No comments yet

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻԱՐ ՍԱՐՕ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆԻ ԱՌ Ի ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԻԱՐ ՍԱՐՕ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆԻ
ԱՌ Ի ԳՆԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ

Իսթանպուլահայ համայնքը իր ծոցին մէջ հասցուցած է եկեղեցանուէր անձեր, որոնք Աստուծոյ Տան նախանձախնդրութեամբ գիտակցաբար կը ծառայեն իրենց ժողովուրդի աղօթքի տուներու պայծառութեան։ Ի սկզբանէ անպակաս եղած են նման նուիրեալներ, որոնց շնորհիւ մեր եկեղեցիները մնացած են շէն ու պայծառ ի մխիթարութիւն եւ ի շինութիւն մերազն հաւատացելոց։

1461ին Սամաթիա հաստատուած Պատրիարքական Աթոռը, 1641 թուականին փոխադրուեցաւ Գումգաբու, ուր մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել։ 1718, 1826 տարիներուն պատահած հրդեհներ հրոյ ճարակ դարձուցին նաեւ նախկին Պատրիարքարանի շէնքը։ Բացի հրդեհներէն յետոյ կատարուած վերակառուցումներէն, վերջին անգամ վերանորոգուեցաւ 1901 թուին Երջանկայիշատակ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի շրջանին։

1913 թուին Երանաշնորհ Յովհաննէս Արշարունի Պատրիարքի շրջանին այս անգամ փլցուելով ի հիմանէ վերակառուցուեցաւ նախկին պատրիարքարանի շէնքին եւ Ճանիկ Ամիրա Փափազեանի լքեալ եւ գնուելով ազգին սեպհանացուած ապարանքին հիմերուն վրայ։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի շրջանին 1986-ին Պատրիարքական Աթոռի 525-ամեակի առիթով հիմնապէս եւ վերջին անգամ 1990-ին Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի բարեզարդուեցաւ արդամբ եւ ծախիւք բարերար ազգայիններու։

17 Օգոստոս 1999 թուի երկրաշարժէն յետոյ նկատելով շէնքին հաւանական կքելու վտանգը, որոշուած էր ի հիմանէ վերակառուցանել Պատրիաքարանի շէնքը, որուն համար Աթոռը, ապաւինած էր նախ Ամենակալին Աստուծոյ եւ ապա Պոլսահայ եւ սփիւռքահայ նուիրատու ազնիւ ազգայիններու օժանդակութեան։ Յետ վերաշինութեան, Պատրիարքական Աթոռը իր յարակից պաշտօնական մարմիններով կը շարունակէ հովուել իր հոգեւոր սահմաններուն մէջ ապրող մերազն ժողովուրդը։ Իր որդեգրած առողջ կեցուածքով առաջնորդ կը հանդիսանայ մխիթարութիւն ակընկալող ժողովուրդին։ Կը համակարգէ Հայ համայնքի կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութիւնները։

Հոգեւոր ուրախութեամբ տեղեկացանք, թէ Դուք կարեւոր ներդրում ունեցած էք Պատրիարքարանի Շէնքին վերաշինութեան համար հարկաւոր նիւթական օժանդակութեան հանգանակութեան գործին։ Վստահաբար Ձեր բարեգործութիւնը ժառանգած էք, Ձեր հոգելոյս հայր՝ Զօհրապ Մարուքեանէն, որ ծանօթ էր մեր համայնքին իր բարերարութեամբը։ Կþաղօթենք իր հոգւոյն խաղաղութեանը համար։ Խունկ եւ աղօթք իր բարի յիշատակին։

Մենք յանուն Պատրիարքական Աթոռին կը գնահատենք Ձեր երախտաշատ վաստակը, մանաւանդ որպէս հարազատ Պոլսեցի Ձեր ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքը հանդէպ Ձեր ծննդավայրի Հոգեւոր Կեդրոնին, կը յայտնենք մեր գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը եւ օրհնութեան սոյն գրով Ձեզի կը շնորհենք Պատրիարքարանի վերաբացման առիթով յատկապէս պատրաստուած

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

որուն կը կցենք նաեւ Մեր աղօթքները, որ Բարձրեալն Աստուած Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ քաջառողջ եւ երկար կեանք, բարօրութեամբ եւ երջանկութեամբ։ Թող Ամենաբարին Աստուած Իր Բարեբեր Հովանին անպակաս ընէ Ձեր ընտանիքին վրայէն, օրհնէ Ձեր բոլոր բարի գործերը զանոնք պսակելով յաջողութեամբ։

Որ վարձահատոյցն է հաւատարիմ պաշտօնէից եւ սիրողացն եկեղեցւոյ Իւրոյ սրբոյ, Երկնաւոր Քահանայապետն մեր Յիսուս Քրիստոս, լցուսցէ զձեզ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ արժանի արասցէ զձեզ երկնաւոր պարգեւացն անապականութեան։

Post a comment