Comments are off for this post

«Արամ Արամ» Ֆիլմին Նուիրուած Քննարկում

 

«Արամ Արամ» Ֆիլմին Նուիրուած Քննարկում

 

aram_aram_flyer_USC_low_100715

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 18ին, «Ամերիքանա»ի «Փըսիֆիք» շարժապատկերի սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 3ին կայանալիք «Արամ Արամ» ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք, ֆիլմին եւ Սփիւռքին առնչուող անոր արծարծած հարցերուն նուիրուած քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ՝ կազմակերպութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին։
Քննարկումին պիտի մասնակցին ֆիլմի բեմադրիչը՝ Քրիսթըֆըր Չէյմպըրզ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեան եւ նոյն համալսարանի խորհրդականներու պատասխանատու Արա Արզումանեան։
Տոմսերը կարելի է ապահովել www.fandango.com կայքէն։

Comments are closed.