No comments yet

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԶՐՈՅՑ ԵՐԱԺԻՇՏ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՒ ԶՐՈՅՑ ԵՐԱԺԻՇՏ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019 երեկոյեան ժամը 8ին, Պոլսահայ Միութիւնը հիւրընկալեց Պոլսահայ գաղութի ծանօթ երաժիշտ՝ Պարթեւ Կարեանը, Հանդիպում եւ Զրոյցի սուրճի պահով, ուր ներկայ էին Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, փոխ ատենապետ՝ Պրն. Կարպիս Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ Միութեան անդամներ:

Երաժիշտ Կարեան ծանօթութիւններ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութեանց, դպրոցներուն, միութիւններուն, երիտասարդաց եւ իր յաջորդ ծրագիրներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ երաժշտութեան կարեւորութեան եւ իր երաժշտական գործունէութեանց մասին: 

Տեղի ունեցաւ նաեւ յիշատակի լուսանկարի պահ:

Նշենք թէ Կարեան 1976ին սկսած է կիթառի դասերու հետեւիլ:

Մանուկ տարիքէն սկսեալ, իր նախասիրութեան առանցքը կազմած է հայկական երաժշտութիւնը եւ ան ինզինք մարզած է այդ ուղղութեամբ:

Բազմաթիւ անգամներ Սփիւռքահայերու կողմէ հրաւիրուած է Ամերիկա, Գանատա եւ Աւստրալիա: Բացի այս երկիրներէն, հրաւէրներ ստացած է նաեւ Հոլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, եւ Զուիցերիոյ նման Եւրոպական երկիրներէ, որոնց ընդառաջելով բեմ բարձրացած է:

Սիտնէյի, Փարիզի, Նիու Եորքի եւ Վանքուվըրի հայերէնով սփռում կատարող ձայնասփիւռներու զանազան յայաւգիրներուն մասնակցութիւն բերած է: Իսկ Հայաստանի Պետական Ձայնասփիւռը որ իրեն հետ ըրած է կենսագրային բնոյթ երկու ժամուան յայտագիր:

2000ին, հայ երաժշտութիւնը իր ապագայ սերունդներուն փոխանցելու առաքինութիւնը իրականացնեու յոյսով պատրաստած է «Մանկութիւնն է» անուն ձայներիզը:

2005ին, Իսթանպուլի մէբ առաջին անգամ հայկական Սեմֆոնիք փոփ համերգներու հիմնադիրներէն մէկը եղած է: «Տեսիլք» անունին տակ 70 հոգիէ բաղկացեալ այդ ծրագրին մենակատարը եղած է: Միեւնոյն տարին «Տեսիլքի»ը համերգները կրկնուած են երեք անգամ:

2004-2005 թուականներուն «Եաշամ» ձայնասփիւռի մէջ հայկական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու նպատակաւ պաշտօն ստանձնած է:

2010-2012 տարիներուն հայկական երաժշտութեան ծառայելու նպատակով, «Պարթեւ եւ Իր Ընկերները» անուան տակ, Իսթանպուլահայ  համայնքի սիրուած մենակատարներուն հետ շարք մը համերգներ սարքած է:

2014ին, համայն աշխարհի մէջ ընդունելութիւն գտաւ acoustic երաժշտութեան  ոճով մեկնաբանուած 20 հայկական երգերով տուած է համերգ մը, որուն կրկնումը կատարուած է չորս ամիս յետոյ եւ հասած է 1400 հոգիներու:

Նոյն տարին, հայ երաժշտութեան եւ մշակութային ծառայութիւններուն նկատմամբ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կրօնական Ժողովի կողմէ արժանացած է Օրմանեան Շքանշանին:

2015 թուականին, սարքած է նոր համերգ մը որ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:

2017ի համերգին Առագաստ նուագախումբին աւելցուցած է չորս լարաւոր նուագարաններ:

Պարթեւ, 2018ին ամբողջացուց երաժշտութեան մէջ 40րդ տարին եւ դարձեալ բեմ բարձրացաւ համերգով:

«Հայ Երգով 40 տարի» վերնագրով այս համերգն ալ կրկնուեցաւ երկու անգամ:

Սոյն համերգին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւնը շնորհաւորելով Պարթեւի Հայ Երգի նկատմամբ ծառայութիւնն ու վաստակը՝ կնքեց շքանշանով:

Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին ձօնուած միջոցառումներու շարքէն երաժշտական ներկայացում մը կատարած է, Յունուար 19 շաբաթ օր Պէյօղլու «Հանճը» անուն դահլիճին տուտուկահար Սայաթի ընկերակցութեամբ եւ յատուկ մշակուած յայտագիրով յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակ մտաւորական Հրանդ Տինքի յիշատակին։

Պարթեւ կը շարունակէ իր աշխատանքները քաղաքիս եւ արտասահմանի մէջ:

Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութիւնը, Գործադիր Յանձնախումբն ու բոլոր յարակից Յանձնախումբերը կը մաղթեն Պարթեւ Կարեանին բազում յաջողութիւններ եւ նոր հորիզոններ իր երաշժտական աշխարհին մէջ:

Post a comment