Comments are off for this post

Մանուկ Աւետիքեան Կը Ցանկագրէ «Շօա» Հիմնարկին Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Վկայութիւնները (ASBAREZ)

 

Մանուկ Աւետիքեան Կը Ցանկագրէ «Շօա» Հիմնարկին Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Վկայութիւնները

 

0000Manuk Avedikyan
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի dailytrojan.com կայքը կը տեղեկացնէ, թէ «Շօա» հիմնարկի տրամադրութեան տակ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու աւելի քան 400 վկայութիւնները սկսած են ցանկագրուելու Մանուկ Աւետիքեանի կողմէ։
Յիշեցնենք, որ աշխատանք կը տարուի հանգուցեալ դոկտ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի կողմէ վերապրածներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներուն թուայնացած տարբերակները մաս դարձնելու նոյն հիմնարկի «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին։
«Շօա» հիմնարկը այս վկայութիւնները պահպանելու եւ տարածելու համաձայնութիւն կնքած էր դոկտ. Յակոբեանի հաստատած Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին (Armenian Film Foundation) հետ:
«Հայկական ինքնութիւնը անխուսափելիօրէն կապուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հետ», նշած է Աւետիքեան, որուն նախնիները կրցած են փրկուիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ոճիրէն: «Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով շրջապատուած եղած եմ կեանքիս տարբեր բնագաւառներուն մէջ, սկսելով Ցեղասպանութիւնը վերապրած իմ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս պատումներէն, հասնելով իմ յաճախած հայկական դպրոցս, հայոց պատմութեան հետ առընչութիւնս՝ համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ հասակ նետած իմ ծնողներս», ըսած է Աւետիքեան:
«Վկայութիւնները խորք կու տան պատմութեան: Անոնցմէ շատերը ազդեցիկ են տարբեր ձեւերով. որոշ մասը՝ իր արտայայտչականութեամբ եւ եզակի պատմական մանրամասնութիւններով, իսկ միւսները՝ զգացականութեամբ եւ ծայրաստիճան տխուր պատմութիւններով», ընդգծած է Աւետիքեան եւ աւելցուցած, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը կը ներկայացնէ տարբեր տեսանկիւնէ:

Comments are closed.