Հարցազրոյց Համազգայինի «Անի» Պարախմբի Գեղարուեստական Ղեկավարներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի Եւ Եղիա Հաշօլեանի Հետ
October 14, 2015
ՍԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ 18ի ՀԱՄԵՐԳԻ ԱՌԹԻՒ
Վարեց՝ ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Սիրիահայութեանը օժանդակելու նպատակով Հոկտեմբերի 18ին հանգանակային համերգ է տեղի ունենալու Glendale High դպրոցի սրահում, ուր ելոյթ են ունենալու Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը եւ «Անի» պարախումբը: Այդ առիթով՝ «Անի» պարախմբի գեղարուեստական ղեկավարներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը ներկայացնում ենք ստորեւ.
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Թէեւ Համազգային «Անի» պարախմբի մասին շատ է խօսուել եւ գրուել անցնող տասնամեակներին, այնուամենայնիւ, պիտի խնդրէի որպէս սկիզբ, մի քանի խօսքով անդրադառնայիք ձեր մշակութային աշխատանքներին:
ԵՂԻԱ ՀԱՇՕԼԵԱՆ.- Պարախումբը իր աշխատանքները սկսած է 1974ի Մայիսին, երբ Սիւզին նոր եկած էր Ամերիկա, իսկ ես պարախումբի աշխատանքներէն երեք չորս ամիս առաջ արդէն հոս էի: Միանալով իրար սկսանք մեր աշխատանքները: Փաստօրէն 41 տարուան կեանք ունի պարախումբը եւ այս 41 տարիներուն ընթացքին չորս սերնդափոխութիւն տեղի ունեցած է, այնպէս որ այսօր պարախումբին չորրորդ սերունդն է, որ կը ներկայանայ մեր համայնքին: Պէտք է ըսել, որ կատարողական ամենաբարձր մակարդակի վրայ է այսօր «Անի» պարախումբը: Ամէն սերունդ առաւել եւս բարելաւում կ՛արձանագրէ պարախումբին համար, զոր կը համալրէ նոր, երիտասարդ եւ աշխոյժ երիտասարդներով: Չեմ կրնար յիշել, թէ պարախումբը քանի հարիւր համերգներ տուած է մինչեւ այսօր: Քալիֆորնիոյ բոլոր հայահոծ գաղութներէն զատ, ելոյթներ ունեցած ենք նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի, Արիզոնայի, Շիքակոյի, Լուիզիանայի մէջ, ուր չէինք կարծեր որ հայկական գաղութ ունինք, իսկ մեր ելոյթներուն եկած էին ամերիկահայեր շրջակայ քաղաքերէն՝ Մեմֆըս Թենեսընէն եւ Հիւսթըն Թեքսասէն: Ելոյթներ ունեցած ենք նաեւ Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ: Չորս ելոյթներ ունեցած ենք Հայաստանի մէջ: Մէկ անգամ Արցախ եղած ենք, ուր արժանացած ենք մեր հայրենի ժողովուրդին ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին:
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ պարգեւների եւ շքանշանների էք արժանացել ձեր քառասունամեայ ծառայութեան համար:
ՍԻՒԶԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ-ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ.- Ընդհանրապէս չենք ցանկար խօսիլ անձնապէս մեր մասին, բայց եւ այնպէս, քանի որ հարցուցիք՝ ըսեմ, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մշակութային նախարարութիւններու կողմէ պարգեւատրուած ենք, իսկ «Անի» պարախումբի գործունէութեան 40ամեակին առիթով ես ու Եղիան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ արժանացած ենք Մաշտոց շքանշանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ՝ Կոմիտաս շքանշանին: Մեզի համար անշուշտ, մեծագոյն պարգեւները եղած են մեր պարող-պարողուհիները, որոնք նուիրումով մեզի հետ գործակցած են անցեալ տարիներուն՝ մեր ունեցած երկու հարիւրէ աւելի համերգներուն ընթացքին: Հիմա հոգեկան բարձր բաւարարութեամբ կը հանդիպինք մեր նախկին անդամներուն, որոնք կը բոլորեն իրենց կեանքի 40-50 տարիքը եւ հպարտութեամբ կ՛արտայայտուին «Անի» պարախումբին մաս կազմած ըլլալնուն եւ մեր բեմերէն ելոյթներ ունենալնուն համար: Մեզ համար միշտ կարեւորը եղած է ոչ թէ պարախումբին թիւը, քանակը, այլ՝ որակը: Պիտի շեշտեմ, որ բծախնդրութեամբ կ՛ընտրենք եւ կ՛ընդունինք նոր անդամները, որոնք պարարուեստի մարզէն ներս անհրաժեշտ է ունենան փորձ եւ որոշ հմտութիւն:
ԵՂԻԱ ՀԱՇՕԼԵԱՆ.- Աւելցնեմ նաեւ, որ մենք ունինք շրջանաւարտներու այսպէս ըսած մեծ բանակ մը, որոնց հետ մշտական կապի մէջ ենք եւ մեր հանդէսներուն, խնճոյքներուն միշտ կը հրաւիրենք զիրենք, որպէսզի մեզի հետ միասին բաժնեն «Անի» պարախումբին մաս կազմած ըլլալու մեծ հաճոյքը: Իսկ պատահած է նաեւ, որ հայր ու որդի միասնաբար պարած են մեր ելոյթներուն ժամանակ: Այս ամէնը եղած է, որովհետեւ ազգային գործին հետ մէկտեղ, մենք սիրած ենք պարարուեստը եւ ուզած ենք զայն պահել ու պահպանել մեր գաղութին համար:
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Նկատի ունենալով, որ Հոկտեմբերի 18ին Համազգայինի «Անի» պարախումբը եւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը Glendale High դպրոցի համերգասրահում հանդէս են գալու հանգանակային համերգով՝ ի նպաստ սուրիահայութեան, պիտի խնդրեմ մի քանի խօսքով անդրադառնաք այդ համերգին ձեր մասնակցութեան եւ ունենալիք յայտագրի մասին:
ՍԻՒԶԻ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ-ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ.- Առաջին անգամ չէ, որ Համազգայինի գծով բարեգործական աշխատանք կը տանինք մեր գաղութին մէջ: Միշտ կամաւոր կերպով մասնակցած ենք բարեգործական միջոցառումներու առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան: Այդպէս ալ, երբ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբին ղեկավար Նորա Պայրամեան մօտեցաւ մեզի եւ ըսաւ, որ սուրիահայութեան օգնելու նպատակով հանգանակային համերգ մը կը նախաձեռնուի, անվերապահօրէն մեր պատրաստակամութիւնը յայտնեցինք այդ ձեռնարկին մեր մասնակցութիւնը բերելու:
ԵՂԻԱ ՀԱՇՕԼԵԱՆ.- Որպէս լիբանանահայ միշտ մօտ եղած ենք սուրիահայութեան եւ անձնապէս սուրիահայ շատ ընկերներ ու բարեկամներ ունիմ, բնականաբար աւելի զգացական կը մօտենամ այս հարցին եւ մեր ազգային պարտքը կը համարեմ ամբողջական նուիրումով աջակցելու Սուրիոյ տագնապահար մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հոկտեմբերի 18ի ձեռնարկին ունինք պարային յատուկ պատկեր մը, որուն ընդմէջէն խորհրդանշական իմաստով կը ներկայացնենք ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կրած տառապանքի ուղին: Ունինք նաեւ հպարտութեան եւ վերականգնումի իմաստով պատկեր մը, որովհետեւ մենք յոյս ունինք, որ իրավիճակը այսպէս պիտի չմնայ, եւ օր մը սուրիահայութեան կեանքը պիտի վերադառնայ իր բնական եւ երջանիկ հունին: Մեր յայտագիրին մէջ ունինք նաեւ ուրախ պարեր տղաներու եւ աղջիկներու կատարմամբ: Հոկտեմբերի 18ին կը ներկայացնենք մօտ 12 պարեր, որոնք ձեւաւորած ենք Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ, ինչպէս նաեւ ժողովրդական եւ ազգագրական այլ պարեր: Պիտի շեշտեմ, որ մեր ելոյթներուն հայ երգահաններու գործերը ներկայացնելը պայման է: Մեր փորձերու ժամանակ պարախումբի անդամներուն հետ յաճախ կը խօսինք եւ կը քննարկենք մեր պատմութեան հերոսական դրուագները, որպէսզի անոնք կարենան ոգեշնչուած կերպով կատարել մեր ազգային հայրենասիրական պարերը:
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Որպէս արուեստագէտներ, ինչպէ՞ս էք գնահատում սուրիահայութեան ի նպաստ մեր համայնքում գործադրուող ջանքերը:
ԵՂԻԱ ՀԱՇՕԼԵԱՆ.- Մեր բառապաշարին մէջ կայ շատ վտանգաւոր բառ մը եւ ատիկա «անտարբերութիւն» բառն է: Ոչ մէկ հայ կրնայ անտաբեր ըլլալ, ո՛չ միայն այսօր սուրիահայութեան, բայց ընդհանրապէս՝ իր ազգին հանդէպ: Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի օրերուն շատ երիտասարդներ գացին Սփիւռքէն իրենց եղբայրներուն հետ կողք-կողքի մարտնչելու: Մեր պարախումբի անդամներէն ալ Կարօ Քեհքիճեան կամաւոր կերպով Արցախ մեկնեցաւ եւ հոն զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի փրկութեան: Ան թաղուած է Եռաբլուրի մէջ եւ ամէն անգամ, որ պարախումբը հայրենիք կ՛այցելէ անպայման իր յարգանքի տուրքը կու տայ անոր գերեզմանին: Ըսել կ՛ուզեմ, որ մենք անտարբեր չենք կրնալ մնալ մեր ժողովուրդի տագնապներուն եւ տառապանքներուն հանդէպ: Մենք հայ ծնած ենք եւ ազգային պարտաւորութիւն ունինք մեր ազգին հանդէպ: Եթէ մեզմէ որեւէ մէկուն տաղանդ շնորհուած է, այդ տաղանդը մեր ժողովուրդէն մեզի եկած է եւ մեր պարտքն է, որ այդ տաղանդը գործադրենք ի փառս մեր ազգին: Այդ իմաստով ալ մեր պարախումբին շնորհուած տաղանդը մենք այսօր կը նուիրաբերենք ի նպաստ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: