Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ, Յուլիս 8-13 գտնուած է Արեւմտեան Հայաստան: «Բարով եկած էք ձեր տուն, բարով եկած էք ձեր հողերը» խօսքերով զանոնք դիմաւորած է հայոց հնագոյն մայրաքաղաք Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայեան: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ՝ վկայակոչելով Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը, քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը մանրամասն ներկայացուցած է մարզական խաղերուն պատմութիւնը, անցած ուղին՝ նշելով, որ այս խաղերուն կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ աննախադէպ մեծ՝ շուրջ 730 հոգինոց պատուիրակութեան ժամանումն է Հայաստան՝ Սասուն, Մուշ, Տիգրանակերտ, Վաքըֆ, Պիթլիս, Տէրսիմ, Մալաթիա, Վան, Սամաթիա եւ Պոլիս քաղաքներէն:
Իշխան Զաքարեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ի նշան աշխարհով մէկ սփռուած հայերու միասնութեան, պիտի վառի երեք ջահ՝ Արցախ, Սփիւռք եւ Հայրենիք եռամիասնութեամբ: Առաջին երկու ջահերը արդէն վառած են, իսկ երրորդ ջահը ծրագրուած է վառել 10րդ դարու Գագիկ Արծրունիի պատուէրով Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Վանի քաղաքապետը մեծ պատիւ համարած է իրենց մասնակցութիւնը այդ նախաձեռնութեան եւ իր պատուիրակութեամբ, քաղաքի մշակութային համոյթներով ուղեկցած է ՀԽՀԿ պատուիրակներուն Աղթամար:
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ «Ակունք» ազգագրական համոյթը կատարած է «Հայր Մեր»ը, իսկ վայրկեաններ անց Իշխան Զաքարեանի, Վանի քաղաքապետի եւ փոխքաղաքապետի պարզած ջահը բոցավառուած է Համահայկական խաղերու գործադիր կոմիտէի անդամներ Ալֆրետ Հաւանի, Վրէժ եւ Ռոլանդ Շառոյեաններու, ԱԺ պատգամաւորներ Հրանդ Բագրատեանի, Արագած Ախոյեանի, Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբիկ Խլղաթեանի, ԵՊՀ Պատմութեան ֆակուլտետի դեկան Էդիկ Մինասեանի եւ ՀՀ ԳԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի՝ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմերէն: Միջոցառման աւարտին Վանի քաղաքապետը նուէրներ յանձնած է պատուիրակութեան անդամներուն եւ սիրով ընդունած է Իշխան Զաքարեանի հրաւէրը՝ ներկայ գտնուելու Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան:
Այնուհետեւ ջահը դէպի Պիթլիս ու Տիգրանակերտ տարուած է Օհաննէս Օհանեանի կողմէ: Տիգրանակերտ տանող ճանապարհին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ընդունած է Պիթլիսի քաղաքապետ Հուսէյն Օլանը: Քաղաքապետը սիրով տեղեկացուցած է, որ ամառնային խաղերու բացման իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի ըլլայ Երեւան: Հուսէյն Օլանը ցաւով անդրադարձած է նաեւ 100 տարի առաջ տեղի ունեցածին՝ ըսելով, որ իրենք բոլորն ալ մեղաւոր են, եւ ժամանակն է պատմութեան նայիլ ուղիղ աչքերով:
Իշխան Զաքարեան եւ Հուսէյն Օլան քննարկած են Պիթլիսի մէջ դեռ կանգուն, հայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի տան վերականգնման եւ այդ փողոցը անոր անունով անուանակոչելու հարցը: Իշխան Զաքարեան կարեւորած է նաեւ հայկական կիսաւեր եկեղեցւոյ վերականգնման խնդիրը եւ մշակութային կապերու ամրապնդումը Հայաստանի տարբեր քաղաքներու հետ: Կողմերը պայմանաւորուած են այդ հարցերը քննարկելու երեւանեան հանդիպման ժամանակ:
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները ուղեւորուած են հայոց արքայ Տիգրան Մեծի հիմնադրած Տիգրանակերտ, ուր զանոնք դիմաւորած են Տիգրանակերտի քաղաքապետ Ֆըրաթ Անլ եւ Սուրիի քաղաքապետ տիկին Ֆաթմա Շըք Պարաթ՝ «Բարի եկաք ձեր տուն» կարգախօսին ներքոյ: Դիմելով հիւրերուն՝ Տիգրանակերտի քաղաքապետը կարեւոր համարած է երկու ժողովուրդներու մշակութային եւ մարզական կապերը, խօսած է Երեւանի մէջ կայանալիք ամառնային խաղերուն իրենց մասնակցութեան կարեւորութեան մասին: Երեկոյեան Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած է հայկական պատուիրակութեան հանդիպումը համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներու հետ:
Վանէն Տիգրանակերտ տարուած ջահը ուղեւորուած է Մուշ: Մուշ-Էրզրում ճանապարհին հայկական պատուիրակութեան անդամները խոնարհած են հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս Գէորգ Չաւուշի գերեզմանին:
Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները Մշոյ վերին թաղի հայկական գերեզմանոցին մէջ գտնուող Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը ծածկած են հայոց եռագոյնով, այնուհետեւ վարդեր նետած են Սուլուխի կամուրջէն Արածանի գետը՝ ի նշան խոնարհումի բոլոր հերոսներուն առջեւ:
Մշոյ դաշտէն դէպի Էրզրում-Անիի ուղղութեամբ ջահը ճանապարհած է Համահայկական խաղերու գործկոմի անդամ Ռոլանդ Շառոյեան:
Անին՝ հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքը, գրկաբաց ընդունած է Համահայակական խաղերու ջահը: Մայր տաճարին մէջ հնչած են Անիին նուիրուած երգեր: Կարսէն եւ Անիէն պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Ջաւախք:
Համահայկական խաղերու ջահը Ջաւախքի Ս. Խաչ եկեղեցի բերած է մարզական մեկնաբան Կարէն Գիլոյեան: ՀԽՀԿ պատուիրակութիւնը դիմաւորած են հարիւրաւոր ջաւախքցիներ: Ջաւախքի վարչական շրջանի ղեկավար Համլէտ Մովսիսեան եւ ծնունդով ջաւախեցի Աշոտ Մելքոնեան հանդէս եկած են ելոյթներով եւ կարեւորած են նախաձեռնութեան էութիւնը՝ հպարտութեամբ նշելով, որ Ջաւախքի քաղաքները մեծաքանակ պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցին ամառնային վեցերորդ խաղերուն:
Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վառած ջահը Ջաւախքէն պիտի անցնի Գիւմրի, ապա Սարդարապատ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստանալով վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը՝ Օգոստոս 2ին մուտք պիտի գործէ Հանրապետական մարզադաշտ:
****************************************************************************************
JAMANAK (Istanbul)
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼԻՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆ
Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբերը այս օրերուն թափով յառաջ կը տանին իրենց նախապատրաստական աշխատանքները։ Մասնաւորապէս խմբային մարզաձեւերու մէջ մեր համայնքը ներկայացնելիք կազմերը պարապմունքներ կ՚իրականացնեն՝ իրենց մարզիչներուն հսկողութեան ներքեւ։ Վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի իգական կամ արական կազմերը լրջօրէն յառաջ կը տանին իրենց աշխատանքը, որպէսզի մրցաշարքի օրերուն լաւագոյնս ներկայացնեն մեր համայնքը։ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբն ալ ջանք չի խնայեր, որպէսզի երիտասարդները բոլոր հնարաւորութիւնները ունենան իրենց նախապատրաստութիւններուն համար։
Համահայկական խաղերը յաջորդ ամիս տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։