Comments are off for this post

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը Տիթրոյիթի Մէջ

 

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի Հանդիսութիւնը Տիթրոյիթի Մէջ

November 24, 2015

 

0000DETROIT2

0000DETROIT1

Արամ Համբարեան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14ին, Տիթրոյիթի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը, որ յաջորդաբար իններորդ անգամն ըլլալով կը կատարուէր, տեղի ունեցաւ քաղաքի կեդրոնական շրջանի շքեղ «Ուեսթին» պանդոկի սրահին մէջ: Շրջանէն ներս գործող քաղաքական անձնաւորութիւններ ներկայ էին:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան կատարեց Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք պաշտօնապէս բացուած նկատուեցաւ մեծարանքի երեկոն:
Օրուան հանդիսավարն էր Քալիֆորնիայէն ժամանած հանրածանօթ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կատարեց իր աշխատանքը:
Մեծարանքի հանդիսութեան կազմակերպող յանձնախումբին անունով Անի Պօղիկեան-Գասպարեան բեմ հրաւիրեց Նազարեանը, որ իր խօսքին մէջ տեղեկացուց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը հետզհետէ աւելի կը ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ: «Յատկապէս այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, շատ ծանր եղաւ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքը, որ դեռ ալ երկար ճամբայ ունի կտրելիք», յայտնեց ան: Ապա քանի մը վայրկեան ներկաները ըմբոշխնեցին վաւերագրական կարճ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր այս տարեշրջանի ընթացքին պատահած անցուդարձերը:
Մեծարանքի հանդիսութեան կազմակերպող յանձնախումբին անունով, խօսք առաւ Յովիկ Գույումճեան, որ իր կարգին հրաւիրեց Հայ Դատի Ուաշինկթընի յանձնախումբի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ պատասխանատու Արամ Համբարեանը, որ իր տպաւորիչ խօսքը սկսաւ՝ նշելով, թէ երկու երիտասարդ սահմանապահ զինուորներ վերջերս մահացած են Արցախի սահմանին մօտ եւ յայտնեց, թէ հետզհետէ կը կրկնուին նմանօրինակ դէպքեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ շրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերը կը մնան միշտ ալ հարցական:
Նախապէս պատրաստուած ժապաւէնով մը, ներկաները լսեցին շրջանի ներկայացուցիչներէն Տէյվ Թրոթի խօսքը, որ կը շնորհաւորէր Հայ Դատի այս մեծարանքի հանդիսութիւնը: Ան կ՛աւելցնէր, թէ մարդկութեան խիղճը կը մնայ անհանգիստ եւ ամենայն պատշաճութեամբ պէտք ճանչցուի այս անմարդկային սպանդը:
Ապա մեծարանքի հանդիսութեան կազմակերպող յանձնախումբի քարտուղար Լարա Ներսէսեան բեմ հրաւիրեց Միշիկընի 39րդ շրջանի ներկայացուցիչ Քլինթ Քեսթօն, որ յայտնեց, թէ պահած ըլլալով իր ասորի արմատները, երբեք օտար չզգար եւ լաւապէս կը հասկնայ այսօրուան հաւաքին խորհուրդը: Նաեւ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց, թէ շրջանի հայ գաղութը շարունակ թիկունք կանգնած է իր կատարած աշխատանքներուն: «Ես ալ իմ կարգիս, պատրաստ եմ ամէն գնով օժանդակելու», նշեց ան:
«Վահան Քարտաշեան» շքանշանը ստացաւ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր Հայ Դատին եւ յատկապէս Միշիկընի շրջանէն ներս հայութեան համար գործած Արմէն Թօփուզեան, որ ժամանած էր ընտանեկան պարագաներով: Ներսէս Կէտիկեան ներկայացուց Թօփուզեանի կեանքը, ապա զինք բեմ հրաւիրեց յանձնելու յուշանուէրը: Կարճ, սակայն տպաւորիչ ելոյթով մը Թօփուզեան յայտնեց, թէ իրեն համար տասնամեակներ շարունակ այդպէս եղած է ապրելաձեւը՝ մնալ հայ, պահել արմատներն ու շարունակ գործել ի նպաստ Հայ Դատին:
«Ժառանգութիւն» շքանշանը վերապահուած էր վերջերս մահացած Ճոն Քեչիկեանին: Փօլ Պարտիզպանեան ներկայացուց լուսահոգի հայորդին, ապա բեմ հրաւիրեց անոր զաւակը՝ Վահէն, որպէսզի փոխանցէ իր սրտի խօսքը: Վահէ Քեչիկեան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց եւ աւելցուց, թէ իր հօր ջահը բարձր պիտի պահէ՝ շարունակ ծառայելով Հայ Դատին:
«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան միջազգային համբաւ վայելող իրաւագէտ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիյէ Չեթինն ու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիըրը: Այս վերջինը, պայմաններու բերումով չկրցաւ ներկայ ըլլալ, սակայն ներկայացուեցաւ յատկապէս այս առթիւ պատրաստուած անոր տեսաերիզը: Իր խօսքին մէջ, Պոնիըր կ՛անդրադարնար Հայ Դատի գործունէութեան: Ան կը շեշտէր, թէ իբրեւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք՝ դեռ վերջերս Փարակուէյի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ֆեթհիյէ Չեթին թրքերէնով խօսք առաւ. անոր խօսքը տեղւոյն վրայ թարգմանուեցաւ յատուկ թարգմանիչի մը կողմէ:
«Երբ իմացայ մեծ մօրս պատմութիւնը, շատ երիտասարդ էի, շատ զայրացայ, մանաւանդ որ կառավարութեան ալ դէմ էի. եթէ այդ ժամանակ գրի առած ըլլայի այդ հարցերը, իմ գրութեան ձեւս վրէժխնդրական պիտի ըլլար, սակայն տարիներու ընթացքին ես ալ հասունցայ, այս բոլորը ապրելէ ետք աւելի հանդարտեցայ եւ ըսի, որ իմ մտածումս պիտի չգրեմ, այլ մեծ մօրս ապրումները պիտի արձանագրեմ, իր կեանքին վկայութիւնը, որովհետեւ այս պատմութեան ճշմարտութիւնը մարդոց սիրտերուն պիտի դպչի», ըսաւ Չեթին:
Յատուկ շքանշան մը յանձնուեցաւ Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժումի պատասխանատու-խօսնակ Սայաթ Թաքիրին, որ անդրադարձաւ Պոլսոյ «Արմէն» ճամբարին մասին:
««Արմէն» ճամբարը վերածեցինք վայրի մը, ուր հայերու վերաբերեալ ամէն ինչ կը խօսուի: Այնտեղ բանավէճեր կազմակերպեցինք, մշակոյթի ու պատմութեան վերաբերող ձեռնարկներ ըրինք: Շաբաթուան վերջերուն տարբեր ժողովուրդներու զաւակներ ի մի եկան: Երբ մէկ կողմը քանդուած էր, միւս կողմը երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն համար ճամբար մը դարձաւ, ուր մարդիկ կու գային հայերու մասին բաներ մը սորվելու: Այս դիմադրութեան դրական աւարտով՝ հայերը առաջին անգամ կրցան դիմադրութեան միջոցով յաջողութեան հասնիլ: Հայերուն մէջ դիմադրութեան մշակոյթը մտցնելով է, որ պիտի արժեւորուի այս գործընթացը», յայտնեց ան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայ Դատի յանձնախումբին:
Փակման խօսքը փոխանցեց Միցաեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ԿԿի ներկայացուցիչ Հայկ Օշական, որ կոչ ուղղեց ամէն գնով շարունակելու աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպող յանձնախումբին, որ լաւապէս կազմակերպած էր այս մեծարանքի ձեռնարկը:
Աւարտի աղօթքը կատարեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան:

(ԹՂԹԱԿԻՑ)

Comments are closed.