ՍԻՄՈՆ ԱՃԻԼԱՉՕՂԼՈՒ
Կեդրոնական վարժարանի Լոս Անճելըսի սաները անգամ մը եւս մէկտեղուած էին տօնելու համար իրենց աւանդական բաժակի օրը։ Ինչպէս չխոնարհիլ երջանկայիշատակ Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի յիշատակին առջեւ։ 1876ին, ան հայկական բարձրագոյն կրթարանի մը գաղափարը որդեգրելէ ետք՝ իր մօտ հրաւիրած էր հարուստ ու հեղինակաւոր անձեր, անոնց մասնակցութեամբ 131 տարիներ առաջ բացումը իրականացնելով Պոլսոյ մէջ Կեդրոնական Ազգային վարժարանին, որ պիտի ծառայէր աւանդելու երկրորդական կատարեալ կրթութիւն՝ զարգացնելով ազգային, բարոյական, գրական, գիտական եւ լեզուագիտական ուսումը ազգին մէջ եւ պատրաստելով ձեռնհաս ուսուցիչներ։
Տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Կեդրոնականի սանուց յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9ի գիշերը, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ, ուր մէկտեղուեցան հին եւ նոր կեդրոնականցիներն ու համակիրները՝ իրենց կողակիցներով, վերյիշելու համար անցեալի անմոռանալի օրերը։
Հանդիսավարն էր յանձնախումբի ժրաջան ատենապետ Յակոբ Ծերունեան, որ ողջունեց ներկաները, ապա բեմ հրաւիրեց յանձնախումբի իր գործակից ընկերները։ Ան ճաշի սպասարկութենէն առաջ կարճ խաղ մը իրականացուց՝ ուղղելով եօթը հարցումներ։ Անոնք, որոնք ճիշդ պատասխաններ տուին, ստացան մէկ շիշ շամփէյն։
Ծերունեան, որ տարիներէ ի վեր ձեռնհասօրէն հանդիսավարած է հարիւրէ աւելի ազգային ձեռնարկներ, ըսաւ, որ 12 տարեկանին, դպրոցական շարքերէն ներս, պատանի հասակին ձեռք առած էր բարձրախօսը եւ իր սրամիտ խօսքերով ու մէջբերումներով խանդավառած էր ներկաները. իսկ այսօր 72 տարուան այս նուիրեալ պաշտօնէն տուաւ իր հրաժարականը՝ զայն թողնելով երիտասարդներուն։
Ապա, ան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն պահելով երախտագիտական տուրք վճարելու մեզմէ անդարձ բաժնուած Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանին, հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ ու աշակերտներուն, խնամակալ եւ բարերարներուն, պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Կեդրոնականի սանուց յանձնախումբի 39 տարուան գործունէութեանց ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուած կեդրոնականցի սաներու հոգիներուն։
Հրաւիրուեցան երիցագոյն անդամ Կարպիս Յակոբեանը եւ կրտսերագոյն անդամ Հերման Գուրդեանը, եւ բոլոր ներկաները միասնաբար բաժակ բարձրացնելով՝ երեք անգամ գոչեցին «Ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ կեդրոնականցին»։
Այս առթիւ Կարպիս Յակոբեան, զոր տարիներով կոչած էինք «Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբի սոխակը, աւելի քան 80 տարեկան հասակին, իր քաղցր ձայնով երգեց «Գետակի վրայ» երգը, որ արժանացաւ ներկաներու բարձր գնահատանքին։ Ներկաները միասնաբար երգեցին նաեւ «Բաժակ»ի երգը։
Ճաշի ընթացքին ներկաները վայելեցին Արշակ Խնդիրեանի հեշտալուր երաժշտութիւնը։
Հանդիսավարը ապա շնորհաւորեց Էսաեանցի սանուհի եւ Պոլսահայ միութեան Էսաեանի սանուց յանձնախումբի ատենապետուհի Ալին Տօնիկեանը, որուն «Սրտես Բխածներ» բանաստեղծութիւններու գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր քանի մը շաբաթ առաջ, Պոլսահայ միութեան սրահին մէջ։ Ալին Տօնիկեանի փափաքով, այդ գիշեր գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուէր Ազգային Կեդրոնական վարժարանի կարիքներուն։
Այնուհետեւ, Յակոբ Ծերունեան բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի ատենապետ տոքթ. Մարք Քէօշքէր, որ միութեան անունով փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհաւորեց բաժակի օրը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով բոլոր կեդրոնականցիներուն։
Տրուած ըլլալով, որ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Էտվին Մինասեանը բացակայ էր, տոքթ. Քէօշքէր փոխատենապետ Էտի Սարաֆօղլուի հետ, միութեան խորհրդանշան-կրծքանշանը յանձնեց Յակոբ Ծերունեանին՝ իր տարիներու ծառայութեան առթիւ։ Ծերունեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին հանդէպ ցուցաբերուած այս փափկանկատութեան համար։
Ապա Ծերունեան Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Մարկոսեան-Գույումճեանի ղրկած նամակէն տեղեկութիւններ փոխանցեց 2017 տարեշրջանի աշակերտութեանց թիւին, ուսուցչաց կազմին եւ դպրոցի պիւտճէին մասին։ Ըստ տեղեկագիրին՝ աշակերտութեան թիւն է 228 (120 աղջիկ եւ 108 մանչ), ուսուցիչներու թիւը՝ 37, իսկ հոն կ՛աշխատին 11 պաշտօնեաներ։ Մարկոսեան իր նամակին մէջ կը շեշտէր, թէ Պոլսոյ քանի վարժարաններ վերջին տարիներուն յաջողեցան ետ առնել իրենց գրաւուած հողատարածքը եւ կալուածները։ Կեդրոնականը, սակայն, դժբախտաբար չունէր նման կալուած մը։ Իսկ համայնքային հաստատութիւններուն միջեւ դեռ չկայ իրարօգնութեան հասարակաց դրութիւն եւ գործակցութիւն։
Ապա Յակոբ Ծերունեան իրենց շրջանաւարտութեանց 50րդ տարեդարձներուն առիթով բեմ հրաւիրեց Հրանդ Ռագըճեանն ու Արէտ Վարժապետեանը, որոնք ստացան 50 տարուան շրջանաւարտութեան յիշատակի գիրեր։ Յոբելեար կեդրոնականցիները միասնաբար կտրեցին նաեւ 50րդ տարեդարձի կարկանդակը։ Կեդրոնականցի երկու ընկերներ ալ՝ Միրիճան Կիւրեղեան եւ Սահակ Թունա, իրենց շրջանաւարտութեան 50րդ տարեդարձը տօնելու համար Պոլիս կը գտնուէին։
Ծերունեան նաեւ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ Լոս Անճելըսի Էսաեանցիներու «Բաժակի Օր»ը տեղի պիտի ունենայ 18 Մարտ 2018ին, նոյնպէս միութեան սրահին մէջ։
Գիշերը ուշ ժամերուն, ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։ Ներկաները մեկնեցան՝ քաջ գիտնալով, թէ չեն կրնար իրենց հայութեամբ ամբողջականօրէն կազմուիլ ու ապրիլ, եթէ հեռու մնան հայ դպրոցէն ու հայ կեանքէն։