Comments are off for this post

Պոլսահայ Միութիւնը հիւրընկալեց եւ ողջունեց հայ երեք կուսակցութիւնները միութեան կեդրոնին մէջ

DSC_1306.JPG

Պոլսահայ Միութիւնը հիւրընկալեց

եւ ողջունեց հայ երեք կուսակցութիւնները

միութեան կեդրոնին մէջ

 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

Կիրակի, Մարտ 16, 2014ին, ժամը 6:00ին, Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութիւնը իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր հանդիպման եւ հիւրընկալման երեկոյ մը, թերեւս Միացեալ Նահանգներուն մէջ առաջին անգամն ըլլալով, Հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նիստին` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը  ներկայացնէր Տիար  Գրիգոր Խոտանեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը  ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Բիւրոյի Ատենապետ եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, իսկ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր Դոկտ. Մինաս Գոճայեան:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի Ատենապետ՝ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան որ բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց, եւ ներկաները մի առ մի թուեց սկսելով Հոգեշ. Տ. Տաճատ Արք. Եարտըմեանէն, Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեանէն, Երեք կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, Մամլոյ եւ Մշակութային Քոյր Միութիւններու ընկերներ, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի եւ Ապրիլ 24ի Համահայկական Միացեալ Մարմնի անդամներ:

Ժողովին նպատակակէտի բացատրութենէն ետք, հանդիսավարը իր շնորհակալիքը յայտնեց Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանին, Հոգաբարձութեան փոխ Ատենապետ եւ Գործադիր Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Մարուքեանին եւ Հոգաբարձութեան փոխ Գանձապահ  եւ Գործադիր Յանձնախումբի փոխ Ատենապետ՝ ու Մխիթարեան Սանուց Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Էտի Սարաֆօղլուին, Գործադիր Յանձնախումբի անդամներ՝ Տիկնայք Թալին Սարաֆօղլուին եւ Էրլին Մարուքեանին որոնք սոյն ձեռնարկին հիւրասիրութիւնը ստանձնած էին, Միութեան քարտուղարուհի՝ Տկն. Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսին, Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Սարաֆեանին եւ Միութեան ներքին գործերու պատասխանատու Տիար Սարգիս Սալկընին որոնց օգնութեամբ իրականացաւ սոյն ձեռնարկին կազմակերպութիւնը: Նոյնպէս, Տոքթ. Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, իրենց սիրայօժար ներկայութեան համար եւ երեք լրագիրներուն որոնք սիրով կատարեցին սոյն յատկանշական ձեռնարկին ծանուցումները:

Ապա Տոքթ. Աւետիքեան Միութեան հակիրճ պատմականը ըրաւ եւ խօսեցաւ կուսակցութիւններուն այսօրուան եւ անցեալին ընդհանուր դիրքորոշումներուն մասին:

Բեմին վրայ տեղ գրաւած երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն՝ առաջինն ըլլալով հրաւիրուեցաւ Տիար Գրիգոր Խոտանեան խօսք առնելու՝ որուն կենսագրականը ընթերցեց Տոքթ Աւետիքեան: Ապա Տիար Խոտանեան Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան հակիրճ պատմականը ընթերցեց որ կազմուած էր Ժընեւի մէջ, 1887ին: Այդպէս կոչուած իր պաշտօնաթերթին՝ Ժընեւ հրատարակուող «Հնչակ»ի անունով: Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներն ու ղեկավարներն էին՝ Նազարբեկեաններ, Ռուբէն Խանազատ, եւ այլ անձեր:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որուն հակիրճ կենսագրականի ընթերցումէն ետք, հրաւիրեալը խօսեցաւ կուսակցութեան ծագման մասին, պատմական ակնարկ մը նետելով Դաշնակցութեան հիմնադրութեան, դիմագծին, աշխարհահայեացքին, անկախութեան գաղափարին, երիտասարդութեան նկատմամբ գլխաւոր կիզակէտին եւ մտահոգութեան, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու  մէջ անոր կեդրոններուն մասին:

Հրաւիրուեցաւ Ռամկավար Ազատական  Կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, որուն հակիրճ կենսագրականը հանդիսավարը ընթերցելէ ետք, Դոկտ. Գոճայեան խօսեցաւ ՌԱԿի հիմնադրութեան մասին, ըլլալով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր մէկ մասը, մանաւանդ որբանոցներ եւ հայկական թերթեր հիմնելու մարզին մէջ դեր ունենալուն, նաեւ, Մայր Հայրենիքի մէջ իր ներկայութեան մասին »ՀՌԱԿ» անունի տակ:

Ապա հրաւիրուեցան բանավէճին մասնակցող Պոլսահայ երեք սերունդ հետեւեալ անձերը: Իրաւաբան Էտվին Մինասեան, Ատենապետ՝ Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Միութեան նախկին Ատենապետ եւ ներկայ Ատենապետ՝ Պոլսահայ Միութեան Ընդհանուր Ժողովի՝ Ճարտարապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու, եւ Իրաւաբանուհի Տիկին Ժպիտ Չէբքինեան-Չընար, Ատենապետուհի՝ Պոլսահայ Միութեան Կրթաթոշակի Յանձնախումբի, որոնց հակիրճ կենսագրականները հանդիսավարը ընթերցելէ ետք, անոնք հարցումներ ուղղեցին Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:

 

Հարցումներ ուղղուեցան արտագաղթի հարցին,  կաշառակերութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերվարութեան, Արցախի անկախութեան եւ այդ ուղղութեամբ դուրսէն եկող սպառնալիքներուն մասին: Նաեւ, եթէ երբեք Հայաստանի Խորհրդարանին մէջ ներկայ որեւէ կուսակցութեան զօրավիգ կը կանգնին: Եթէ պատասխանը ոչ է, ինչպիսի քաղաքականութիւն կը հետապնդեն սոյն հարցերուն նկատմամբ:

 

Հարցումներ ուղղուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի, վերջերս Ատրպէյճանի կառավարութեան մեղադրանքին մասին Սուրիահայերու բնակեցման: Պոլսոյ Հայ Համայնքի մշակութային այժմու աշխատութեանց մասին եւ եթէ ներկայ պայմաններու տակ, Պոլսահայերը պիտի կարենան պահպանել իրենց ազգութիւնն ու ինքնութիւնը: Հայրենիքի բարգաւաճման ի նպաստ ծրագիրներուն եւ կուսակցութեանց դիրքերուն մասին Հայաստանէն ներս: Նաեւ, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող օտար ընկերութիւններու կողմէ կառավարուող մետաղի հանքավայրերու մնացորդներու հոսեցման մասին գետերուն մէջ, զոր պատճառ կը դառնան մարդոց մահուան եւ բնութեան վնասին: Պոլսոյ Հայ համայնքին մասին կուսակցութեանց տպաւորութիւններուն մասին: Եւ վերջին բաժնով Հայաստան-Թուրքիա սահմաններուն բացման օգտակարութեան մասին:

 

Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ալ շատ գոհացուցիչ պատասխաններ տուին հայութիւնը յուզող հարցերուն,  հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի  առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարներուն, արտագաղթին դրդապատճառներուն  վրայ բոլորին ուժերուն կեդրոնացման, նիւթական օժանդակութեանց, Արցախին հողին վերադարձման ոչ սակարկման, Ատրպէյճանական իշխանութեանց ոչ մէկ թելադրանք կատարելու իրաւունքին ամուր դիրքորոշումներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց պնդումը պետութեան բանակցութեանց սեղանին վերադառնալու մասին:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխանի պահ ներկաներուն կողմէ:

Ձեռնարկի աւարտին, հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուցիչներուն խօսքերուն համար, ապա յայտարարութիւններ կատարեց Միութեան յառաջիկայ ձեռնարկներուն մասին:

Նաեւ կայացաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Իսկ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատուոյ հիւրերը հիւրասիրուեցան Միութեան յատուկ հիւրասրահին մէջ եւ ունեցան մտերմիկ պահու սերտ զրոյցներ, խորհրդածութիւններ եւ փոխադարձ կարծիքներ ու գաղափարներ:

Իսկապէս որ տեղեկատուական տպաւորիչ ձեռնարկ մըն էր եւ շնորհաւորելի են իրենց ազդու եւ արտայայտիչ զեկոյցներուն համար:

 

Comments are closed.