No comments yet

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ»

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ»

Պոլսահայ Միութեան «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԸ» անուանուած է ի յիշատակ Պոլսոյ Ակօս Շաբաթաթերթի հիմնադիր՝ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի:
Հրանդ Տինք լու՜ռ քաջութեան անձ մըն էր: Ան մէկն էր որ հասկցած էր թէ հաղորդակցութիւնը միակ միջոցն է փոխըմբռնումի եւ խաղաղութեան:
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ Չորեքշաբթի Յունիս 4, 2014ին գիշերը ժամը ճիշդ 8ին պիտի կատարուի բացումը Միութեան «Հրանդ Տինք Դասախօսութեան Սրահին»: Բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը:
Տեղի պիտի ունենայ բանախօսութիւն՝ Տինքի յիշատակին հաստատուած Հիմնադրամի Հիմնարկին, որ կը ջանայ ծրագիրներ մշակել մարդկային իրաւունքներու դաստիարակչութեան գծով։
Սոյն բանախօսութիւնը պիտի կատարէ Հիմնադրամի Հիմնարկին Ծրագրի Համակարգող՝ (Project Coordinator) Զէյնէբ Թաշքըն:
Տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ:
Կը հրաւիրուին Պոլսահայ Միութեան անդամները, համակիրները եւ համայն Հայ ժողովուրդը:

Post a comment