In Memoriam Edvin E Minassian

.. Էտվին Մինասեան (1963-2021) Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք մահուան գոյժը՝ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ, գաղափարի նուիրեալ եւ հաւատաւոր մշակ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանի: Հոգեհարազատ մեր անդամին անժամանակ մեկնումով, Պոլսահայ Միութիւնը կորսնցուց միութեան խոր եւ աներեր համոզումներու տէր, առաքինի երախտաւոր մը, որ երեսուն երկար տարիներ ինքնամատոյց եւ անմնացորդ կերպով ծառայեց ի...