Comments are off for this post

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ»

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ»

 

Պոլսահայ Միութեան «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՀԸ» անուանուած է ի յիշատակ Պոլսոյ Ակօս Շաբաթաթերթի հիմնադիր՝ հանգուցեալ Հրանդ Տինքի:

Հրանդ Տինք լու՜ռ քաջութեան անձ մըն էր: Ան մէկն էր որ հասկցած էր թէ հաղորդակցութիւնը միակ միջոցն է փոխըմբռնումի  եւ խաղաղութեան:

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ Չորեքշաբթի Յունիս 4, 2014ին գիշերը ժամը ճիշդ 8ին պիտի կատարուի բացումը Միութեան «Հրանդ Տինք Դասախօսութեան Սրահին»: Բացման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը:

Տեղի պիտի ունենայ բանախօսութիւն՝ Տինքի յիշատակին հաստատուած Հիմնադրամի Հիմնարկին, որ կը ջանայ ծրագիրներ մշակել մարդկային իրաւունքներու դաստիարակչութեան գծով։

Սոյն բանախօսութիւնը պիտի կատարէ Հիմնադրամի Հիմնարկին Ծրագրի Համակարգող՝ (Project Coordinator) Զէյնէբ Թաշքըն:

Տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ:

Կը հրաւիրուին Պոլսահայ Միութեան անդամները, համակիրները եւ համայն Հայ ժողովուրդը:

 

Comments are closed.