No comments yet

ՀԱՆԳԻՍՏ – ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՔՃԵԱՆԻ

 

 

(NOR MARMARA)

ՀԱՆԳԻՍՏ

 

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՔՃԵԱՆԻ

Այս առտու խոր ցաւով վերահասու եղանք թէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ ի տէր հանգաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Սրբազանը, որ քանի մը ամիս առաջ Գերմանիայէն Իսթանպուլ տեղափոխուած էր եւ իր վերջին հանգրուանը գտած Ազգային Հիւանդանոցի մէջ, աչքի տեսողութեան խնդիրներ ունէր, նաեւ տարիքի բերմամբ այլ հիւանդութիւններ։ Պէքճեան Սրբազան իր հոգին աւանդեց 21 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, վաղ առաւօտուն։
Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ գրութեամբ տեղեկացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետին։
Սրբազան Հօր մարմինը ձեռամբ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի փոխադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց թուականի մասին պիտի հաղորդուի յետագային։
***
Վախճանեալ Սրբազան Հայրը Ծնած է 1942ին, Ստանպուլ։ Աւազանի անունով Տիգրան։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մէջ։
Ապա իր ուսումը շարունակած է, յաճախելով Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքը։
1963ին ձեռնադրուած է սարկաւագ՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Շնորհք Պատրիարքի, որ 1965-ին ձեռնադրած է կուսակրօն քահանայ վերակոչելով Գարեգին Աբեղայ։
Իսթանպուլի համալսարանի մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւած է եւ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Գերմանիա, աշակերտելով Պօննի եւ Պօխումի համալսարաններուն։
Մասնաւոր վարդապետութեան 4 աստիճանները ստացած է 1970-ին, ձեռամբ իր Հոգեւոր Ծնողին։ Իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները ստացած է 1992-ին Գերմանիոյ մէջ ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Բ Պատրիարքի։
Նոյն տարին Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Արքութեան պատիւը ստացած է 1998ին ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Որպէս հոգեւորական ունեցած է բեղուն ծառայութիւններ։ Ֆրանսայի մէջ ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ 1973-1976 թուականներուն, Մարսէյլի Ս. Կարապետ. Իսկ 1976-1994 տարիներուն նոյն քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցիներուն մէջ
1992-2018 տարիներուն եղած է Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ։ 2014-2019 անդամակցած է Գերագուն Հոգեւոր Խորհուրդի։ 2017-2019 տարիներուն գտնուած է Պոլիս, որպէս Պատրիարքական Տեղապահ։
Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը արժանացած էր Ս. Ներսես Շնորհալի շքանշանի՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։

 

 

(A G O S )

Başepiskopos Karekin Bekçiyan’ı kaybettik. Bekçiyan Sırpazan, Almanya’dan İstanbul’a gelmişti ve bir süredir Yedikule Surp Pırgiç Hastanesi’nde kalmaktaydı. Bekçiyan Sırpazan’ın cenazesine ilişkin ayrıntılar ilerleyen saatlerde Patrikhane tarafından paylaşılacak. Tüm Ermeni toplumunun başı sağolsun.

..

 

(Jamanak)

օծուած էր՝ ձեռամբ երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ 2014-2019 շրջանին անդամակցած էր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին։ Նոյնպէս, հոգելոյս Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Մօտաւոր անցեալին, կարճ շրջան մը եղած էր պատրիարքական տեղապահ։

Հանգստեան կոչուելէ վերջ Նորին Սրբազնութիւնը շարունակած էր մնալ Գերմանիոյ մէջ, սակայն, մօտաւոր անցեալին որոշած էր վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Իսթանպուլ, ուր հաստատուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։

Թէեւ հիւանդանոցի մէջ որեւէ խնամք չէր զլացուեր սրբազանէն եւ ան ընդհանուր առմամբ լաւ վիճակի մէջ էր, սակայն, յառաջացած տարիքը արդէն իր պարագան ամէն տեսակ անակնկալի բաց կը պահէր։ Դժբախտաբար, ան երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առած է եւ յառաջիկայ օրերուն Պատրիարքական Աթոռը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները պիտի ընէ՝ իր վերջին օծման, յուղարկաւորման եւ թաղման կարգերը կազմակերպելու համար։ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ նորոգ վախճանեալ սրբազան հօր անշունչ մարմինը փոխադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2024

 
 

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍ.Ի ՊԷՔՃԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան իր հոգին աւանդեց 21 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, վաղ առաւօտուն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ գրութեամբ տեղեկացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին։
Սրբազան Հօր մարմինը, ձեռամբ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի, փոխադրուած է Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի։ Օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց թուականի մասին կը հաղորդուի յետագային։
*
Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը ծնած է 1942ին, Ստանպուլ։ Աւազանի անունով Տիգրան։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանի մէջ։ Ապա ուսումը կը շարունակէ յաճախելով Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի մէջ: 1963ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Շնորհք Պատրիարքի, որ 1965ին կը ձեռնադրէ կուսակրօն քահանայ, վերակոչելով Գարեգին Աբեղայ։
Ստանպուլի համալսարանի մէջ բարձրագոյն ուսման կը հետեւի եւ կատարելագործելու համար կը մեկնի Գերմանիա, աշակերտելով Պօննի եւ Պօխումի համալսարաններուն մէջ։ Մասնաւոր վարդապետութեան 4 աստիճանները կը ստանայ 1970-ին ձեռամբ Հոգեւոր Ծնողին։ Իսկ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները կը ստանայ 1992ին Գերմանիոյ մէջ, ձեռամբ Երանաշնորհ Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի։ Նոյն տարին Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս։ Արքութեան պատիւը կը ստանայ 1998ին, ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Որպէս հոգեւորական ունեցած է բեղուն ծառայութիւններ։ Ֆրանսայի մէջ ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ 1973-1976 թուականներուն Մարսէյլի Ս. Կարապետ, իսկ 1976-1994 տարիներուն նոյն քաղաքի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցիներուն մէջ։
1992-2018 տարիներուն եղած է Գերմանիոյ Հայոց նորահաստատ թեմի առաջին առաջնորդը: 2014-2019 անդամաակցած է Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի։ 2017-2019 տարիներուն գտնուած է Պոլիս, որպէս Պատրիարքական Տեղապահ:
Հանգուցեալ Սրբազան Հայրը արժանացած էր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանի՝ ձեռամբ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։

..

 c

 

 
 

—  follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend 

\

….. … … …

Post a comment