Comments are off for this post

«Հայկական Կեսարիան Եւ Կապադովկիան» Հատորի Ներկայացումը (ASBAREZ)

«Հայկական Կեսարիան Եւ Կապադովկիան» Հատորի Ներկայացումը

 

ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Պոլսահայ միութեան յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 8ին, միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306) տեղի պիտի ունենայ «Կեսարիա-Կայսերի Եւ Կապադովկիա» հատորին ներկայացումը, անոր խմբագիր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողմէ։
Հատորը կը կեդրոնանայ պատմութեան, կրօնի, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի մշակութային, կրթական, քաղաքական զարգացումներուն վրայ, Կեսարիա քաղաքի եւ անոր բազմաթիւ գիւղերուն, ներառեալ՝ Թալասի, Էվերէկի, Ֆենեսէի, Չոմախլուի, Թոմարզայի (Ծամընթաւ), Ինճեսուի, Էֆքերէի եւ Կէրմիրի մէջ: Այս հատորին մէջ, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողքին, ուսումնասիրութիւններ ունին շարք մը այլ մասնագէտներ: Հատորը կը սերի 18 միջազգային գիտաժողովներէն, որոնք կազմակերպուած են փրոֆ. Ռիչըրտ Յոհաննէսեանի կողմէ՝ 1997էն 2010ի միջեւ, եւ որոնք կը վերաբերին պատմական գլխաւոր շրջաններու, որոնք գրեթէ բոլորը այժմ զուրկ են իրենց հայ բնակիչներէն:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան հիմնադիրն է Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան, անդամ է նաեւ գիտական եւ հասարակական 9 կազմակերպութիւններու տնօրէններու խորհուրդներուն: Ան առաջին վարիչն էր Հայկական կրթական հիմնադրամի ժամանակակից հայոց պատմութեան ամպիոնին՝ UCLA-ի մէջ, ուր ան նաեւ երկու տասնամեակ ծառայած է որպէս գործակից տնօրէն «G.E. Von Grunebaum» Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին: Ան ծառայած է որպէս խորհրդատու Քալիֆորնիոյ կրթական խորհուրդին՝ հեղինակելով Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը նահանգի ընկերային գիտութեանց ծրագիրին մէջ: Ան ստացած է շքանշաններ եւ կոնդակներ՝ Գարեգին Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներէն: Փրոֆ. Յովհաննէսեան «Guggenheim Fellow» եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ է 1990էն ի վեր: Ան ստացած է բազմաթիւ պատիւներ իր գիտական ու քաղաքացիական գործունէութեան համար, աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին, ուսուցանելով, հետազօտելով, գրելով եւ դասախօսելով ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան նաեւ կ՛աշխատակցի USC-ի «Շօա» հիմնարկին հետ՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններու թուայնացման աշխատանքներուն մէջ։ Մուտքը ազատ է, եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Comments are closed.