No comments yet

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

 

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ի գիշերը դարձեալ մեծ յաջողութեամբ անցաւ շնորհիւ Միութեան կամաւոր անդամներուն:

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, շուրջ 53 հոգիներու ներկայութեամբ, Միութեան անդամներն ու հիւրերը վայելեցին համեղ «Մանթը»ն պատրաստուած եւ նուիրուած Էսայեան Սանուց Յանձնախումբի հաշուապահուհի՝ Տիկին Մարի Խաչիկեանի կողմէ,  հանգուցեալ Վաղարշակ Տէմիրայաքի եւ Հրիփսիմէ Տէմիրայաք յիշատակին:Նաեւ, համեղ «հաւ»ը նուիրուած Տիկին Նաժտա Մանուկեանի կողմէ, ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Մանուկ Մանուկեանի:

Միութեան հաշուապահ եւ սրահներու պատասխանատու՝ Բրշ. Եղիա Սրկ. Քէօսէ Տէրունական, Ճաշու, նաեւ հանգուցեալներուն հոգիի խաղաղութեան աղօթքով սկսաւ երեկոն, ապա Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան կատարեց բացման խօսքը որուն մէջ բացատրութիւն տուաւ «Մանթը»ի ծագման մասին:

Երեկոն ճոխացաւ Էսայեան Սանուց Յանձնախումբի ատենադպրուհի՝ Տիկին Ալին Տօնիկեանի ինքնագիր «Սէր» խորագրով ասմունքով, նաեւ , Տոքթ. Աւետիքեանի գեղեցիկ մեներգով եւ զանազան խաղերով ու պատմուածքներով: Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Շնորհակալութիւն բոլոր անդամուհիներուն եւ կամաւորներուն:

 

 

 

Post a comment