսէն Գովանին, նաեւ դերասաններուն՝ իրենց անուններու սկզբնատառերով մանեակի զարդեր։
Հայր Սուրբը իր հուսկ բանքին մէջ ընդգծեց առանձնութեան իրականութիւնը, ըսաւ որ բազմաթիւ մայրեր այդ զգացումով կը տառապին պանդուխտ զաւակներ ունենալով օտար երկնքի տակ։ Ուրախութիւն յայտնեց որ այսօր՝ 31 Հոկտեմբերին, ա՛յս խաղով վերջակէտ կը դրուի Հայ Մշակոյթի ամսուան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան եւ բոլոր դերասաններուն։

ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐ ՄԵԾ ՀԱՃՈՅՔՈՎ ԴԻՏԵՑԻՆ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ՄԱՀԸ Ա՞ՅՍ Է ԱՐԴԵՕՔ» ՄԵՆԱԽԱՂԸ
Նիսի «Ա.Զ.Ա.Թ» թատերախումբի հիմնադիր, սիրուած դերասանուհի Պէրթա Կիւվէն կը շարունակէ Իսթանպուլահայ մշակութասէրներուն ներկայացնել մեր Խմբագրապետի «Մահը ա՞յս է արդեօք» թատերախաղ-մենախաղը։
Ծանօթ է որ Պէրթա Կիւվէն Իսթանպուլ ժամանած է Մխիթարեան Սանուց Միութեան հրաւէրով։ Մխիթարեանցիներ իրենց երիցագոյն սաներէն Ռ. Հատտէճեանի այս մենախաղը ձօնած են վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակին ու այս օրերուն ոգեւորութիւն կ’ապրին խաղի բերած յաջողութեան շնորհիւ։
Շիշլիի ու Պաքըրգիւղի ներկայացումներէն ետք, երէկ ասիական ափէն մշակութասէր բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Արամեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ ու առիթն ունեցաւ դիտելու խաղը։ Այս անգամուան ներկայացումը տարբեր խորհուրդ մը ունէր։ Պէրթա Կիւվէն նախկին Արամեանցի է եւ հիմա ահաւասիկ իր հարազատ յարկին տակ բեմ կ’ելլէր։
Թատերասէրներ մեծ ուշադրութեամբ դիտեցին Պէրթայի եւ իր բեմընկերներուն խաղարկութիւնը, յուզուեցան, որովհետեւ, ի՜նչ մեղք որ այժմեան իրականութեան մէջ գրեթէ չկայ ընտանիք մը, որ պանդուխտ մը չունենայ օտար ափերուն վրայ։
Ներկայացման աւարտին թատերախումբի անդամները յոտնկայս ծափահարուեցան։ Արամեան Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու խօսք առաւ եւ նախ առողջութիւն մաղթեց Ռոպէր Հատտէճեանին, ըսաւ որ անոր ստեղծագործական միտքին կը պարտինք այս գիշերուան ներկայացումը։ Ողջունեց Հատտէճեան ընտանիքէն անդամներու, նաեւ Արտաւազդ Պէզիրճեանի ներկայութիւնը։ Ինչպէս պէտք է յիշուի Պէրթա Կիւվէն խաղացած է նաեւ Պէզիրճեանի «Ղուկասին կինը» թատերախաղին մէջ։
Ի յիշատակ այս գիշերուայ, Պէրթա Կիւվէնին ու Մխիթարեան Սանուց Միութեան Ատենապետ Արսէն Գովանին յանձնուեցան «Կենաց ծառ» աշխատանոցի անդամներուն կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ, միւս դերակատարներուն եւս փոքրիկ յիշատակներ։
Կը շնորհաւորենք դերասաններն ու կազմակերպիչները։
 
 
 

«ՄԱՀԸ Ա՞ՅՍ Է ԱՐԴԵՕՔ» ՄԵՆԱԽԱՂԸ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ
Մեր խմբագրապետի «Մահը ա՞յս է արդեօք» մենախաղը, որ ձօնուած է Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակին եւ կը ներկայացուի Մխիթարեան Սանուց Միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ բեմադրուեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճի բեմին վրայ։
Մշակութասէրներ բերնէ բերան լեցուցած էին սրահը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը՝ Թաղային Խորհուրդ, Սանուց Միութիւն եւ այլ աջակիցներ, շատ լաւ պատրաստուած էին այս ձեռնարկին։
Բացման խօսքը արտասանեց ուսուցչուհիներէն Հերմինէ Չընար, որ անդրադարձաւ Մխիթարեան վարժարանի յոբելեանին եւ գնահատանքի խօսքեր հնչեցուց Մխիթարեան Սանուց Միութեան եւ «ԱԶԱԹ» թատերախումբի հասցէին։
Պէրթա Կիւվէնի եւ բեմընկերներու խաղարկութիւնը մեծապէս տպաւորեց ներկաները, որոնք մեր մայրենիով թատրոն մը դիտելու հաճոյքն ու գոհունակութիւնը ապրեցան։
Աւարտին, ի յիշատակ այս օրուան փոքրիկ յուշանուէրներ յանձնուեցան Մխիթարեան Սանուց Միութեան Ատենապետին եւ բոլոր դերակատարներուն։
Սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը եւ ներկաները առիթն ունեցան անձամբ շնորհաւորելու դերասանուհի Պէրթան, իր խաղընկերներն ու Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութիւնը։
Յիշեցնենք որ խաղը Երկուշաբթի պիտի ներկայացուի Արամեան Սանուց Միութեան բեմին վրայ։ Բացի ատկէ չորրորդ ներկայացում մը եւս ծրագրուեցաւ։ Սահակեանցիներու խնդրանքով մենախաղը յառաջիկայ Հինգշաբթի պիտի բեմադրուի «Սմբատ Պչաքճը» սրահին մէջ։

 



All reactionr
Մխիթարեան Սանուց Միութեան ծափահարելի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ
ՊԷՐԹԱ ԿԻՒՎԷՆ ԴԵՐԱՍԱՆԱԿԱՆ ԻՐ ՎԱՐՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱՅԼԵՑԱՒ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ «ՄԱՀԸ Ա՞ՅՍ Է ԱՐԴԵՕՔ» ՄԵՆԱԽԱՂԻ ՇՆՈՐՀԻՒ
Արդեօք վերջին անգամ ե՞րբ էր որ հայերէնով թատրոն մը դիտած էինք մեր բեմերուն վրայ։ Բաւական երկար պրպտեցինք «Մարմարա»ի լուսանկարչական արխիւները, մի առ մի բանալով «թատրոն» անունով «ֆայլ»երը եւ փորձելով յիշել թէ վերջին անգամ ո՞վ կամ ովքե՞ր բեմ ելած էին հայկական բեմադրութեամբ։ Մինչեւ վերջին 20-25 տարուայ «պրպտումները» տարին հասցուցին «Լեպլեպիճի Խորխոր աղա» երաժշտախաղ-ներկայացումը՝ Էսաեան Սանուց Միութեան վրայ եւ որպէս լուրջ բեմադրութիւն, այլ ո՛չ թէ զաւեշտի սեռէն թատերախաղ մը, դարձեա՛լ «Մահը ա՞յս է արդեօք» մենախաղը՝ այն ատեն Սօսի Ճնտոյեանի դերակատարութեամբ։
Ուրեմն գրեթէ երկու տասնամեակ յետոյ, մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի հանրայայտ ներկայացումը անգամ մը եւս կը ժամադրէր թատերասէրները, հայերէնով թատրոն մը դիտելու մոռցուած «մշակոյթ»ի մասին կը յիշեցնէր անոնց, զանոնք կը ժամադրէր նոյն սրահին մէջ ու կ’ապրեցնէր մենախաղի մը միջոցաւ առաւելագոյնը փոխանցելու հոյակապ դաս մը։
Ճիշդն ըսելու համար քիչ մը վերապահութեամբ գացինք «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնի սրահ։ Հայերէնի նկատմամբ ընդհանուր անտարբերութեան ծանր ցաւին տակ կքած, օրերէ ի վեր կը վախնայինք նոյնիսկ կազմակերպիչներուն հարցնելու թէ ինչպէ՞ս կ’ընթանար տոմսակներու վաճառքը, հրաւիրատոմսերը բոլորը հասա՞ծ էին իրենց հասցէատէրերո՞ւն թէ պակասներ կային, բայց այդ բոլոր մտավախութիւնները,-ի ուրախութիւն մեզ,- յօդս ցնդեցան. Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութիւնը՝ Ատենապետ Արսէն Գովանի գլխաւորութեամբ, գնահատելի գործ մը տեսաւ, երկար ամիսներու կազմակերպչական աշխատութիւնները յաջողութեամբ պսակուեցան, ԱՐԺԱՆԻ՛Ն մատուցուցելով 200ամեայ Մխիթարեան վարժարանի երիցագոյն շրջանաւարտ, վարժարանի պանծալի անուններէն մեր ՆԱՀԱՊԵՏին, մեր անփոխարինելի Խմբագրապետին։
Մարմարա-ի ընտանիքի շնորհակալութեան խօսքերը այսօր հասցէագրուած են Մխիթարեան Սանուց Միութեան, մենախաղի բեմադրիչ եւ դերակատար, Ա.Զ.Ա.Թ (Ազատուհի Զարեհ Արշակ թատերախումբ) թատրոնի հիմնադիր Պէրթա Կիւվէնի, բեմին վրայ իրեն ընկերացող թատրոնի նուիրեալներուն, բոլոր աջակիցներուն եւ ի վերջոյ՝ պատուոյ հիւրերուն, երէկ սրահը լեցնող թատերասէր, յատկապէս ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆը ապրեցնելու հետամուտ հասարակութեան, որ ցոյց տուաւ մայրենիի նկատմամբ իր անսասան ուխտը։
***
«Մահը ա՞յս է արդեօք»…։ Ռ. Հատտէճեանի խոհափիլիսոփայական մտածումներու արդիւնք այս մենախաղը քանի մը անգամ բեմադրուած է յայտնի դերասանուհիներու՝ Անի Իփփէքքայայի, Սօսի Ճնտոյեանի ու Սիրարփի Աճէմեանի կողմէ։ 2024ի տարեսկզբին ծնունդով պոլսահայուհի, Նիսաբնակ թատրոնի նուիրեալ, «Ա.Զ.Ա.Թ»ի հիմնադիր Պէրթա Կիւվէն որոշեց ի՛ր խաղը բեմադրել ու ներկայանալ Նիսի թատերասէրներուն։ Թատերախաղի յաջողութիւնը ոգեշնչեց թէ՛ զինքը եւ թէ այստեղէն շրջանակներ։ Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի նախկին անդամուհիներէն Սոնա Մօրպոյաճը դարձաւ «կապող օղակ»ը եւ իրարու հետ ժամադրեց Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութիւնն ու Պէրթա Կիւվէնը։ Գործակցութիւնը սկսաւ Յունիսին եւ ահաւասիկ չորս ամիս յետոյ «Մահը ա՞յս է արդեօք»ի հետ երէկ գիշեր հարիւրաւորներու հետ միասին ժամադրուեցանք «Ճեմիլ Ճանտաշ» սրահին մէջ, որ Շիշլիի քաղաքապետական Խորհուրդի անդամուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի միջնորդութեամբ սիրայօժար կերպով տրամադրուած էր թատերախաղին համար։
Հարազատութեան անկեղծ ուրախութեամբ ողջունեցինք ամէն մէկու ներկայութիւնը, ոգեւորուեցանք տեսնելով որ աթոռները գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էին, հո՛ն էին համայնքային կեանքի թանկագին «կորիզ»ի այն ներկայացուցիչները, որոնք անվերապահ գնահատանքով կը մօտենան հայերէնով որեւէ ձեռնարկի, կը քաջալերեն այդ նախաձեռնութիւնները, կը յամենան հայերէնի շունչով, կը զգան մայրենիի քաղցրութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, վեղարաւոր այլ հայրեր եւ Քահանաներ, Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի ամբողջ ընտանիքը՝ Ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքի գլխաւորութեամբ, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ հայերէնով ներկայացուած կամ մեր մայրենիին ծառայող որեւէ ձեռնարկի, համայնքէն յարգարժան գործիչներ եւ մշակութասէրներու մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆի համար։
Բեմին երկու անկիւնները կը զարդարէին ծաղկեկողովներ՝ ուղարկուած Մատակարար Մարմնի եւ Շիշլիի Քաղաքապետ Ռեսիւլ Էմրահ Շահանի անունով։
Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան անդամուհիներէն Լինա Չաւտար, ընդգծելով որ կը փորձեն վերակենդանացնել հայկական թատրոնի հարուստ աւանդութիւնները, նաեւ այս ներկայացումը կը ձօնեն Մխիթարեան վարժարանի 200ամեակին։
Յետոյ…։ Յետոյ վարագոյրը բացուեցաւ մեզ գլուխ գլխի թողլով հայ իրականութեան ամենացաւոտ ու բաց վէրքի՝ գաղթի, լաւ օրերու կամ լաւ ապագայի ակնկալութեամբ պանդխտութեան կոտտացող ցաւի, անդառնալի կարօտի, տարիներու բեռան տակ ամբարուած յիշատակներու, մայր-զաւակ քաղցր կապի փրթումի եւ բաժանումի որպէս հետեւանք՝ ուծացման ախտին հետ։
Արդեօք զո՞վ կամ որո՞ւ ընտանիքը որպէս «տիպար» առած էր մեր խմբագրապետը կամ ի՞նչ դէպք է որ զինք մղած էր գրելու այս մենախաղը, այսքան ցայտուն, այսքան անթաքոյց, այսքան անմիջական վերլուծութիւններով, մօր կերպարի ներկայացումով։
Դերասանուհի Պէրթա Կիւվէն ահաւասիկ ա՛յդ հայ մայրն էր, հայ մօր հաւաքական կերպարն էր «Տիկին Արաքսի»ի իր դերով, զոհաբեր այն մայրը, որ իր կեանքը «կառուցած էր» զաւակը հասցնելու, իր ձագուկին լաւ օրերը տեսնելու եւ ապրելու քաղցր պատրաստակամութեամբ։
Անսեթեւեթ խաղարկութիւնը, հայերէնի սահուն առոգանութիւնը, բեմին վայելելու, բեմը ի՛րմով լեցնելու վարպետութիւնը, հայերէն խօսքը հանդիսատեսին հասցնելու հաճոյքը տիրապետող էին ամէն դրուագին մէջ։ Կարծես պոլսահայ ընտանիքի մը յարկին տակ հիւրընկալուած էինք ու ակամայ դարձած «վկաներ»ը՝ նախ դէպքերու ուրախառիթ, յետոյ տխուր գնացքին։ Մօր մը լաւատեսութիւնը, յոյսերը, սպասումը, բաժանման անդառնալի կսկիծը, առանձնութիւնը, հիասթափութիւնը, իրականութեան հետ առերեսուելու ծանր պահերը. այս բոլոր զգայական վիճակներ էին, որոնք շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ խաղի ընթացքին կը խտանային դերասանուհիի դէմքին վրայ ու խաղարկութեան մէջ։
Նորարարութիւններ կային խաղի աւանդական գնացքին մէջ։ Բեմը լեցնելու, որեւէ պարապ վայրկեան կամ տեղ չձգելու համար անխօս խաղընկերներ ունէր։ Ամուսնոյն՝ Տելեմակի (դերասան Մուրատ Ճաւաք) երեւումը, անոր հետ յիշատակներու «կենդանացում»ը, սիրային զեղումներու արտայայտութիւնները կ’ամբողջացնէին ընտանիքի հին օրերու կատարեալ վիճակը, որդւոյն Արթիւրի (դերասան Արփէն Չինար), իր պահապան հրեշտակի (Տիանա Չիլինգարեան) պարբերաբար երեւումները, լուռ «զրոյց»ները, եւ ի վերջոյ՝ երաժշտութիւնը (դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու) յատկապէս ընտրուած մեղեդիները կը միահիւսուէին խօսքի ու դերասանական խաղի հետ, տպաւորիչ բազում վայրկեաններ ապրեցնելով ներկաներուն։
Մնացինք մենախաղի տպաւորութեան տակ։ Թէեւ ներկայացումը վերջացած էր, բայց կարծես կիսատ մնացած բան մը կար, կա՛մ իսկապէս վերջակէտ մը՝ «Մահը ա՞յս է արդեօք» արտայայտութեամբ, կա՛մ սպասում մը, որ որդին ի վերջոյ օր մը պիտի գար մօր մօտ, որ Տիկին Արաքսիի սրտամօտ երկու ընկերուհիները՝ մէկը (Անժելը) իր անկեղծութեամբ եւ սիրտ տալով, միւսը (Պերճուհին) թէեւ խայթող, բայց ճշմարտախօս պիտի տեսնէին որ զաւակը չէր մոռցած մայրը ու չէր յանձնուած ուծացման ծովու ալիքներուն։
Երկար ու երկար ծափահարեցինք Տիկին Պէրթա Կիւվէնն ու իր բեմընկերները՝ Մուրատ Ճաւաքը, Արփէն Չինարը, Տիանա Չիլինգարեանը եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն։ Թատերախաղի մասին ներկաներուն հետ իրենց տպաւորութիւնները բաժնեցին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ու Ամեն. Տ. Պատրիարք Հայրը (այս մասին կարդալ անջատաբար), վարչութեան անունով եւ Հոգեւոր Առաջնորդներու ձեռամբ արծաթեայ յուշապնակ մը յանձնուեցան Տիկին Պէրթային, եւ յուշատախտակներ՝ բեմընկերներուն։
Մե՛նք ալ խօսք մը ունէինք փոխանցելիք, մեր Խմբագրապետէն ուղերձ մը ունէինք եւ ատիկա հրապարակաւ ընելու առիթը չունեցանք. գոհացանք յատկապէս դերասանուհիին փոխանցելով։
Խմբանկարները, շնորհաւորութեան ու շնորհակալութեան զրոյցները աւարտին բերին անմոռանալի գիշերը։
ՄԱՐՄԱՐԱ

1

Post a comment