Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակ
ՊՈԼՍ, «Էրմենի Հապեր».- .- Թուրքիոյխորհրդարանական ընդդիմութեան մաս կազմող քրտամէտԺողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շիշլիշրջանի կառոյցը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան101րդ տարելիցի յիշատակման միջոցառում:
Նստացոյցը ընթացած է «Առանց առերեսմանցեղասպանութիւնները վերջ չեն գտներ» խորագիրով:Մասնակցիները բռնած են 1915ին սպաննուած հայմտաւորականներու լուսանկարները:
Ապա տեղի ունեցած է մոմավառութիւն և կարմիր մեխակներովոգեկոչուած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
HDP-ի ներկայացուցիչ Մահմուտ Չավլըն կուսակցութեանանունով յայտարարութիւն ընթերցած է:
«Հայերուն տեղահանութիւն անուան տակ տարած են սպանդի:Ցեղասպանութիւնը վերջ չէ գտած: Հրանդ Տինքի, Սևակ Շահինի,Մարիցա Քիւչուքի սպանութիւնները ցեղասպանութեանշարունակութիւնն են», ըսած է Մահմուտ Չավլըն:
Ձեռնարկին մասնակցած են բազմաթիւ հայեր