ՀԱՅՈՑ ՄՕԼԻԷՐԸ , ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՀԱՆՃԱՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ 133-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ
Posted on May 23, 2024
Posted By: oiaCategories: Community News
ՀԱՅՈՑ ՄՕԼԻԷՐԸ , ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՀԱՆՃԱՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ 133-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ
Մայիսի 27-ին,պիտի լրանայ հայուն երգիծական հանճարը Յակոբ Պարոնեանի մահուան 133-րդ տարելիցը:
27 Մայիս 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած եւ հիւծախտի (Թոքախտ) հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակուեցան աչքերը մեծ հայուն. 48 տարեկանին վաղաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ հայկական երգիծանքի հիմնադիրը կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ:
Իր երգիծանքով՝ Պարոնեան ժամանակներէն վեր կանգնեցաւ եւ ճշմարտութիւններ արտայայտող իր գրականութեամբ, հայ մտքի հսկայ մը դարձաւ՝ եւ նաեւ ,մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարեց:
Հայ երգիծաբան,խմբագիր ու գրող Յակոբ Պարոնեան ծնած է 19 Մայիս 1843-ին Ատրիանուպոլիս(Էտրինէ) ,մահածաւ 27 Մայիս 1891-ին Իսթանպուլի մէջ:
Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ 1857-ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։
Ապրուստը հոգալու համար դեղագործի մը քով կ’աշխատի երկու տարի,ապա կը պաշտօնավարէ ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։
Ան, իր ինքնաիշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն մը։ 1863-ին կը գաղթէ Իսթանպուլ եւ կը դասաւանդէ Սկիւտարի ճեմարանի մէջ, աշակերտ ունենալով Պետրոս Դուրեանը ։ 1871-թուականին կ’սկսի ստանձնել զանազան հայ երգիծաթերթերու խմբագրութեան ու խմբագրապետութեան պաշտօնը: Երբ 1874 -ին կ’ստանձնէ «Մեղու» թերթի արտօնատէրի իրաւունքը , զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն» երգիծաթերթ անունով ։ Իբր արտօնատէր Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող, բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, ծաղրելով շրջապատի յոռի բարքերը։
Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի 1877-ին։
Պարոնեան կ’ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին։ Կ’ունենան երկու զաւակ, աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։
1879-ին կը սկսի աշխատակցիլ «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կ՛ստեղծեն, սակայն ,նիւթապէս գոհացուցիչ ձեւեվ չի վարձատրուելու պատճառաւ Պարոնեան կ’ստիպուի ,«Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել։
1884-ին կ’սկսի «Խիկար» ամսագիրը հրատարակել, հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւ 1888 թուական։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։
Պարոնեան,1888- 1890 թուականներու միչեւ Ղալաթիոյ Կեդրոնական Ազգային վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ’ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ’աշակերտէ յայտնի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը: Պարոնեան ,կը տառապի հիւծախտէ-Թոքախտ- եւ կը մահանայ 1891-ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։Մարմինը կ’ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը:
Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:
Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեղծագործ մը։ Տասնեակ հազարէ աւելի էջեր արտադրեց կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, յատկապէս 1871-1888 տարիներուն։
Իր բոլոր գրութիւնները մամուլի համար գրուեցան եւ լոյս տեսան լրագիրներու մէջ։ Թէեւ իր գործերէն ոմանք, իր իսկ կողմէ հրատարակուեցան առանձին հատորով: Պարոնեանի երկերու մեծամասնութիւնը գիրքերու մէջ ամփոփուեցան միայն իր մահէն ետք։ Իր գործերը կը կազմեն՝ “Մեծապատիւ Մուրացկանները” վէպը,”Քաղաքավարութեան Վնասները” պատմուածքներու շարքը, “Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ” եւ”Ազգային Ջոջեր” նկարագրական էջերը,«Մեղու», «Թատրոն» եւ «Խիկար» թերթերու մէջ ցրուած բազմաթիւ քրոնիկները, ինչպէս նաեւ ՝ “Ատամնաբոյժն Արեւելեան” եւ”Պաղտասար Աղբար” կատակերգութիւնները։
Պարոնեան ամէն բանէ առաջ իր ժամանակին ու միջավարին մարդն է։ Պոլսահայ կեանքը իր զանազան երևոյթներով կ’արտացոլայ իր էջերէն։ Ան հաւասարապէս կը խարազանէ փառասէր աղաներն ու փոքրոգի թաղականները, խաբեբայ վաճառականներն ու կեղծաւոր կղերականները, վարձկան լրագրողներն ու մուրացկան բանաստեղծները, վերի խաւի եւրոպական բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւարամտութիւնը։ Անոր գործը կը խնդացնէ, բայց խորքը շատ տխուր է։ Կը զուարճացնէ՝ առանց զուարճանալու։
Պարոնեանի գրականութիւնը կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ եւ նպաստել ընկերութեան վատ բարքերը արմատախիլ ընելու ։ Իր հեգնանքին նպատակը խնդացնելն ու նուրբ արուեստ մը ստեղծել չէ, որովհետեւ իր ընթերցողը պարզ ժողովուրդն էր՝: Իր ոճը եղաւ անկեղծ եւ իր լեզուն պարզ։ Գործածելով գրաբարէ մաքրուած սահուն արեւմտահայերէն: Ան ստեղծեց իրապաշտ արձակ մը՝ բնական, անզարդ, լի աշխոյժ բեմականութեամբ։ Վարպետօրէն նկարագրեց իրաւ կերպարներ եւ իրավիճակներ, սեղմ տողերով եւ կենսունակ երկխօսութիւններով։
Պարունեան հեղինակն է նաեւ “Երկու Տիրոջ Մէկ Ծառայ”, “Ատամնաբոյժն Արեւելեան”,”Պաղտասար Աղբար”, “Շողոքորթը” թատերական գործերուն.
Պարոնեանի գործերն այսօր ալ արդիական են, բեմադրուած են Իսթանպուլի ,Մոսկուայի եւ Երեւանի թատրոնի սրահներու մէջ.Իսթանպուլի Օրթագիւղ թաղի հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած է ,անոր մէկ յուշարձանը,իսկ Երեւանի այլ քաղաքներու մէջ կան անոր անունով կոչուող փողոցներ ու թատրոններ:
Բայց ո՛չ, գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի, Յակոբ Պարոնեան իր անկրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կապրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ ,իբրեւ անմահութիւնը նուաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը:
Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ՝ ինքնահաւատարմութեան գրուած Յակոբ Պարոնեանի գործերը: