Comments are off for this post

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Դ.Դ. ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 35ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ Եւ ԲՐՇ. ՍՏԵՓԱՆ ՍՐԿ. ԿԷՕԶԻՒՄԵԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ 50րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԶՈՅԳ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Դ.Դ. ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 35ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ

Եւ

ԲՐՇ. ՍՏԵՓԱՆ ՍՐԿ. ԿԷՕԶԻՒՄԵԱՆԻ

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ 50րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԶՈՅԳ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

 

Բացառիկ օր մըն էր Կիրակի, Յունուար 27, 2013ը, Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբին կեանքին մէջ: Խուռներամ ժողովուրդը եկած էր ներկայ ըլլալու Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբի Վարիչ եւ Դպրապետ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի եկեղեցական ծառայութեան 50ամեակի յոբելենական հանդիսութեան, նաեւ Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբին 35րդ տարեդարձին: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուրախութիւնը անոնց հոգիներուն մէջ բառերով կարելի չէր արտասանուիլ, այլ՝ վերնատունէն լսուող երգչախումբին ձայներով, որոնք երկնասլաց աղաւնիներու նման, կարծէք կը թռչէին տաճարին մէջ:

Այս առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, Պատարագիչն էր Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերականերն էին քահանայք՝ Լաս Վէկասի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Խաչատուրեան Դ. Դ. Երգչախումբի նախկին նախագահ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Մատարեան, Մայր Տաճարի Հովիւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, իսկ վերաբերումը կատարեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան:

Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դպրապետ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Գեղամ Աշճեանի:

Պատարագի ընթացքին, ուրախ լերի երգեցողութեամբ մայր դռնէն մուտք գործեցին Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան ի ձեռին բարձրացուցած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Գարեգին Բ Ներսէսեանի Օրհնութեան Գիրը, իրեն կը հետեւէին օրուան յոբելեար Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեան իր ընտանիքով: Քահանայ հայրը ընթերցեց Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ Վեհափառը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը յայտնէր յոբելեարին իր եկեղեցանուէր երկարամեայ գործունէութեանց համար, իբրեւ նուիրեալ ու հաւատարիմ զաւակը սուրբ եկեղեցւոյ: Ապա Գերշ. Յովնան Արք. իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքի խօսքերը փոխանցեց յոբելեարին հարուստ կեանքին համար որ իր ճանապարհը եղած է ամէն մի եկեղեցւոյ կանթեղի լոյսի տակ: Առաջնորդ Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ եղող հոգեւորականներուն՝ նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Տոքթ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Մատարեան եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:

Կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, երգչախումբէն անդարձ բաժնուած անդամներուն հոգիներուն համար: Սոյն արարողութենէն ետք, հրաւիրեալները ուղղուեցան «Գալայճեան» սրահ ուր սիրոյ սեղան պատրաստուած էր կրկնակ հանդիսութիւններուն ուրախ առիթով:

Օրուան հանդիսավարն էր, երգչախումբի Տնօրէն Խորհրդոյ ատենապետ, Բրշ. Յակոբ Սրկ. Ծերունեան որ ձեռնհասօրէն վարեց երեկոն իր վարակիչ ժպիտով, սրամտութիւններով եւ սքանչելի անհատականութիւնով, տպաւորելով ներկաները: Ան, Յոբելենական հանդիսութեան Կարգադիր Յանձնախումբի անունով բարեւեց ներկաները եւ հրաւիրեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանը որպէսզի սեղանօրհնէքը կատարէ:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան ջութակահար Բենիամին Գասպարեան եւ զաւակը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Կարգադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Միրիճան Կիւրեղեանը որ իր սրտի խօսքին մէջ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն անունները մի առ մի յիշեց եւ իր շնորհակալիքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց, սոյն առիթը որակելով բացառիկ՝ որուն ընթացքին կը յարգուին այն անձերը որոնք իրենց աշխատութիւնները ի գործ դրած են վասն ազգին, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին: Հրաւիրեց Բրշ. կիսասարկաւագ Սիմոն Աճիլաչօղլուն որ ծաղկեփունջով մը պատուեց յոբելեարին մայրը՝ Տիկ. Վեհանոյշ Կէօզիւմեանը: Ապա հրաւիրեց Տիար Եդուարդ Խաչատուրեանը որ նաեւ ծաղկեփունջով մը պատուեց յոբելեարին կողակիցը՝ Տիկին Նատեա Կէօզիւմեանը:

Տիար Կիւրեղեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տեարք՝ Անդրանիկ Զօրայեանի, Պերճ Չուլհաօղլուի իրենց բերած նիւթական աջակցութեան համար՝ Տիկին Զապէլ Տանաճեանի՝ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն կրծքանշանները սիրայօժար պատրաստած ըլլալուն համար, երգիչներ՝ Մաննիկ Մանուկեանին եւ Պօղոս Յովհաննէսեանին նաեւ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Լիւսի Թաշճեանին որոնք թարգմանեցին յուշամատեանին հայերէն բաժինը՝ անգլիերէնի: Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնոեցաւ հանրածանօթ յօրինող եւ երգահան՝ Տիար Մաժակ Թօշիկեանին որ Պոլսէն ժամանած էր, իսկ իր եղբայրը եւ Տէր եւ Տիկին Արա եւ Շնորհիկ Թօշիկեանին որոնք Մոնթրէալէն ժամանած էին: Շնորհակալութեան մեծ բաժինը նաեւ ուղղուեցաւ յոբելեարին քրոջ եւ քեռայրին՝ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Ովսաննա Տաղտէվիրէնէլին որոնք մեկենասը եղան յուշամատեանին, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ հօր եւ աներին՝ հանգուցեալ Մկրտիչ Կէօզիւմեանին:

Խաչատուրեան Դ. Դ. Երգչախումբի ատենապետ՝ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Ծերունեան երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդին անունով իր ուրախութիւնը յայտնեց այսպիսի գեղեցիկ օրուան մը համար հրաւիրեալներուն իրենց ներկայութեան, գնահատանքին եւ մեծարանքին, որակելով անոնց ներկայութիւնը իբրեւ գնահատանքի լռելեայն ծափահարութիւն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գործադիր յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, իրենց տարած աշխատանքին համար, յաջողցնելով սոյն հանդիսութիւնները: Հակիրճ ձեւով նկարագրեց երգչախումբին ծագումին մասին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ օրերէն սկսեալ: Վարիչ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի տարած անձնուէր աշխատանքներուն եւ Յոբելենական Հանդիսութեանց համար երախտագիտական  եւ շնորհաւորութեան զգացումներով փակեց իր սրտի խօսքը:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանը որ միութեան հոգաբարձութեան եւ Գործադիր Մարմնի Վարչութեան անունով բարեւեց եւ հպարտանքը յայտնեց, որովհետեւ Պոլսահայ Միութիւնը եւ Խաչատուրեան դպրաց Դաս երգչախումբը իրար մէջ հիւսուած էին միութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն (1976)ին: Իրաւաբան Մինասեան շեշտեց թէ յոբելեարը կը փայլի իբրեւ մէկը այն բոլոր փայլուն ադամանդներէն եւ իբրեւ առաջնորդը մեր սուրբ երաժշտութեան: Ապա հրաւիրեց Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Մարուքեանը որ յոբելեարին պատուեց յուշանուէրով մը, որմէ ետք հրաւիրուեցան Միութեան նախկին ատենապետները միանալու յոբելեարին եւ լուսանկարուելու:

Հանդիսավար Ծերունեան հրաւիրեց իր զաւակը Իրաւաբան եւ Rolling Hills Estateի քաղաքապետ՝ Վռամ Ծերունեանը որ շնորհաւորեց Տիար Կէօզիւմեանը այս տօնակատարութիւնը պատուաբեր որակելով ոչ միայն հայերուն, այլ՝ բոլոր ամերիկացիներուն: Ան, գնահատագիրերով պատուեց Յոբելեարը իր 50 տարիներու ծառայութեանց համար, ինչպէս նաեւ Խաչատուրեան Դ.Դ. Երգչախումբը 35 տարիներու ծառայութեանց համար:

Հրաւիրուեցաւ յոբելեարին անդրանիկ զաւակը՝ Տարօնը որ յայտնեց թէ հայրը չէր սիրեր պատիւ կամ վարկ ստանալ իր կատարած բարի գործերուն համար:

Իսկ կրտսեր զաւակը՝ Իրաւաբան Կարէնը, իր ընտանիքին ուրախութիւնն ու հպարտանքը յայտնեց այսպիսի օրուան մը համար նաեւ իր հօրը իրենց տուած կեանքի դասերուն համար, սորվեցնելով բարեկամութեան իմաստին, յարգանքին եւ համայնքին ու ընկերներուն հանդէպ ունեցած սիրոյն մասին, առանց որեւէ փոխադարձ ակնակալութեան իր ծառայութիւններուն եւ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց իր մօր ու համայնքին սիրոյն ու քաջալերանքին:

Գեղարուեստական յայտագրով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր «թէնօր»ներէն, միաժամանակ Էջմիածնայ Մայր տաճարի մէջ ծառայած Տիար Պօղոս Յովհաննէսեանը որ մեներգեց “Santa Lucia”ն: Ապա սօփրանօ Մաննիկ Մանուկեան մեներգեց «Լեռներ հայրենի», «Արաքս գետը» եւ “Time to say goodbye” արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն:

Հայրենիք Միութեան ատենապետ Տիար Յակոբ Ալեքսանեան Միութեան անունով յուշատախտակ մը նուիրեց ատենապետ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Ծերունեանին, առ ի գնահատանք երգչախումբին բերած նիւթական եւ բարոյական օգտակարութիւններուն Հայաստան Գուգարաց Թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբարին երեխաներուն համար:

Խօսք առաւ Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի նախկին հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Մատարեանը որ իր հոգիին ուրախութիւնն ու հրճուանքը յայտնեց վայելելով Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբին արծիւներուն 35ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ արծիւներուն արծիւ դարձնող Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի ծառայութեանց 50րդ տարեդարձը «որուն վազքն ու հեւքը զգացած եւ տեսած եմ» ըսաւ քահանայ հայրը «անոր հոգեւոր կեանքէն ներս եւ իր բերած ծառայութիւններուն ընդմէջէն»:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը որ իր գնահատանքը յայտնեց յոբելեարին որ կարողացած է տարիներ շարունակ երգչախումբի անդամները մէկ մականի տակ պահել որ հրաշք մըն է ինքնին: Ան, Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանը որակեց իբրեւ խոնարհ եւ հեզ ծառան, իսկ երգչախումբի անդամները իբրեւ ծառայասէր եւ չդադրող մշակները ծառայութեան դաշտին:

Հատուեցաւ զոյգ հանդիսութեանց կարկանդակը Կարգադիր Յաձնախումբի անդամներուն կողմէ «Բարի տարեդարձ»ի երգեցողութեամբ:

Ապա բեմ բարձրացան Խաչատուրեան եւ միացեալ երգչախումբերու երկսեռ անդամները եւ ներկայացուցին համերգ «Իմ հեռաւոր Հայրենիք», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Հայեր ամբողջ աշխարհի» սրահը թնդաց ծափողջոյններով:

Կարգը եկաւ յոբելեար Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանին որպէսզի իր սրտի խօսքը ըսէ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ ըսաւ. «Կեանքիս երջանկագոյն օրերէն մին է որ կ՛ապրիմ, փառք տալով Տիրոջ որ արժանի տեսաւ իմ ծառայութեանս համար կազմակերպուած այս զոյգ յոբելենական հանդիսութեանց, որոնցմով ես ինքս լիովին վարձատրուած կը զգամ: Անցնող տարիներուն Տիրոջ մեզի տուած պարգեւները ունենալով փորձեցինք փոխանցել զանոնք: Ան յիշեց Պոլսոյ երգչախումբի վարիչներ՝ Սերովբէ Սիրունեանը, Յովսէփ Պըտըլըքեանը եւ Ժիրայր Արսլանեանը եւ անոնց Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները: Ան երգչախումբի շրջանակին մէջ իր կեանքի ընկերուհիին հետ իր ամուսնութիւնը եւ Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի միջնորդութեամբ իր Միացեալ Նահանգներու գալուստը յայտնեց իբրեւ Տիրոջ կամքը եւ ոչ թէ իբր պարզ պատահարներ: «Փառք կու տամ» ըսաւ ան, «որ իմ կեանքիս ուղղութիւնը որոշելով հասցուց մեր այս օրերուն»:

Հուսկ բանքով Գերշ. Յովնան Սրբազան, օրը իմաստաւորեց իբրեւ հարուստ՝ հոգեւոր իմաստով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգեղէն ներկայութեան մէջ վերածնունդներու ապրումներ պարգեւեց: «Երգը, շարականն ու մեղեդին մեր կեանքին մէջ այն ներքին շարժումն է որ անընդհատ կեանք կը պարգեւէ մեզ Տիրոջ հետ» ըսաւ: Ան, ի սրտէ փոխանցեց շնորհաւորութիւնները որ յիսուն տարիներու լիարժէք ծառայութիւններով կեանքը ապրած ըլլալով իբրեւ գործակից Աստուծոյ, մեր հոգիները լեցնելով ու խանդավառելով մեզ: Շնորհաւորեց Երգչախումբը, որ հայ երգն է որ կը հնչեցնէ ըլլալով հոգեւոր ու բարոյական ամենաբարձր արժէքը աշխարհի մէջ եւ որ ոչ մէկ պատարագ ոչ մի արժէք չկրնար նոյն կշիռը ունենալ, ինչպէս որ Հայոց Կոմիտասեան Պատարագը որ պիտի մնայ մնայուն արժէք հայ հոգեւոր գանձարանին մէջ:

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սեպուհ պարտականութիւն մը ունիք, մարդուն մէջ արմատացնելով Տիրոջ գիտակցութիւնը հայ երգի միջոցաւ»:

Քաջառողջութեան եւ երկար կեանքի մաղթանքներով, Սրբազանը փակեց իր խօսքը: Ապա Կարգադիր Յանձնախումբին կողմէ Պոլսոյ մէջ պատրաստուած Հայոց Խորանը քանդակուած արծաթեայ յուշանուէր մը յանձնեց:

Ներկաները մեկնեցան քաջ գիտնալով որ Խաչատուրեան Դպրաց Դաս երգչախումբի անդամները Յիսնամեակի վաստակը պանծացուցին եկեղեցւոյ մայրուղիին վրայէն յաղթական թափօրի պէս շքեղ գնացքով, 35 երկար տարիներ, ըլլալով եկեղեցւոյ կեանքի գրքին մէջ մայր էջի բովանդակութիւն եւ ոչ թէ լուսանքի վրայ դրուած մեղեդիներ:

Comments are closed.