No comments yet

ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութիւնը, 23 Յունուար 2016, Շաբաթ երեկոյեան ի յարգանս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ճաշկերոյթ սարքեց, ուր հրաւիրուած էին շուրջ 100 Պոլսահայեր։

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Միութեան ատենապետ Էտվին Մինասեան, ծանրանալով միութեան աշխատանքներուն, Շնորհք Պատրիարքի կեանքին ու Սրբազան Հօր այցելութեան նպատակին։ Ապա խօսք առաւ, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեան, ծանրանալով Պոլսոյ կեանքին , Պատրիարքական Աթոռոյ դերին ու Փոխանորդ Սրբազան Հօր աշխատանքներուն վրայ։ Ապա, հրաւիրուեցաւ Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, որ արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ վիճակին, տարուած աշխատանքներուն, գաւառի մէջ ապրող մեր համայնքին տարուած հոգեւոր մատակարարութեան, Թուրքիա ապաստանած Սուրիահայ ու Իրաքահայ մերազն զաւակներուն վիճակին մասին։ Ապա, սեղանակիցներ հարցումներ ուղղեցին Արամ Սրբազանին եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ։ Ճաշկերոյթին Արամ Սրբազանը, Աղթամարի Եկեղեցւոյ կիտուած նկարը նուիրեց սոյն միութեան։

Post a comment