Comments are off for this post

Շնորհահանդէս՝ Յովսէփ Թոքաթի «Աւերակ Գղի» Հատորին

 

Շնորհահանդէս՝ Յովսէփ Թոքաթի «Աւերակ Գղի» Հատորին

 

0000TokatՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային եւ «Կեդրոնական»ի սանուց յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ Յովսէփ Թոքաթի «Աւերակ Գղի» հատորին շնորհահանդէսը։
Բացման խօսքը պիտի կատարէ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, իսկ հատորը պիտի ներկայացնէ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան։
Աւարտին, իր սրտի խօսքը պիտի փոխանցէ հատորի հեղինակը՝ Յովսէփ Թոքաթ։
Ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ուենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306) պիտի կատարուի հայերէնով։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին՝ (818) 800-1976 թիւով։

Comments are closed.