Comments are off for this post

Getronagan Pajagi Or 2012 Los Angeles



ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ


ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆՈՒՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ


ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ 126ՐԴ ԱՄԵԱԿԻ


ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ


Գրեց՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս


Իսկապէս որ հոգեկան քաղցրագոյն պահերէն մին էր որ ապրեցան Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի անդամներն ու համակիրները, ուր նախկին կեդրոնականցիներ զիրար գտան հին օրերու կարօտի զգացումին ընդմէջէն, դպրոցական յիշատակներու վերյիշումով որոնք բացուեցան ու ծաղկեցան իրենց հոգիներուն մէջ, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2012ի գիշերը, Միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, տօնակատարելով վարժարանին 126րդ ամեակի «Բաժակի Պահ»ը:


Ձեռնարկը հանդիսավարեց Տիար Յակոբ Ծերունեան, բոլորին ողջունելով եւ բարի երեկոյ մաղթելով: Ներկաները ճաշակեցին համադամ աղանդերներն ու ճաշերը մեղմիկ մեղեդիներու ունկնդրութեամբ: Ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Կեդրոնական Վարժարանի Սանուց Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Աւետիս Թէքօլեանը որ ներկաներուն ծանօթացուց իր Յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ սոյն ձեռնարկը իրականացնել: Իր յանձնախումբին անունով իր շնորհակալութիւնները յայտնեց միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանին, Գործադիր Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ Գուրգէն Պէրքշանլարին եւ իրենց վարչական անդամներուն, Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի Մարուքեանին, Տիար Ժիրայր Արսլանին, Տիար Գառնիկ Օհանեանին, Տիար Եղիա Քէօսէին, Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանին եւ հանդիսավար Տիար Յակոբ Ծերունեանին, իրենց բերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեանց համար:


Ապա հրաւիրեց Միութեան Գործադիր Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գուրգէն Պէրքշանլարը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելուն այսպիսի ձեռնարկի մը, ըլլալով կեդրոնականցիի զաւակ: Ան հպարտանքով արտայայտուեցաւ որ Կեդրոնական Վարժարանը ազգին համար հասցուցած է մեծ արժէքներ: Ան շեշտեց թէ Միութեան երեք Սանուց Յանձնախումբերը՝ Կեդրոնական, էսաեան եւ Մխիթարեան կը ներկայացնեն կամուրջ մը մեր եւ անցեալին միջեւ, որոնք պէտք է դառնան մղիչ ուժեր միութեան Երիտասարդաց, Ե.Ա.Ն. (Հայ Երիտասարդաց Համացանց), Փոքրերու Ակումբին, եւ Մարզական յանձնախումբերուն համար, որովհետեւ պէտք է որ նոր սերունդը այս երդիքին տակ վարժեցնել, որդեգրելով զանոնք եւ ազգօգուտ աշխատանքներով քաջալերելով ու հոգալով անոնց բոլոր ծախսերը զօրավիգ կանգնելով իրենց գործունէութիւններուն:


Հանդիսավարը յայտնեց թէ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանը Պոլսահայ համայնքին մաս կը կազմէ եւ բոլորիս աւանդ ձգուած է նուիրեալ եւ ծառայասէր հայորդիներու կողմէ: Ան հրաւիրեց բոլորը յարգանքի տուրք մատուցանելու Վարժարանին ծառայող հարիւրաւոր անձերուն խնկելի յիշատակին, սկսելով Երջանկայիշատակ Ներսէս Արք. Վարժապետեանէն, բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն, նուիրատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, եւ այն բոլոր ծառայող յանձնախումբերուն, որոնք տարիներու ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուած են:


Հրաւիրուեցան երիցագոյն անդամք՝ Տիար Արամ Տուհանճըօղլուն եւ Սուրէն Կիւզէլմօրայ եւ կրտսերագոյն անդամ՝ Տիար Մասիս Աբիկը եւ բոլորը միասին բաժակները բարձրացնելով գոչեցին ապրի՛ Կեդրոնականը, ապրի՛ Կեդրոնականցին:


Ապա ատենապետ Աւետիս Թէքօլեան բացատրութիւն տուաւ թէ յիսուն տարի եւ աւելի շրջանաւարտ եղող անձերուն յիշատակի գիրեր պիտի բաժնուին, հետեւաբար հրաւիրեց ինը անձեր որոնցմէ հետեւեալ չորսը, ատենապետին ձեռամբ ստացան իրենց յիսունամեակի շրջանաւարտութեան յիշատակի գիրերը, տեարք՝ Խաչիկ Սավսա, Սարգիս Սէթեան, Ժիրայր Արսլան եւ Վահան Պահարեան: Իսկ տեարք՝ Յակոբ Ծերունեան, Սուրէն Կիւզէլմօրայ, Երուանդ Տօնիկեան, եւ Էտուար Շաքարեան ստացան յիսուն տարի եւ աւելի շրջանաւարտութեան իրենց յիշատակի գիրերը:


Յանձնախումբի անդամները իրար մօտ գալով հատեցին 126րդ ամեակի կարկանդակը նուիրուած՝ Տիար Ժիրայր Արսլանի կողմէ:


Վայելքի եւ հոգեկան ցնծութեան պահ մըն էր որ ներկաները վերապրեցան իրենց սիրելի վարժարանին պատմութիւնը, նախկին անուններու վերակոչումով, վարժարանին պատմական դէմքերուն վերակենդանացումով, անոր անցեալի յիշատակներն ու օրերը յաւերժացնելու տենչը իրենց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ վերածաղկած:

Comments are closed.