ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Սիրելի Անդամներ եւ Բարեկամներ,
Մինչ կը ձեռնարկենք Պոլսահայ Միութեան համար նոր շրջանի մը, կ՛ուզենք նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք իրենց ծառայութիւնը ամբողջացուցին իրենց Վար-չութիւններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ, նաեւ կ՛ուզենք բարի գալուստ մաղթել անոնց որոնք ընտրուած են կամաւոր ծառայութիւն բերելու: (Հոգաբարձութեան եւ Գործադիր Յանձնախումբի ներկայ անդամներուն ցանկը պիտի տեսնէք Միութեան լրատուին մէջ): Բարի գալուստ կը մաղթենք նաեւ նորակազմ «Յատուկ Ձեռնարկներու Յանձնախումբին» իրենց ուժեղ մասնակցութեան համար Միութեան ձեռնարկներուն ծառա-յութեան, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին: «Ձկնորսներու Գիշերուան» անցած խրախճանքը լրիւ յաջողութիւն էր որ Միութեան ֆոնտերու նիւթական կարիքին բաւարար օգուտ ունեցաւ:
Այս նոր շրջանին կ՛ակնկալենք մեր անխոնջ աշխատանքով նուազեցնել միութեան շինարարութեան մնացեալ պարտքը, շարունակելով մեր հաստատուն գնացքը դէպի ամուր ելեւմտական ապագայ: Անշուշտ շատ ուշադիր մնալով մեր անդամներուն եւ համայնքին հանդէպ, մեր մշակոյթը պահպանելու համար ձեռնարկներ կազմակերպելով: Միութեան Մշակութային Յանձնախումբը Քոյր Միութիւններու աջակ-ցութեամբ, Տիկնանց եւ միւս Յանձնախումբերը ապագայ ծրագիրներ ունին կրկնապատիկ ձեռնարկներու: Նոր Տարուան սկզբնաւորութեան, մեր առանցքային միջոցառումը պիտի ըլլայ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի սպանութեան եօթներորդ ոգեկոչումը, որուն համար պիտի կազմակերպենք շատ հարուստ եւ դաստիա-րակչական ձեռնարկ մը: Հպարտ ենք յայտարարելու թէ այս տարի մենք պիտի շնորհենք Հրանդ Տինքի Կտակին մեր առաջին Ազատութեան մետալն ու մրցանակը: Ծանուցումը պիտի յայտարարուի մօտ ատենէն: Նաեւ, մենք ըլլալով շատ գործօն անդամ մը Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճէլըսի Միացեալ Մարմնին, պիտի ունենանք գլխաւոր մասնակցութիւն՝ Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն առթիւ Մոն-թէպէլլոյի Հայոց յուշարձանին առջեւ:
Բոլորս միասնաբար կ՛աշխատինք զանազան յայտագիրներով ծառայելու մեր համայնքին, ըլլան անոնք փոքրերու, տարեցներու եւ միջին տարիքի, պարի դասընթացքներով, թատերական խումբեր կազմելով, Կեդրոնը բաց պահելով ընդհանուր անդամակցութեան եւ բարեկամներու, Հայկական ճաշեր հրամցնելով: Այս բոլորը աշխատանքի ընթացքի մէջ են: Նաեւ, ծրագրուած է կազմակերպել դաստիա-րակչական սեմինարներ, ինչպէս նաեւ դպրոցներու եւ այլ աշխատանքներու վերաբերեալ համացանցեր մեր երիտասարդ ուսանողներուն եւ մասնագէտներուն համար: Միութեան կայքէջն ալ բարեփոխման վիճակի մէջ է, միշտ ուշադիր մնալով մեր բարեսիրական նպատակներուն: Հակառակ մեր նիւթական դժուարու-թիւններուն, մենք կը շարունակենք կրթաթոշակներ եւ նիւթական օգնութիւններ յատկացնել արժանի աշակերտներուն:
Հաճեցէք միանալ մեզի, կամաւոր աշխատանք բերելով մեր զանազան Յանձնախումբերուն մէջ, ձեր նիւթական օժանդակութեամբ եւ ներկայ գտնուելով միութեան ձեռնարկներուն, նաեւ, քաջալերելով ձեր զաւակները մասնակցելու, որովհետեւ անոնք են Պոլսահայ Միութեան ապագան: Եթէ որեւէ առաջարկներ, յանձնարարութիւններ եւ կառուցողական քննադատութիւններ ունիք, կրնաք զանոնք մեզի փոխանցել, տրուած ըլլալով որ բարելաւութիւններու նկատմամբ միշտ պատրաստակամ ենք, որպէսզի այս միութիւնը լաւագոյնը կարենայ ըլլալ:
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Հոգաբարձութեան Գործադիր Յանձնախումբի
Ատենապետ Ատենապետ
ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՌԱՖՖԻ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ