No comments yet

Մաժակ Թօշիկեանի «Հրանդ Տինք» Օրաթորիօն Հնչեց Լոս Անճելըսի Մէջ (ASBAREZ)

Մաժակ Թօշիկեանի «Հրանդ Տինք» Օրաթորիօն Հնչեց Լոս Անճելըսի Մէջ

 

ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա»ի Լոս Անճելըսի աշխատակից Սիմոն Աճըիլաճօղլու հետեւեալ տեղեկութիւնները կը հաղորդէ Մաժակ Թօշիկեանի «Հրանդ Տինք» օրաթորիոյի՝ Լոս Անճելըսի ներկայացման մասին.

«Անմոռանալի եւ յատուկ երեկոյ մըն էր այս, որ Երեւանէն եւ Պոլիսէն ետք, այս անգամ ալ կը կրկնուէր Լոս Անճելըսի մէջ, եւ որով կ՛ոգեկոչուէր Հրանդ Տինքը՝ իր սպանութեան 9րդ տարելիցին առթիւ։ Թօշիկեանի հեղինակութեամբ, «Հրանդ Տինք» օրաթորիոյի՝ աշխարհի մէջ երրորդ ունկնդրութիւնը պիտի ըլլար այս մէկը։

Բոլոր անոնք, որ Շաբաթ, Ապրիլ 16ի երեկոյեան ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըս, Փասատինայի «Ամպասատոր» համերգասրահը եւ ուշադրութեամբ ունկնդրեցին օրաթորիօն, երկար տարիներ պիտի չկարենան մոռնալ այս ունկնդրութիւնը՝ Թօշիկեանի երաժշտութեամբ ու Պերճուհի Պէրպէրեանի խօսքերով։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ միութեան կողմէ, համագործակցութեամբ Լոս Անճելըսի համահայկական միութիւններու։

Օրաթորիոյի Համահայկական երգչախումբը կազմուած էր զանազան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներու երգչախումբերու անդամ-անդամուհիներէ (45 երգիչներ), որոնք, ղեկավարութեամբ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբի վարիչ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի, չորս ամսուան ընթացքին կրցան պատրաստուիլ՝ այս եզակի երաժշտութիւնը յաջողութեամբ ներկայացնելու։

0000Dink-Oratorio Համերգի մեներգողներն էին սոփրանօներ Ալենուշ Եղնազար, Նատիմա Աւագեան եւ պարիթոն Ռաֆֆի Քերպապեան։

Բեմը նախ յանձնուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Յարութ Տէր Դաւիթեանին, որ ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները, ինչպէս նաեւ մէկ վայրկեան լռութիւն պահելու 1915ի նահատակներու, Հրանդ Տինքի եւ Արցախի նահատակ զինուորներու հոգիներուն համար։ Տէր Դաւիթեան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդի հանճարներէն Եղիշէ Չարենցը ըսած էր. «Թէ ուզում ես ձայնդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»։ Բայց ամէն մարդու տրուած չէ իր ժամանակի շունչը դառնալ, բռնել ժողովուրդի բազկերակը եւ ըմբռնել ապրած ժամանակի պահանջները։ Ատոր համար ալ, սակաւաթիւ են անոնք՝ առաջնորդներ, որոնք ոչ միայն շատ լաւ կը հասկնան իրենց ապրած ժամանակը, այլ կարողութիւնը ունին աւելի վերջն ալ տեսնելու, կամ իրենց ժամանակէն առաջ անցնելու։ Տարիներ պէտք է անցնին, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ տեսնել ու գնահատել այդպիսիներուն իսկակա՛ն արժէքը։ Այս յիշեցումէն մեկնելով՝ ան արժեւորեց Հրանդ Տինքի տարած գործը։ «Հրանդ Տինքի հեռացումը հասկնալու միակ ձեւը՝ զի՛նք հասկնալն ու ըմբռնելն է», ըսաւ ան։

Համերգին ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Տաճատ վրդ. Եարտըմեան, պատուոյ հիւր Ռաքել Տինք, Պերճուհի Պէրպէրեան, յօրինող Մաժակ Թօշիկեան, վերապատուելի Պերճ Ճանպազեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ Մուրատեան, Հայ իրաւաբանական միութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Կարօ Ղազարեան, Հայաստանի փոխդեսպան Վալերի Մկրտումեան, Տինքերու փեսան եւ աղջիկը՝ Էրիք Նազարեան եւ Սերա Տինք-Նազարեան, Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովաննէսեան, Հնչակեան կուսակցութեան նախագահ Գրիգոր Տօտանեան եւ կինը, «Հորիզոն» կայանէն Մանուկ Սէրայտարեան եւ կինը, Ռամկավար կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Պալեան եւ կինը, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Վահէ Պօզոյեան եւ կինը, Հայ Օգնութեան Միութեան նախագահ Պեքի Պէրպէրեան՝ ամուսնոյն հետ, Կիլիկիոյ եւ Էջմիածնայ թեմերէն կղերականներ, «Ասպարէզ», «Նոր Օր», «Մասիս» եւ «Արմինիըն Օպզըրվըր» թերթերու ներկայացուցիչներ, մօտաւորապէս՝ 1200 ունկնդիր։

Նախ ցուցադրուեցաւ Հրանդ Տինքի կեանքն ու գաղափարները ցոլացնող 12 վայրկեաննոց տեսանիւթ մը, ուր Հրանդ Տինք կը խօսէր Եղեռնի, «Արմէն» ճամբարի եւ ազգային այլ նիւթերու մասին։

Անձնուէր վարիչ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան խլացուցիչ ծափահարութիւններու ներքեւ բեմ բարձրացաւ, երբ արդէն 45 հոգինոց երգչախումբի անդամ ու անդամուհիները գրաւած էին իրենց տեղերը։

Երգչախումբի հիասքանչ միասնականութիւնը բարձր գնահատանք գտաւ ներկաներուն կողմէ։ Երգեցողութիւնը այդքա՛ն տպաւորիչ էր, որ սրահին մէջ ծափերուն զուգահեռ սուլիչներ կը լսուէին, որպէսզի կրկնուէր իւրաքանչիւր երգ։

Երգչախումբի հիանալի երեք մեներգողները ողբագին զգացումներով կը բնութագրէին ողբացեալի կեանքի դրուագներէն ապրումներ։ Երգչախումբը ատեն-ատեն կը միանար մեներգիչներու ձայնին։ Միւս կողմէ, նուագախումբն ալ իր կարեւոր ներդրումը ունէր ձեռնարկի յաջողութեան մէջ։

Այս եզակի համերգը վերջ գտաւ ներկաներու ցնծագին ծափերով։ Ամբողջ սրահը ոտքի կանգնած՝ գնահատանքի խօսքեր կը բարձրացնէր հանդէպ մեներգողներուն, երգչախումբին, Մաժակ Թօշիկեանին եւ Պերճուհի Պէրպէրեանին։

Համերգի վերջաւորութեան բեմ բարձրացաւ Պոլսահայ միութեան եւ կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Էտվին Մինասեան, որ իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց Մաժակ Թօշիկեանին, Պերճուհի Պէրպէրեանին, Ստեփան Կէօզիւմեանին, ինչպէս նաեւ՝ հրաշալի երգչախումբի եւ նուագախումբի անդամներուն։ Ան ողջունեց սրահին մէջ գտնուող զանազան անձնաւորութիւնները, որոնք եկած էին իրենց յարգանքը ցուցաբերելու Հրանդ Տինքի յիշատակին։ Էտվին Մինասեան նաեւ յիշեց այն ճիգերը, որոնք վատնուեցան՝ «Քեմփ Արմէն»ը վերստին առնելու ուղղութեամբ։

Ամէնէն վերջին խօսքը առաւ Ռաքել Տինք, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ արտայայտուեցաւ Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ առկայ հարցերուն մասին։

Բացառիկ համերգ մըն էր, որ քանդակուած պիտի մնայ իւրաքանչիւր հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ»։

Post a comment