
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանցուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին: Մասնաւորապէս Ռահպանի եղբայրներուն եւ Ֆէյրուզի հետ իր համագործակցութեամբ Ֆազլեան յաջողած է կերտել լիբանանեան թատրոնի ոսկի օղակներէն մին: Ֆազլեան կարեւոր ներդրում ունի նաեւ լիբանանահայ թատրոնի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ: Ան հանդէս եկած է տասնեակ շարժանկարներու մէջ եւ բեմ հանած մեծ թիւով թատերական բեմադրութիւններ: Մտաւորական Ֆազլեան նոյնպէս իր ուրոյն տեղը ունեցած է գաղութի մտաւորական շրջանակներուն մօտ եւ անոր կեցուածքները կ’ընկալուէին խորագոյն յարգանքով: Ան, որպէս թատրոնի եւ թատերական նիւթերու դասախօս, յայտնի անուն է Լիբանանի համալսարանական շրջանակներուն եւ արժանացած է տեղական մտաւորական եւ գեղարուեստի շրջանակներու յարգանքին: Ֆազլեան ամուսինն է գեղանկարիչ, ասմունքող Տիկն. Սիրվարդ Ֆազլեանի եւ հայրը՝ Լիբանանի Սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Յարութ Ֆազլեանի: