No comments yet

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

……..

IMG_20230131_211336236002

 

ՅԱՋՈՂ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԸ

 ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

          Գրի  առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ այս տարուան առաջին Ընտանեկան գիշերը զոր հովանաւորած էր Պալճը ընտանիքը ի յիշատակ Միութեան հիմնադիրներէն՝ հանգուցեալ Երուանդ Պալճըի:

Ներկաները ճաշակեցին «Միսը, Տոլման, աղցանները, «Պէօրէկ»ը թթուաշն ու քաղցրէղէնը:

Շուրջ 60 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, Անի Պալճըի եւ Ալին Թէրզիպաշեանի տարեդարձներու տօնակատարութեամբ: Միութեան Հոգաբարձու Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան ընթերցեց հանգուցեալ Պալճըի կենսագրականը եւ դրուատեց անոր նկարագրի գիծերը:

Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

Նաեւ գլխաւոր ճաշը պատրաստող Տկ. Աղաւնի Թորոսօղլուին:

 

Post a comment