ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, ընդառաջելով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին՝ Ամերիկա այցելեց, մասնակցելու համար երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի վախճանման 24րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւններուն։ Այս այցելութեան մասին Սիմոն Աճըիլաչ կը գրէ.
«Արամ սրբազան Յունուար 22ի կէսօրին դիմաւորուեցաւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք. Մանուկեան ու Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան։ Ի պատիւ Արամ սրբազանի տրուած ճաշին բացման խօսքը արտասանեց Յովնան սրբազանը, որ հիւր սրբազանին ծանօթացուց ներկայ հոգեւորականները եւ անոնց գործունէութիւնը, ապա արտայայտուեցաւ Շնորհք պատրիարքի մասին։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Արամ սրբազան, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց պատրիարքարանի աշխատանքներուն եւ պոլսահայ համայնքային կեանքին մասին։
Յունուար 23ի գիշերը, ընդառաջելով Պոլսահայ միութեան հրաւէրին՝ Արամ սրբազան մասնակցեցաւ միութեան ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուեցան մօտաւորապէս 120 հրաւիրեալներ։ Ներկայ էին նաեւ Յովնան սրբազան, Վաչէ սրբազան, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, վարչութեանց եւ յանձնախումբերու անդամ եւ անդամուհիներ, բարերարներ ու համակիրներ։ Բացման խօսքը արտասանեց միութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Մարուքեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Արամ սրբազանի ներկայութեան համար։ Ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան նախկին ատենապետներ Վահրամ Պիրիճիկին, Սիմոն Աճըիլաչօղլուին ու վարչական անդամներուն։
Բեմը ապա յանձնուեցաւ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Էտվին Մինասեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ սրբազանին՝ Շնորհք պատրիարքի վախճանման 24րդ ամեակին առթիւ իր ներկայութիւնը բերելուն համար այս ձեռնարկին։ Ան ըսաւ, որ Պոլսահայ միութիւնը ամէն գետնի վրայ օգտակար հանդիսացած էր պոլսահայ համայնքին. ինչպէս պէտք է յիշուի, 1999ի երկրաշարժէն ետք, երբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը եւ զանազան եկեղեցիներ ու հաստատութիւններ վնասներ կրած էին, Մեսրոպ պատրիարքի առաջարկին ընդառաջելով՝ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը իր անդամներով ու բարերարներով գործի լծուեցաւ եւ ակնկալուած հանգանակութիւնը իրականացուց, իսկ Սարօ Մարուքեանի ջանքերով՝ լուսահոգի Գըրգ Գոըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամը կրկնապատկեց այդ գումարը։ Մինասեան նաեւ ապաքինում մաղթեց Մեսրոպ պատրիարքին եւ առողջութիւն ու յաջողութիւն՝ Արամ սրբազանին։
Մինասեան բեմ հրաւիրեց Յովնան սրբազանը, որ իր գնահատանքը յայտնեց Պոլսահայ միութեան՝ նշելով, որ միութիւնը միշտ մօտիկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, երբ Պոլիսէն հոգեւորական մը կ՛այցելէ Լոս Անճելըս։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ սրբազանին, որ ընդունած էր իր հրաւէրը՝ միասնաբար ոգեկոչելու երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի վախճանման 24րդ տարելիցը։ «Շնորհք պատրիարք երրորդ առաջնորդը եղած է Արեւմտեան թեմին։ Մենք պէտք է խոնարհինք եւ շնորհակալութիւն յայտնենք Պոլսահայ համայնքին ու զաւակներուն, որովհետեւ անոնք մեծ դժուարութիւններու կուրծք տալով՝ կը պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը», շեշտեց Յովնան արքեպիսկոպոս։
Առաջնորդը ապա իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրեց Արամ սրբազանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ու միութեան ճաշկերոյթին համար։ «Այս գիշեր, այս սրահին մէջ Պոլսոյ բոյրը կայ։ Այդ բոյրէն մաս մը ես բերած եմ Պոլիսէն, մաս մըն ալ դուք բերած էիք արդէն», շեշտեց սրբազանը, ապա փոխանցեց իր կենսագրական գիծերէն բաժիններ։ Սրբազանը խօսեցաւ Պոլսահայ համայնքի բարքերուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայաստանցի ընտանիքներու զաւակներու ուսման հարցերուն մասին։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց սուրիահայ եւ իրաքահայ մեր ազգակիցներուն մասին, որոնք կրցած են ապաստանիլ Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մէջ, պատրիարքարանին կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեանց շնորհիւ։ Ապա կարգ մը ներկաներ հարցումներ ուղղեցին սրբազանին՝ ստանալով սպառիչ պատասխաններ։
Իսկ Կիրակի, Յունուար 24ին, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կոմիտասեան հոգեպարար եղանակով պատարագը երգեց «Խաչատուրեան» դպրաց դասը, որ կազմուած էր նախկին պոլսահայերէ։ Երգչախումբը կը ղեկավարէր Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան, իսկ երգեհոնով կ՛ընկերակցէր Գեղամ Աշճեան։
Արամ սրբազան «Խաչատուրեան» երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Մարուքեանին շնորհեց Պոլսոյ պատրիարքարանի գնահատագիրն ու շքանշանը, 1999ի երկրաշարժէն ետք իր ժրաջան աշխատանքին առ ի գնահատանք։
Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց Արամ սրբազանին, ապա Շնորհք պատրիարքին մասին խօսելէ ետք՝ հրաւիրեց Արամ սրբազանը, որ իր խօսքին մէջ ծանրացաւ Յիսուսի հրաշքներուն եւ Շնորհք պատրիարքի 30ամեայ գահակալութեան շրջանին վրայ։
Յաւարտ Ս. պատարագի, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ժողովուրդին սրահ մուտք գործելէն առաջ, Յովնան սրբազանի կարգադրութեամբ՝ Շնորհք պատրիարքը անմահացնելու նպատակով, կատարուեցաւ սրահի ցուցատախտակի օրհնութիւնը։ Սիլվա Խաչիկեան ներկայացուց բացման խօսքը եւ սեղանները օրհնելու համար հրաւիրեց Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանը։ Պոլսահայ միութեան անունով խօսք առաւ Էտվին Մինասեան, որ ներկայացուց երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի կենսագրական գիծերը։ Ապա տեղի ունեցաւ նկարներու ցուցադրութիւն, ուր կը ցոլային պատրիարք հօր իրագործումները։
Բեմ հրաւիրուեցաւ հաւաքոյթի կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ տոքթ. Վահրամ Պիրիճիկ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործակից ընկերներուն եւ հիւրերուն։ Գեղարուեստական բաժինով, Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ երգչախումբի խմբավարուհի Ալենոյշ Եղնազարեան երեք երգերով գրաւեց ներկաներուն սիրտերը։
Ապա առաջնորդը ներկայացուց Արամ սրբազանը եւ բացատրութիւններ տուաւ Շնորհք պատրիարք հօր մասին՝ ծանրանալով մասնաւորաբար պոլսահայ հօտին նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատար վերաբերումին վրայ։
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Արամ սրբազան, որ յիշեցուց, թէ Շնորհք պատրիարքի շրջանին կազմուած էր յանձնախումբ մը՝ անպսակ զոյգերու պսակը ու անկնունք երեխաներու մկրտութիւնը իրականացնելու համար։ «Այս հայրախնամ վերաբերումէն մեծապէս ազդուելով՝ գաղթական զաւակներ յետագային դարձան պատուաբեր ազգայիններ, լծուեցան համայնքային գործունէութեան եւ իրենց կարելիութիւններուն ներած չափով օժանդակեցին բարեգործական հաստատութիւններու։ Ան քաջ հովիւն էր իր ժողովուրդին։ Իր գահակալութեան շրջանին է որ սկսան ուխտագնացութիւններ կազմակերպուելու դէպի գաւառի եկեղեցիները՝ իրարու կամրջելով պոլսահայ ուխտաւորներն ու գաւառաբնակ հայեր։ Երանաշնորհ պատրիարքը իր գրիչով ստեղծեց մնայուն գործեր եւ ճանչցուեցաւ որպէս գրասէր ու մշակութասէր պատրիարք», ըսաւ Արամ սրբազան՝ յիշելով նաեւ երանաշնորհ պատրիարքին անակնկալ վախճանումը Էջմիածինի վեհարանէն ներս։