ՕՍՄԱՆ ՔԷՕՔԷՐ ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
10 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի յետ միջօրէին Մխիթարեան Վարժարանը իր երդիքին տակ հիւրընկալեց շատ արժէքաւոր մտաւորական մը, յանձին հրատարակիչ, հետազօտիչ և պատմաբան Օսման Քէօքէրի: Բանախօսութեան ներկայ էին Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրերէն Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, լիկէոնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, նախակրթութեան տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, վարժարանի ուսուցչական կազմը և միջնակարգի ու լիկէոնի աշակերտութիւնը:
«Պիրզամանլար» հրատարակչատան սեփականատէր Օսման Քէօքէր ծանօթ անուն է որպէս Թուրքիոյ մշակութային զանազանութեան և հարստութեան բուռն պաշտպան և իր բոլոր գործունէութիւններով հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցոյց կու տայ տաքուկ մերձեցում: Օսման Քէօքէր եկած էր Մխիթարեան Վարժարան տղաքը լուսաբանելու համար Թուրքիոյ երբեմնի հայաշատ թաղերու և հայերու կողմէ ստեղծուած պատմական հարստութիւններու մասին: Արդէն Մխիթարեան Վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնութիւնը օգտուելով Նոր Տարուայ արձակուրդէն կը ծրագրէր իրականացնել շրջապտոյտ մը դէպի ներքին Անատոլուի քանի մը հայաբնակ գաւառները, ինչպէս՝ Էսկիշէհիր, Գոնիա, Ագշէհիր և Սիվրիհիսար: Ուստի Օսման Քէօքէր մասնաւորաբար ծանրացաւ Անատոլուի այս կեդրոններուն վրայ և տղոց փոխանցեց օգտաշատ տեղեկութիւններ այդ շրջաններէն: Տեսողական առարկաներով ճոխացած իր ծանօթացման մէջ յարգելի պատմաբանը բացիկներու միջոցաւ խօսեցաւ Անատոլուի հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն, դպրոցներուն, բաղնիքներուն, գործարաններուն և բնակարաններուն մասին, որոնք դժբախտաբար ներկայիս կամ բոլորովին սրբուած են պատմութեան էջերէն և կամ աւերակ վիճակ ստացած: Իսկ կարգ մը ճարտարապետական կառոյցներ կը ծառայեն այլ նպատակներու. պատահմամբ կանգուն մնացած եկեղեցիներ կ՚օգտագործուին որպէս շտեմարան, մարզասրահ և կամ մշակութային կեդրոն:
Պատասխանելով տղոց հարցումներուն՝ յարգելի բանախօսը մատնանշեց թէ 1900ական թուականներու սկիզբը Անատոլուի սահմաններու մէջ գոյութիւն ունէր մօտաւորապէս 2200 եկեղեցի, որոնցմէ այսօր գործօն վիճակի մէջ են հազիւ չորս-հինգ հատը: Դարձեալ պատասխանելով աշակերներէն մէկուն ուղղած այն հարցումին թէ ինք ինչու իրեն պարտականութիւն կը համարէ զբաղիլ հայոց մշակութային արժէքներով, պատմաբանը ընդգծեց թէ իր նպատակն է թուրքերու բացատրել թէ հայերը այս հողերուն վրայ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունին և անցեալը ուրանալը, պաշտօնական պատմութիւն մը հնարելը ազգի մը ոչի՛նչ կը շահեցնէ, ընդհակարակը այդ ազգը կը հեռացնէ եղբայրասիրութենէ, այլասիրութենէ և զայն կը դարձնէ ազգամոլ ու ազգապաշտ: Եւ այս մէկն ալ շատ վտանգաւոր բան է, այդ ազգին համար կը ստեղծէ նուաստացուցիչ հանգամանք:
Ողջ բանախօսութեան ընթացին Օսման Քէօքէր իր հաղորդական ոճով, իր արդար ու անաչառ կեցուածքով սիրտը գրաւեց բոլոր Մխիթարեանցիներուն և անգամ մը եւս եկաւ մեր զաւակներուն յիշեցնել թէ մենք որքա՜ն մեծ հարստութեան մը ժառանգորդներն ենք, ինչ որ ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը դառնայ շատ մը այլազգի պատմաբաններու: Նաեւ այս շահեկան բանախօսութիւնը կրկին մեզի յուշեց թէ կարելի չէ ուրանալ անցեալը և օր մը չէ օր մը ան անպայման երեւան կ՚ելլէ Օսման Քէօքէրի նման խղճամիտ ու մարդասիրական զգացումներով տոգորուած անձերու միջոցաւ:
Pangaltı Mıhitaryan İlköğretim Okulu 5-8. sınıflar için Eskişehir, Sivrihisar, Konya ve Akşehir’e bir gezi düzenliyormuş. Benden o şehirlerin tarihine ilişkin bir sunum yapmamı istediler. Şehirlerin 100 yüz yıl önceki hallerine ilişkin bol görselli bir sunum yaptım. Benim için büyük mutluluktu.