Comments are off for this post

ԷՍԱԵԱՆԸ ԽՐԱԽՃԱՆՔՈՎ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐԵՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 120ԱՄԵԱԿԸ –

 

ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Ը
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ԲԱԺԱԿԻ ՊԱՀ»ՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔՈՎ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐԵՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 120ԱՄԵԱԿԸ
Գրի  առաւ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
Մարտ 14, 2015 Շաբաթ գիշեր, տեղի ունեցաւ Միութեան Էսաեան Վարժարանի Սանուց Յաձնախումբի կազմակերպած «Բաժակի Պահ»ու երեկոն տօնակատարելով վարժարանին հիմնադրութեան 120ամեակը մօտ 290 հոգիներու ներկայութեամբ:
Էսաեանցիներն ու համակիրները որակաւոր ձեռնարկ մ՛ըլլալով պիտի յիշեն այս տարուան Բաժակի Պահը քանի որ սովորականէն տարբեր էր: Պատուոյ հիւր ըլլալով ներկայ էին Վարժարանին տնօրէնուհի՝ Տիկին Սաթենիկ Նշան եւ Դպրեվանք վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Հայկ Նշան:
Արա Պէրպէրեանի համադամ ճաշերով եւ Գանատահայ համբաւաւոր երգիչ՝ Նշանիքոյի խանդավառ երաժշտութիւնով ու երգերով Էսաեանցիները իրար մօտ գալով պարահարթակը լեցուն պահեցին:
Վարժարանիս “120”ամեակին առթիւ հատուեցաւ համեղ կարկանդակը որուն յաջորդեց յիշատակի նկարահանում:
Ձեռնարկին աւարտին, Միութեան Հոգաբարձութիւնն ու Գործադիր Յանձնախումբը շնորհաւորութիւններ փոխանցեց Վարժարանին Շրջանաւարտներուն եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչ Յանձնախումբը իրենց հրաշալի ձեռնարկին եւ ջանքերուն համար որոնցմով յաջողցուցին սոյն ձեռնարկը:
.
OIA ESAYAN ALUMNI COMMITTEES
“PAJAGI BAH”
By  Mariette Minassian-Okhanes
On Saturday, March 14, 2015, OIA Esayan Alumni Committee enjoyed its annual “Pajagi Bah” celebrating Esayan School’s Foundation’s 120th anniversary, with approximately 290 people in attendance.
It was a very memorable night and all Esayantis will remember it being an extraordinary event, because this year present were 2 honorable guests, Mrs. Satenik Nishan Principal of the School and Mr. Hayk Nishan Principal of Tebrevank School in Istanbul.
With Ara Berberyan’s delicious food and Armenian singer from Canada Nishaniko’s assorted musics and songs, Esayantsis got together in a very enthusiastic atmosphere.
In honor of the 100th anniversary of the founding of the School, a cake was cut and memorable photographs were taken.
OIA Board of Trustees and Executive Committee conveyed their congratulations to all the Alumnus of this prestigious School; and thanked the organizing committee for a superb job and efforts in making it a resounding success .

Comments are closed.