Comments are off for this post

PRESS RELEASE – ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

PRESSRELEASEEnglish

 

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ Մարտ 22, 2013ին, ժամը 8:00ին, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութիւնը իր Գործադիր Մարմնի Վարչութեան, Մշակութային եւ Մխիթարեան Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբերու համագործակցութեամբ, Միութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, նիւթ ունենալով ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, այս ուղղութեամբ ո±րքան եւ մինչեւ ո± ւր յառաջդիմած ենք, մեր կատարելագործումներն ու ձախողութիւնները:

Խօսք պիտի առնէ պատմաբան եւ ընկերաբան Փրօֆ. Թանէր Աքչամ: Ան նախագահն է Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեանց՝ Մասաչուսէթսի Գլարք Համալսարանին մէջ: Սոյն համալսարանը կը հայթայթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միակ պատմագիտական յայտագիրը՝ Ընդհանուր Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Փրօֆ. Թանէր Աքչամ ընկերաբանութեան գիտական ուսումնասիրութեանց աշխատանքին սկսած է Համպուրկի մէջ: Ընդարձակօրէն 11 գիրքեր գրած է պատմութեան եւ ընկերաբանութեան մասին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն եւ Թրքերէն լեզուներով: Ան ճանչցուած է որպէս առաջին թուրք պատմագիտնականը որ գրած է հատոր մը «Քաղաքական բռնաբարումն ու տանջանքը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ»: Իր լայնածաւալ ձեւով ճանչցուած հատորն է “A shameful act, The Armenian Genocide and the Turkish Responsibilty”.

Դասախօսութեան քննարկումի բաժինը պիտի կատարէ Փրօֆ.՝ Րիչըրտ Հրայր Տէքմէճեան, Հարաւային Գալիֆորնիոյ (USC) Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու ամպիոնին, նաեւ, նոյն համալսարանին Հայոց Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեանց Հիմնարկի Հիմնադիր եւ Տնօրէն: Փրօֆ. Տէքմէճեան եղած է Ամերիկեան բանակի veteran, աշխատած է իբրեւ խորհրդատու կարգ մը գործակալութիւններու, ընկերութիւններու եւ օտար պետութիւններու: Փրօֆ. Տէքմէճեան ունի Ph.D տիտղոս Գոլումպիա Համալսարանէն, անոր ուսուցումները սկզբնականօրէն կեդրոնացած են Աշխարհի Ղեկավարութեան, Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութիւններու, Ահաբեկչութեանց, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութեան, Մերձաւոր Արեւելքի Քաղաքականութեանց, Հայկական Ուսումնասիրութեան եւ Ռազմավարական Վտանգի Վերլուծումի մասին իր փորձառութիւններով:

Ձեռնարկին գլխաւոր դասախօս Փրօֆ. Աքչամ, նուիրումով լծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ծալքերը ուսումնասիրելու լուրջ եւ խիստ աշխատանքին, Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան եւ ուսումնասիրութեան համար ակադեմականներ եւ պատմագիտնականներ պատրաստելով: Աքչամ կը շեշտէ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը խռովայարոյց հարց է երկրագունդին տարածքին: Սակայն այստեղ կայ լուրջ մտահոգութիւն մը որն է՝ հիմնադրամի յատկացման պակասը, որ իր կարգին կը սահմանափակէ ուսանողներուն թիւը որոնք մեր ապագան են: Սոյն խոստմնալից թեկնածուներն են որոնք պիտի հայթայթեն լաւագոյն ձեւով հետազօտութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց զարգացման եւ յառաջացման ի նպաստ:

Նկատի առնելով այժմու Թուրքիոյ նենգամիտ մօտեցումը՝ որ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելով ամերիկեան համալսարաններուն մէջ զարգացնելու այն յայտագիրները որոնք պիտի թոյլատրեն ցեղասպանութեան ուրացումը որ արդէն ակադեմիան վարակելու վտանգի ենթարկման ճամբուն մէջ է: Այս միտումին դէմ պայքարելու միակ կարեւոր միջոցը նոր պատմագիտնականներ պատրաստելն է, որոնք պիտի արգիլեն ուրացումը մուտք գործելու ուսման դրութեան մէջ: Աքչամ կ՛ուզէ սոյն մարզին մէջ հետաքրքրուած ուսանողներուն համար վերոյիշեալ ահազանգը կանխել դրամահաւաք կատարելով որակաւոր ուսանողներուն կրթաթոշակները ապահովելու համար: Սոյն ուսանողներն են որ կ՛ըսէ Աքչամ, իրենց կատարած հետազօտութիւններով պիտի հայթայթեն լաւագոյն ձեւով ուսումնասիրուած եւ խելացի պատասխաններ՝ ուրացողներուն: Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան համար կատարելիք իրենց հետազօտութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները փնտռելու եւ մեր դատը պաշտպանելու պատմա գիտնականներ դառնալու համար իրենց դիրքն ու դերը փնտռելու նիւթական տագնապին ու շփոթանքին: Նաեւ, անոնք են որ պիտի պահեն կրթաթոշակին, հետազօտութեան եւ ուսման մղիչ ուժը, ըլլալով ապագայ Վահագն Տատրեաններ, Րիչըրտ Յովհաննէսեաններ եւ Աքչամներ:

Իսկ նման դասախօսական ձեռնարկի մը կազմակերպման բուն նպատակը մեր գաղութին մէջ խորին հասկացողութիւն ստեղծելն է Հայոց Ցեղասպանութեան ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, նիւթին մասին: Մենք կը հաւատանք որ սոյն հասկացողութիւնը պիտի ստեղծէ այն հետաքրքրութիւնը այս աշխատանքին շուրջ: Uակայն այնտեղ կայ տակաւին իրականութիւն մը, «Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը» որ հետզհետէ դարձած է աւերող չարիք մեր կեանքին մէջ եւ Փրօֆ. Թանէր Աքչամի ջանքը պատմագիտնականներ պատրաստելու համար շատ աւելի դժուար դարձած է նիւթական գետնի վրայ: Հետեւաբար, համայն հայութեան եւ մեր պարտականութիւնն է իբր հայեր, ճամբայ բանալ անոնց որպէսզի կարենան այդ մեծ պատասխանատուութիւնը ստանձնել իրենց եռանդագին տարիքին, նաեւ, իրենց կատարելիք հետազօտութիւններով միջազգային եւ գիտական շրջանակներու մէջ հեղինակաւոր յարաբերութիւններ մշակել: Իրենք են որ պիտի ըլլան նոր վերազարթօնքի մը վճռական նուիրեալ պատմագիտնականները: Զոհողութեան ճամբով մեր դատը ճանաչում գտնել տալու համար մեր նշանաբանը մեր գիտակցութեան մէջ չդառնայ խօսք, չմնայ գիր:

Մենք իբրեւ Պոլսահայ Միութիւն, կը հրաւիրենք մեր հայ ժողովուրդը ունկնդրելու այս շատ կարեւոր դասախօսութիւնը, զոյգ Փրոֆէսօրներու կողմէ, մեր Միութեան սրահին մէջ, հասցէ՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306.

Մուտքը ազատ է եւ ձեռնարկին աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Comments are closed.