ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԵՐԳՉՈՒՀԻ՝
ՍԻՊԻԼ
ԳԵՐԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս
Լոս Անճէլըսի «Ուիլշիր Իպէլ» ընդարձակ թատերասրահը 90 տոկոսով լեցուն էր որակաւոր հայ եւ ոչ-հայ արուեստասէրներով՝ Կիրակի Հոկտեմբեր 22, 2017ի երեկոյեան, լսելու համար Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը եւ հայազգի Անտրէն՝ աշխարհահռչակ զոյգը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգային Մշակութային Միութեան եւ Պոլսահայ Միութեան միացեալ ճիգերով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Պոլսահայ Միութեան անդամ եւ Համերգի յանձնախումբի ատենապետ՝ Նուրհան Իշխանեան եւ նոյն յանձնախումբի անդամուհի եւ Համազգային Մշակութային Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Վիլմա Գույումճեան, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն իւրայատուկ համերգին ներկայացման համար նշելով հայ գրականութեան ծնունդ առած ըլլալը Պոլսէն, որով Սիպիլ եւ Անտրէ կը ներակայացնեն բանաստեղծական շունչով գրուած երգեր:
Պոլսահայ երաժշտասէրներուն կողմէ անհամբերութեամբ սպասուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Սրահը լեցուն էր ամբողջութեամբ եւ ստեղծուած էր ջերմեռանդ մթնոլորտ։ Սիպիլ ընտրած էր ճոխ երգացանկ մը եւ ծրագրին գործադրութիւնը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Ան իր զուլալ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ այսպէսով ինքնաբերաբար վերահաստատեց նաեւ պոլսահայ եւ եւ ոչ պոլսահայ համայնքներուն կողմէ բաժնուած արժէքները։
Համերգը տպաւորիչ ձեւով սկսաւ իր թեմայով եւ կատարողական բարձր արուեստով եւ որ անկրկնելի նուէր մըն էր հայ երաժշտասէր հանրութեան համար:
Երազային էր պահը իրապէս տեսնել բեմին Պոլսահայ երգչուհի ՍԻՊԻԼի տարողութեամբ արուեստագիտուհիին ներկայութիւնը: Կրկնապատիկ վայելք էր նաեւ Անտրէի ընկերակցութիւնը անոր հետ: Յայտագիրը կը յորդէր անոնց լայնածիր եւ համաշխարհային, առանձին թէ միատեղ, համերգներու շլացուցիչ ցանկով: Համերգին յայտագիրը կազմուած էր մեծ մասամբ հայկական եւ մի քանի անգլերէն ժողովրդամերձ երգացանկով, նպատակ ունենալով ուրախ պահեր շնորհել ներկաներուն:
Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ կարգով.
Համերգի առաջին մասով ելոյթ ունեցաւ Սիպիլ, ընկերակցութեամբ Ալեքս Փիլիպոս Վարժարանի Երգչախումբին «Աւետեաց Երկիր» երգով ։
Սիպիլ յայտնեց թէ շատ մեծ յոյսով սպասած էր այս օրին, շեշտելով թէ աշխարհի չորս կողմը տարածուած ըլլալով, մեր երաժշտութեամբ եւ երգերով մեր սրտերը մէկ են:
Սիպիլ իր հրեշտակային ձայնով ու զգայացունց մեկնաբանութեամբ դիւթեց ներկաները, անոնց հրամցնելով դասական ու ժողովրդական երգերու, ինչպէս նաեւ յատուկ իրեն համար յօրինուած երգացանկ մը: «Նամակ»ը (խօսք Հ. Շիրազի, երաժշտութիւնը` մաժակ Թօշիկեանի), «Տարիներ, տարիներ», «Կարմիր Ծաղիկ» զուգերգ Անտրէի հետ, «Եարխուշտա» մեներգ ԱՆտրէի որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, ապա Համազգային եւ Լիլիա Մարգարեան Պարախումբը որ իսկապէս մշակոյթի ճամբով դեսպանի առաքելութիւն կը կատարէ, հմայեց հանդիսատեսները արժանանալով անոնց չլռող ծափահարութիւններուն: Ապա դարձեալ բեմ բարձրացաւ Սիպիլ եւ մեներգեց «Ատանայի ողբը», «Կիլիկիա»ն, եւ ժողովուրդին ջերմ փափաքին վրայ կրկնեց “Time To Say Goodbye”ը:
Անտրէն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսատեսներուն եւ լուսաւոր հոգի ունեցող իր գործընկերուհի՝ Սիպիլին:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագրի երկրորդ բաժնով դաշնակի վրայ (Վահան Բզնունի) թաւջութակի վրայ(Արտիոմ Մանուկեան) եւ կիթառով՝ (Արագաս Արամեան), ներկայացուեցաւ «Վանայ լճին»: Ապա Սիպիլ ներկայացուց «Բարի Արագիլ»ը, գեղեցիկ կատարում մըն էր «Սէր» եւ «Ով սիրուն սիրուն» զուգերգը Անտրէի հետ, երգչախումբը ներկայացուց “Once upon a December” եւ ոգեւորիչ ու գօտեպնդող էին «Ազգ փառապանծ» եւ «Մեր լեզուն» եւ «Գետաշէն», երգերը պարախումբի ընկերակցութեամբ:
Սիպիլին եւ Անտրէի կտրած ճանապարհը երաժշտարուեստի բնագաւառէն ներս, զգլխիչ է։
Սոյն համերգը ամբողջ երկու ժամ գրաւեց հանդիսատեսները, որուն ընթացքին դաշնակահարը ունկնդիրներուն դաշնակի վրայ ցուցադրեց իր շշմեցուցիչ ճարտարութիւնը, սրընթաց թաւալումները կամ կայծակնային ու հրաժայթք արտայայտապաշտութիւնը:
Երգիչները, պարախումբն ու երգչախումբը կրցան իրենց համերգներուն ընդմէջէն վերականգնել հայ ժողովուրդին դարաւոր պատմութիւնը, որ վերածուեցաւ ներշնչման աղբիւրի մը եւ երգի, նուագի ու պարի ամբողջական ներկայացումի: Ներկայացում մը, որուն ընթացքին երգչախումբը, նուագախումբն ու պարախումբը հնչեցուցին հայ երգի այնպիսի փունջեր, որոնք ամէնէն աւելի կը խօսին ժողովուրդին սրտին: Հոն հնչեցին թովիչ ձայներ, մատուցուեցան գեղեցիկ պարեր, երկու ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին հանդիսատեսը ըմբոշխնեց հայկական ազգային, ժողովրդային եւ սիրային երգերու շարք մը եւ դիտեց պարային հոյակապ ներկայացումներ եւ պատգամ փոխանցող պարադրումներ:
Բոլորն ալ երաժշտութեան ճամբով դարձեալ հոգեկան անհուն վայելք տուին բոլորիս` ներկայացնելով հայ մշակոյթի գանձերը:
Ծափահարութիւնները երկար եւ ուժգին հնչեցին համերգի աւարտին, կարծես ոչ ոք կը փափաքէր հարազատ ու ջերմ մթնոլորտին հրաժեշտ տալ, որովհետեւ պոլսահայ իւրայատուկ ձայնը հպած եւ իր հետքը ձգած էր ներկաներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Իրապէս, Սիպիլ, իր բիւրեղային փայլուն ձայնով գերեց ներկաներուն հոգիները:
Շնորհակալութիւն բոլոր կատարողներուն, Խմբավարին, Երաժշտական Ղեկավարին, եւ բոլոր անոնց որոնք դժուարին աշխատանք տարին այդ երեկոյ, նաեւ Համազգային Մշակութային Միութեան, որ մասնակից դարձաւ Պոլսահայ Միութեան հետ սոյն գիշերը յաջողցնելու համար:
Հանդիսատեսները մեկնեցան իրենց հոգիներուն մէջ հաւատալով որ մեր մշակութային արժէքներն են, որոնք մեզ պահեցին ու պահպանեցին եւ մեզի տուին ինքնուրոյն գոյն, երանգ եւ դիմագիծ: