ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԵՏԻ ԶԻՎԷՐ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պետի Զիվէր։ Յառաջացած տարիքի մէջ, դժբախտաբար ան ունեցած է առողջական վերիվայրումներ, իսկ բոլորովին վերջերս անցուցած ուղեղի արիւնահոսութիւնը անշրջադարձելի հետեւանքներ ունեցած է իր տեսակէտէ։ Հակառակ բժիշկներու միջամտութիւններուն եւ հարազատներու խնամքին, կարելի չէ եղած Պետի Զիվէրի կեանքը փրկել։
Ինքնուրոյն նկարագրով, հաղորդական բնաւորութեամբ անձնաւորութիւն մըն էր Պետի Զիվէր, որ մեծ համակրանք կը վայելէր համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Բարեկամներուն կողմէ այնքան սիրուած եւ միշտ փնտռուած՝ գունաւոր անձնաւորութիւն մըն էր, որ միեւնոյն ժամանակ երկար տասնամեակներ կարեւոր ծառայութիւն բերած էր մեր համայնքին, մասնաւորաբար կրթական կալուածէն ներս։ Անգլերէնի դասախօս էր թէ՛ մեր վարժարաններուն մօտ եւ թէ համալսարանական մակարդակի վրայ։ «Պողազիչի» համալսարանին մօտ դասաւանդած էր երկար տարիներ եւ կը վայելէր հեղինակութիւն։ Սերունդներ հասցուցած էր Կեդրոնական եւ Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Երկար տարիներ եղած էր նաեւ Գարակէօզեան Տան հիմնադրի ներկայացուցիչը։ Վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած էր Թրքահայ ուսուցչաց միութեան մօտ։ 1990 թուականի պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ ընտրուած էր ազգային պատգամաւոր՝ Ֆէրիգիւղէն։
Ան կը ճանչցուէր նաեւ մեր մշակոյթին նկատմամբ տածած նախանձախնդրութեամբ ու սիրով։
Պետի Զիվէրի հրաժեշտը լուրջ կորուստ մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ եւ իր յիշատակը անթառամ կը մնայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր կողակցին՝ նոյնպէս արժէքաւոր կրթական մշակ Մերի Զիվէրի, որ եւս դժբախտաբար կը տառապի առողջական լուրջ խնդիրներէ։ Կը ցաւակցինք նաեւ իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի,Մխիթարեան եւ Կեդրոնական Յանձնախումբերու եւ իրենց Սաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր Յանձնախումբերուն եւ համայն անդամներուն անունով կըփոխանցենք մեր խորին ցաւակցութիւնները
Իր կողակցին՝ Մէրի Զիվէրի
Իր դուստրին՝ Տէր եւ Տիկին Արամ եւ Թիլլի Իշնար
On behalf of a grateful Organization of Istanbul Armenians; the Board of Trustees, the Executive Committee, Mekhitarian and Getronagan Alumni Committees and their Alumni and all the other committees and our entire membership we convey our heartfelt condolences
to
His widow Ms. Mary Ziver
His daughter Mr. & Mrs. Aram and Tilly Işnar