Թ. Աքչամ Կարեւորեց Գործակցութիւնը Սփիւռքահայութեան եւ Թուրք Հասարակութեան Միջեւ Հ. Տէօքմէճեան. «Պէտք Է Ուսումնասիրել Օսմանեան, Արաբական, Ռուսական, Պարսկական Նոր Աղբիւրները»
Ուրբաթ, Մարտ 22-ի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Ուինէթքա քաղաքին մէջ գտնուող Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ խիստ այժմէական նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց մը, որուն որպէս հիւր դասախօսներ, հրաւիրուած էին պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ (Armenian Genocide studies, Kaloosdian/Mugar Chair, Clark University, Worchester, MA) եւ Քաղաքական Գիտութիւններու Փրոֆեսըր Ռիչըրտ Հրայր Տէօքմէճեան (Director of Institute of Armenian Studies, USC, Los Angeles, CA): Աւելի քան 400 հայրենակիցներ ներկայ գտնուեցան այս խիստ շահեկան դասախօսութեան (ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը, տեղական թէ ազգային քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչ-ներ): Բացման խօսքը կատարեց Միութեան Գործադիր Վարչութեան անդամ Տիկ. Թալին Սարաֆօղլու: Ան ուղղակի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց օրուան գլխաւոր թեմային վրայ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնները եւ մասնագիտական ծրագիրները այսօր` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մեր ձեռքբերումներն ու թերացումները»: Ան հրաւիրեց Պոլսահայ Միութեան Ատենապետ Պրն. Գուրգէն Պէրքսանլարը, որպէսզի փոխանցէ բարիգալուստի իր խօսքը: Պէրքսանլար, ինչպէս միշտ, իր իւրայատուկ ոճով, ներկաներուն ուշադրութիւնը սեւեռեց իր վրայ: Անոր խօսքը դիպուկ էր, հակիրճ եւ տեղին: Մեծապէս կարեւորելով հայախօսութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէս մեր գոյապայքարի հիմնական զէնք ու միջոց, հայերէն լեզուով սկսաւ փոխանցել իր մտորումները օրուան կարեւոր թեմային շուրջ: Քլարք Համալսարանի Հայ-կական Ցեղասպանութեանց Ուսումնասիրութեան ամպիոնը եւ անոր վարիչ թուրք պատմաբան Թանէր Աքչամ շնորհակալ աշխատանք կը տանին Մէսէ-չուսէցի մէջ, ոտքի պահելով եւ ընդարձակելով այդ ամպիոնին աշխատանք-ները: Պէրքսանլար յիշեց, որ Աքչամ առաջիններէն էր, եթէ ոչ առաջինը թուրք պատմաբաններուն մէջ, որ 1999-ին 1915-ը ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն: Եւ անկիւնադարձային այդ թուականէն առ այսօր շատ բան փոխուած է թէ՛ աշխարհի եւ թէ թուրք մտածողութեան մէջ: Աքչամ այդ մտածողութեան, դրական փոփոխութեան, նախակարապետն է: Պրն. Պէրքսանլար ներկայացուց նաեւ USC-ի Հայագիտական ուսում- նասիրութեանց տնօրէն Ռիչըրտ Հրայր Տէօքմէճեանը եւ բարի գալուստ մաղ- թեց անոնց: Գուրգէն Պէրքսանլար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Քլարք Համալսարանի «Գալուստեան-Մուկար Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնա- սիրութեանց ծրագիրին» սատարող անանուն նուիրատուին, որ 125,000 տոլար կը յատկացնէ յաջորդ հինգ տարիներուն ընթացքին: Պոլսահայ Միութեան այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան ու ծրագրին համար, նոյն այդ գիշեր սատարեցին նաեւ այլ նուիրատուներ, խոստանալով աւելի քան 60,000 տոլար: Այստեղ հարկ է շնորհաւորել եւ շնորհակալութիւն յայտնել Պոլսահայ Միու- թեան, որուն աշխատանքը կը մնայ օրինակելի: Այս առթիւ, ներկայ էր եւ իր խօսքը փոխանցեց Քլարք Համալսարանէն Էնտի ՄքԿատնի (Clark Universitie’s Vice President of Advancement), որմէ ետք բարձրախօսին մօտեցաւ Փրոֆ. Թանէր Աքչամ: Այս թուրք ուղղամիտ պատմաբանը նոր անուն մը չէ հանրութեան համար: Անոր ընտանիքը անցնող հինգ տասնամեակներուն ընթացքին տեսած է բազմապիսի զրկանքներ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ: Ներկայիս, ան Քլարք Համալսարանին մէջ կը պատրաստէ վաղուան ուսումնականը, գիտնականը, պատմաբանը: Անոր եւ Քլարք համալսարանին դերը մեծապէս կարեւոր են ամերիկեան թէ համաշխարհային չափանիշներով: Պէտք չէ ջանք ու ճիգ խնայել, որպէսզի նման կառոյցները բազմանան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր աշխատանքներուն մէջ տեսնելով հանդերձ դրականն ու գնահատելին, ան քիչ համարեց այդ աշխատանքները: Մա- նաւանդ, որ Թուրքիան վերջին տարիներուն փոխած է իր ռազմավարութիւնը: Անոնք չեն ըսեր այսօր, թէ Ցեղասպանութիւն եղած է կամ ոչ, այլ, անոնք հայկական հաստատումները որպէս կարծիք կը ներկայացնեն աշխարհին, անոր դիմաց բերելով իրե՛նց կարծիքն ու տեսակէտը այդ մասին: Եւ Թուրքիա այսօր մեծագումար տոլարներ կը ծախսէ, լռեցնելու համար մարդկութեան խիղճը, արդարութիւնը: Աքչամ նշեց նաեւ, որ մենք այսօր պատրաստ չենք պայքարելու այդ անարդարութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Չկան բաւարար կեդրոններ, ֆոնտեր, գումարներ, պատրաստելու եւ աշխատանքով ապահո- վելու նոր, երիտասարդ գիտնականներ ու պատմաբաններ: Տուաւ օրինակ մը, թէ ինչպէս թուրք երիտասարդ ուսանողներ այսօր երբ կ’ուզեն ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չկան նիւթական միջոցներ անոնց համար: Անշուշտ, նոյնն է պարագան նաեւ հայ կամ օտար ուսանողներու, որոնց համար անհրաժեշտ է հիմնադրամներ ստեղծել, ինչպէս Պոլսահայ Միութեան գնահատելի ծրագիրը Քլարք Համալսարանէն ներս: Աքչամ նշեց, որ անցեալին արհամարհուած եղած են հայկական աղբիւրները, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամէն քայլափոխի Հոլոքոսթին հետ չափելը սխալ է, հայկական, սփիւռքեան արխիւները պէտք է բաց ըլլան բոլորին դիմաց, նոր սերունդ պէտք է, որպէսզի Գործը շարունակէ. պէտք է ցեղասպանութեան ենթարկուած իւրաքանչիւր քաղաք առանձին-առանձին ուսումնասիրել, ներկայի պուրժուա իսլամ-թուրք ղեկավարութիւնը իր ձեռքը ունի մեծ ուժ, սակայն նոյն ատեն Թուրքիոյ մէջ կան դրական փոփոխութիւններ եւս, թիւը կը բազմապատկուի ամէն տարի, անոնք որոնք կ’ուզեն ճշմարտութիւնը երեւան հանել, ընդունիլ, նոյնպէս ալ, կան թուրքեր, որոնք կ’ուզեն Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտուիլ խօսքի ազատութենէն. սակայն կայ նաեւ հակառակ գործընթացը: Եզրակացնելով իր խօսքը, Աքչամ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ եւ այն հաստատութիւններուն վրայ, որոնք միլիոններ կը ծախսեն, իրենց կարծիքն ու ուղղութիւնը պարտադրելով Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ինչպէ՞ս պայքարիլ ասոնց դէմ: Անհրաժեշտ է սերնդափոխութիւն: Ան նշեց, որ ինք միակն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որ կը պատրաստէ Ցեղասպանութեան հարցով խորացած նոր գիտնականներ Դոկտորայի աստիճանի: Ներկայ հսկայ լսարանին պարտականութիւն տուաւ գտնելու նուիրատուներ, հիմնելու հիմնադրամներ եւ կրթաթոշակներ: Ելոյթը աւարտեց «Զիս մինակ մի՛ թողուք» զգացական բառերով: Փրոֆ. Տէօքմէճեան անդրադարձաւ Աքչամի ելոյթին: Նշեց, որ գոյու-թիւն ունին հայագիտական եւ պատմագիտական դասընթացքներ ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ, սակայն գլխաւոր անցարգելը նիւթական, ֆինանսական միջոցներն են: Կայ հսկայական աշխատանք, ինչպէս՝ ուսում-նասիրել թրքական յուշերը, համեմատել զանոնք վերապրող հայերու յուշերուն հետ, ուսումնասիրել օսմանեան, արաբական, ռուսական, պարսկական նոր աղբիւրները, քիւրտերու հարցը, իսլամ շիա եւ սիւննի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին կրած ցեղասպանութիւնները անցնող երեք-հազարամեայ մեր պատմութեան ընթացքին, ուսումնասիրել եւ վերհանել այն թուրքերը, որոնք փրկած են հայեր, եւ վերջապէս՝ ուսումնասիրել աշխարհի տարբեր ցեղասպանութիւնները, համեմատել եւ կանխել, որ աշխարհ չտեսնէ նոր եղեռնագործութիւններ: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն բեմին եւ լսա-րանին միջեւ: Հարց-պատասխանը վարեց Պրն. Պէրքսանլար: Պատասխան-ներուն մէջ ամէնէն յիշարժանն էր հետեւեալը. Սփիւռքահայեր, գացէք Թուրքիա եւ գործակցեցէք թուրք հանրութեան հետ (ականջդ խօսի Հրանդ Տինք), Թուրք կառավարութեան վրայ ճնշումը պէտք է ըլլայ ներսէն եւ դուրսէն: Երեկոյթի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ Միութեան Հոգա-բարձութեան Ատենապետ Պրն. Էտուին Մինասեանը, որպէսզի յուշանուէր-ներով պատուէ օրուան երկու դասախօսները: Աքչամ ստացաւ նաեւ գնահա-տագիր մը ստորագրուած Քալիֆորնիա նահանգի էսսէմպլիմէն Ատրին Նա-զարեանի կողմէ: Մտածել տուող դասախօսութիւն մըն էր: Այսօր, երբ աշխարհն ամբողջ տնտեսական տագնապ կ’ապրի, երբ Հայաստան հայրենիքին կարիքներուն համահաւասար մեր գաղութները ոտքի պահելու խնդիր ունինք, նոյնքան կա-րեւոր է ամերիկեան մակարդակով, ամերիկեան չափանիշներով քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ պատրաստելու խնդիրը, որպէսզի տէրը դառնանք մեր դատին: Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ բոլոր մարմինները: Բարձր որակով, հոգի բարձրացնող երեկոյ մը արդարեւ: Հանդիսութեան աւարտին զրոյցները տակաւին երկար շարունակ-ուեցան հիւրասիրութեան համադամ պատառներուն շուրջ:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ