2026-ի մրցանակակիրներն են Սիւհէյլա Տողան եւ Ռաճի Սուրանի
Posted on September 20, 2026
Posted By: oiaCategories: All News
A G O S
2026-ի մրցանակակիրներն են Սիւհէյլա Տողան եւ Ռաճի Սուրանի
18 տարի է որ Հրանդի ծնունդը կը յիշենք իր անունին ձօնուած մրցանակներու տուչութեան յատուկ հանդէսով։
Ինչպէս «Ակօս»ի նախորդ թիւով ալ նշած էինք, 15 Սեպտեմբեր թուականը թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի ծնունդն է։ 18 տարի է որ Հրանդի ծնունդը կը յիշենք իր անունին ձօնուած մրցանակներու տուչութեան յատուկ հանդէսով։2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը Սեպտեմբեր 15-ին։Սոյն հանդէսը այս տարի ալ կատարուեցաւ Մուհսին Էրթուղրուլ Թատերասրահին մէջ կայացած յատուկ միջոցառումով։ Այդ օր հրապարակուեցաւ 2026-ի մրցանակին արժանացողները։ Դատակազմը 2026-ի մրցանակներուն արժանի գտած էր երկու գործիչներ՝ մէկը Թուրքիայէն եւ միւսն ալ արտասահմանեան երկիրներէն։Թուրքիայէն մրցանակին արժանի գտնուող անունն էր Սիւհէյլա Տողան, որ իր կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը նուիրած էր բնապահպանութեան պայքարի։ Արդարեւ Տողան մրցանակը ստանալէն ետք նկարագրեց այդ պայքարը, որու հետեւանքով յաճախ հարկադրուած էր դատարան ներկայանալու իր անմեղութիւնը պաշտպանելու համար։Միջազգային ընտրանիի յաղթողն էր պաղէստինցի իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի։ 73 ամեայ Սուրանի շուրջ 50 տարիներ պայքարած էր յատկապէս Կազզայի մէջ իսրայէլեան ճնշումներու դիմաց։ Մրցանակ ստանալէն ետք կատարած ելոյթին Սուրանի նշեց թէ անկարելի է պատկերացնել այդ ճնշումներու ծանրութիւնը, որոնք շատ անգամ կը ներկայանան մարդասպանութեան դէպքերով։ «Այսօր Կազզայի մէջ գործող հիւանդանոց չկայ, գործող դպրոց չկայ, ամբողջովին բացակայ է ըմպելի մաքուր ջուրը եւ իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներ բոլորովին անփոյթ են այս իրողութեան դիմաց»։
Միջոցառումին բացման ճարը արտասանեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք։ Տիկին Տինք իր ելոյթին մէջ յատկապէս շեշտեց խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։ «Որքան ալ հիասթափեցնող ըլլայ, յոգնեցուցիչ եւ ձանձրացուցիչ ըլլայ, մենք պիտի շարունակենք խաղաղութեան համար աշխատիլ։ Արդարութեան համար վատնուած բոլոր ջանքերը արժէքաւոր են։ Պատուաբեր են այդ աշխատանքը տանողներուն համար։ Արդարութիւնը պետութեան հիմքը համարող խօսքը Աստուածային բնոյթ ունի։ Ան կը բուժէ սգաւոր, վիրաւոր սիրտերը։ Կը յուսադրէ սպառած ու վհատած սիրտերը։ Վերջապէս լոյսը կը ծագի եւ խաւարը կ՚անհետանայ» ըսաւ Ռաքէլ Տինք։
Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրանդ Տինքի մենագրութեան հեղինակ Թուպա Չանտարին։
Չանտար ալ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հրանդի բուժիչ յատկութեան։ «Երկրի հասարակութիւնը հիւանդ է հարիւր տարիէ աւելի ժամանակի մը ընթացքին։ Այդ հիւանդութեան բուժման գաղտնիքը պիտի ընդօրինակենք Հրանդի վարքով։ Անոր նման անկեղծաբար պիտի դպչինք իրարու վէրքերուն։ Պիտի խօսինք անկեղծօրէն առանց ուրանալու, առանց ժխտելու եւ անցեալի հետ համարձակօրէն առերեսուելով»։
Օրուայ հանդիսավարն էր Շեպնեմ Հասսանիսօկհի, իսկ իրենց երաժշտութիւնով մասնակցեցան Մարալ Այվազ, Արի Պարօքաս, Աննա Սարա Պօղոսեան, Ռաֆֆի Հայրա եւ Սասա Սերափ։
Այս տարուայ մրցանակակիրները պիտի մասնակցին 2027-ի դատակազմին։
..
։
c
2026 Հրանդ Տինք Մրցանակին դափնեկիր Սիւհէյլա Տողան
Գազտաղըն ու իր բոլոր բնական եւ մշակութային արժէքներով շրջանը քաջութեամբ պաշտպանելէն չհրաժարած ըլլալուն, կնոջ մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարած ըլլալուն, պետութեան կողմէ ապահովագրուած բնապահպանական ցեղասպանութեան ծրագիրներուն դէմ յամառօրէն ձայն բարձրացնելը եւ բնութեան հետ միասին ապրելու իրաւունքը պաշտպանելը շարունակած ըլլալուն համար, 2026 Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին տիրացողն է Սիւհէյլա Տողան։
Ծնած է 1957-ին, Թոգաթի Էրպաա գաւառին մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ ուսումը Էրպաայի մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Ռոպըրթ Քոլէճի մէջ ստացած է։ Աւարտած է Մերձաւոր Արեւելքի Թեխնիքական Համալսարանի Շինարարական Ճարտարագիտութեան բաժինը, եւ աշխատած է որպէս նաւահանգիստի ճարտարագէտ։ 1987-ին հաստատուած է Անթալիա։ Մասնակցած է իր աւարտած համալսարանի Շրջանաւարտներու Միութեան, Անթալիոյ Կիներու Խորհուրդին, Անթալիոյ Կիներու Խորհրդատուութեան եւ Համերաշխութեան Կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Անթալիոյ Արդի Կրթութեան ու Մշակոյթի Հիմնարկութեան հիմնադրութեան ու վարչութեան մէջ։
2002-ին թոշակառու դառնալով՝ հաստատուեցաւ Իտա լեռան լանջերուն գտնուող Նուսրաթլը գիւղը։ Առաջնորդեց Նուսրաթլը Գիւղի Մշակոյթի, Զբօսաշրջութեան եւ Համերաշխութեան Միութեան հիմնադրութիւնը, եւ կիներու հետ գիւղական զարգացման աշխատանքներ տարաւ։
2007-ին կազմակերպեց Պահչետերէ գիւղին մէջ սկսած ոսկիի հանքային որոնման հորատումներուն դէմ պայքարը, եւ ծրագիրը չեղարկուեցաւ։ Նոյն տարին հիմնուած Գազտաղը Պաշտպանութեան Նախաձեռնութեան Խումբին մէջ, ապա 2012-ին հիմնուած Գազտաղըի Բնական ու Մշակութային Արժէքները Պաշտպանելու Միութեան մէջ առաջնորդեց բնութեան պաշտպանութեան պայքարը։ 2017-ին հիմնուած Էկոլոգիական Միաւորումին մէջ հանդիսացաւ համախօսակից։
Ալամոս Կոլտ ընկերութեան տեղական մասնաճիւղ Տողու Պիկա Հանքարդիւնաբերութեան դէմ 2019-ին սկսած «Ջուրի եւ Խղճի Հսկողութեան» մէջ, ապա վրանաւոր դիմադրութեան մէջ ակտիւ դեր ստանձնեց։ Պայքարը գրաւեց լայն հասարակական կարծիքի ուշադրութիւնը, բնութեան հասցուած վնասները փաստագրուեցան, տասնեակ հազարաւոր անձեր մասնակցեցան ցոյցերուն։ Ընկերութեան արտօնագիրը չնորոգուեցաւ, եւ ընկերութիւնը լքեց շրջանը։
2021-ին մասնակցեցաւ Կլասկոյի մէջ գումարուած COP26 Ժողովուրդներու Կլիմայի Գագաթաժողովին, եւ վերադարձին ստանձնեց Կլիմայական Արդարութեան այլախոհական հիմնադրութեան աշխատանքը։ Կը մասնակցի COP31-էն Անդին Ժողովուրդներու Կլիմայի Գագաթաժողովին կազմակերպչական աշխատանքներուն։
Իր նախագահած միութիւնը, տեղական բնակչութեան հետ մէկտեղ տարած պայքարով՝ հարիւրէ աւելի դատեր բանալով, պատճառ դարձաւ շրջակայ միջավայրին վնասակար բազմաթիւ ուժանիւթի ու հանքային ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ զանազան օրէնքներու ու կանոնագիրներու չեղարկման։
Իր պայքարը զինք եւ իր միութիւնը դարձուց իշխանութեան ու կապիտալի կեդրոններու թիրախ։ Աքչայի Ճահճուտ Տարածքին մէջ 200 առանձնատուներու կառուցումը նախատեսող ծրագիրը արգիլած ըլլալու պատրուակով, ընկերութեան կողմէ իր դէմ բողոք ներկայացուեցաւ։ Ենթարկուեցաւ «գործակալութեան» մեղադրանքով նպատակադրուած արժանապատուութիւն խորտակող արշաւի մը։ Դարձեալ Աքչայի Ճահճուտ Տարածքին մէջ կառուցուելիք Կազմակերպուած Արդիւնաբերական Գօտիին դէմ պայքարին պատճառով, միութիւնը դարձաւ պետական հաստատութիւններու թիրախ։ Այվաճըգի երկրաշարժին ընթացքին երախաներուն կօշիկներով օգնութիւն տալով՝ կանոնագրին հակառակ գործած ըլլալու պատրուակով դրամական տուգանքի ենթարկուեցաւ։ Սակայն բացուած դատերու արդիւնքով՝ մասնաւոր տուգանքներ նուազեցան, ոմանք ալ չեղարկուեցան։
2023-ին Պայրամիչի մէջ «Էքոֆեսթ» ձեռնարկին արգիլումը բողոքած ըլլալուն համար իր դէմ քննութիւն մը բացուեցաւ։ Երեք տարի տեւող դատավարութեան աւարտին անպարտ հռչակուեցաւ։
2025-ին Չանաքքալէի մէջ գումարուած Ջուրի Գագաթաժողովին ընթացքին բողոքեց ոսկիի հանքային ընկերութիւններու հովանաւորութեան դէմ, ըսելով. «Ջուրերը կործանող ու աղտոտող հանքագործները չեն կրնար ըլլալ Ջուրի Գագաթաժողովին հովանաւորը»։ Ծունկէն վիրահատուելէն ընդամէնը քսան օր վերջ, մահակով, բազուկներէն բռնուած ու բերանը գոցուած՝ վար իջեցուեցաւ գագաթաժողովի ելոյթներուն կայացած բեմէն, եւ դուրս հանուեցաւ սրահէն։
Ան Կիներու Ընդհանուր Ժողովին հիմնադիրներէն եւ տեխնիկական դիւրացուցիչներէն մին է։ Քէօրֆէզ Անկախ Կիներու Համերաշխութեան հետ կը պայքարի Էտրեմիտի Ծոցին մէջ կիներու սպանութիւններուն ու բռնութեան դէմ։ ԷՇԻԹԻԶ-ի խմբակին անդամ ըլլալով՝ համաճարակի շրջանին կազմակերպեց առցանց թեմատիկ հանդիպումներ։ Մասնակցեցաւ 2020-ին հիմնուած Հաւասարութեան Համար Կիներու Հարթակ ԷՇԻՔ-ի համակարգման աշխատանքներուն, եւ կը շարունակէ մինչեւ հիմա անոր կամաւորական գործունէութիւնը։
Գազտաղըն ու իր բոլոր բնական եւ մշակութային արժէքներով շրջանը քաջութեամբ պաշտպանելէն չհրաժարած ըլլալուն, կնոջ մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարած ըլլալուն, պետութեան կողմէ ապահովագրուած բնապահպանական ցեղասպանութեան ծրագիրներուն դէմ յամառօրէն ձայն բարձրացնելը եւ բնութեան հետ միասին ապրելու իրաւունքը պաշտպանելը շարունակած ըլլալուն համար, 2026 Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին տիրացողն է Սիւհէյլա Տողան։
2026 Հրանդ Տինք Մրցանակին դափնեկիր Ռաճի Սուրանի
Կազզայի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները փաստագրելը գործնականապէս անհնարին դարձած պայմաններուն մէջ իսկ իր աշխատանքը շարունակելուն, սպառնալիքներու եւ մեկուսացումի չտրտմելով իշխանութեան դիմաց ճշմարտութիւնը պաշտպանելուն, իրաւունքի գերիշխանութիւնը, արդարութիւնը եւ պատերազմէն տուժած բոլորին արժանապատուութիւնը իր մասնագիտական կեանքին ու բարոյական կեցուածքին առաջնորդող սկզբունքներ ընդունելուն, եւ անպատժելիութեան դիմաց օրէնքը տակաւին գործնական ճամբայ մը ըլլալը ցոյց տալուն համար, 2026 Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին դափնեկիրն է Ռաճի Սուրանի։
Ծնած է 1953 թ. Դեկտեմբեր 28-ին, Կազզա։ Իր իրաւագիտութեան ուսումը աւարտեց 1977-ին Եգիպտոս, Աղեքսանդրիոյ Համալսարանէն, եւ քիչ ետք բացաւ իր սեփական փաստաբանական գրասենեակը։ 1991-1992 տարիներուն Նիւ Եորքի Գոլումպիա Համալսարանին մէջ հիւր դասախօս հանդիսացաւ։
Իսրայէլի 1967 թուականէն ի վեր տեւող գրաւման տակ գտնուող Կազզայի մէջ, ան պաշտպանեց ռազմական դատարաններու առջեւ դատուող պաղեստինցի քաղաքացիներու գործերը, որոնց մէջ կային նաեւ 12 տարեկան մանուկներ։ Ան այս փորձառութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Կազզան լուսնի հակառակ երեսին պէս էր. իսրայէլացի գրաւողները չէին ուզեր որ ոեւէ մէկը գիտնայ հոն տեղի ունեցող խոշտանգումները, մահապատիժները, տեղահանութիւնները, աքսորները, տուներու քանդումը, անօրինական բռնագրաւումները, սպանութիւնները, պաշարումները եւ զանգուածային մահապատիժները»։
Իր իրաւագիտական մասնագիտութեան սկիզբէն ի վեր տարած իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքը 1977-1990 տարիներուն միջեւ պատճառ եղաւ որ արտասահման մեկնելու իրաւունքը արգիլուի իրմէ եւ իր տունը ու գրասենեակը բազմիցս խուզարկուին։ 1979-ին առաջին անգամ ձերբակալուեցաւ, երեք տարի բանտարկուեցաւ, եւ այս ժամանակահատուածին ենթարկուեցաւ խոշտանգումներու։ 1985-1988 տարիներուն միջեւ եւս հինգ անգամ ձերբակալուեցաւ եւ արգիլուեցաւ իրեն բանտեր այցելել ու դատավարութիւններու հետեւիլ։ Միջազգային Ամնեսթի Ինթերնէշընալը զինքը 1985-ին եւ 1988-ին երկու անգամ հռչակեց Խղճի Բանտարկեալ։
Ան իրաւունքներու խախտումները կը գնահատէր նոյն շրջագիծով՝ առանց նկատի ունենալու թէ ուրկէ կու գան։ 1993-ին Իսրայէլի եւ Պաղէստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան միջեւ ստորագրուած Օսլոյի Համաձայնագիրները քննադատեց, քանի որ անոնք մարդկային իրաւունքներու երաշխիք չէին պարունակեր. ան նշեց թէ համաձայնագիրը որեւէ շրջանակ չէր տրամադրեր գրաւման աւարտին, պաղէստինցիներու ինքնորոշման իրաւունքին, հաշուետուողականութեան, կամ միջազգային իրաւունքին առնչութեամբ։ Ան նոյն կերպով դատապարտեց 1994-ին այս համաձայնագրով հիմնուած Պաղէստինեան Ազգային Իշխանութեան պետական անվտանգութեան դատարանները։ Այս կեցուածքը 1995-ին պատճառ եղաւ որ ան այս անգամ ձերբակալուի Պաղեստինեան Ազգային Իշխանութեան կողմէ։ Ընդհանուր առմամբ վեց անգամ ձերբակալուած է Իսրայէլի եւ Պաղէստինեան Ազգային Իշխանութեան կողմէ։
1995-ի Ապրիլին հիմնեց Պաղէստինեան Մարդկային Իրաւանց Կեդրոնը եւ ստանձնեց անոր տնօրէնութիւնը։ Կեդրոնը տեղւոյն վրայ կը փաստագրէր մարդկային իրաւունքներու խախտումները, անվճար իրաւական աջակցութիւն կը տրամադրէր տուժածներուն, եւ կրթական աշխատանքներ կը տանէր Կազզայի մէջ։ Կեդրոնին կողմէ պատրաստուած անկախ դաշտային ուսումնասիրութիւնները կ’օգտագործուին որպէս աղբիւր ոչ միայն միջազգային իրաւունքի եւ մարդկային իրաւանց հաստատութիւններու, այլեւ Միացեալ Ազգերու համապատասխան գրասենեակներու, Միջազգային Քրէական Դատարանի, համերաշխութեան խումբերու եւ դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ։
Ան եղաւ համընդհանուր իրաւասութեան սկզբունքը Պաղէստինեան գործերու վրայ կիրարկող առաջամարտիկ իրաւաբաններէն մին։ Իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ միասին, իսրայէլացի պաշտօնեաներու դէմ դատեր բացաւ Զուիցերիա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Հոլանտա, Սպանիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ։ Այս աւելի քան տասնամեայ ջանքը հանգեցաւ 2021-ին Միջազգային Քրէական Դատարանի Պաղէստինեան հողերու վրայ իրաւասութիւն ունենալուն պաշտօնական ճանաչման։
2011-2018 տարիներուն միջեւ ստանձնեց Արաբական Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահութիւնը։ Այս պաշտօնին ընթացքին, ան կրթական ծրագիրներով աջակցեցաւ Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Եմենի մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն։ 1980-ական թուականներէն ի վեր կը շարունակէ իր կապը իսրայէլացի իրաւաբաններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու հետ, դիւրացնելով անոնց Կազզայի փախստականներու ճամբարներ կատարած այցելութիւնները։ Այս համագործակցութեան արդիւնքին ան պատրաստեց բազմաթիւ համատեղ զեկոյցներ եւ համընդհանուր իրաւասութեան պարագայի ուսումնասիրութիւններ։
2015 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէ մարդկային իրաւանց խախտումներու ենթարկուած պաղէստինցիները ներկայացնող իրաւական խումբը։ Առաջին օրերէն ի վեր՝ ցեղասպանութեան եւ ազգային մաքրման մասին լրատուամիջոցներուն տուած իր յայտարարութիւններուն պատճառով, ան խորհուրդ ստացաւ լքել Կազզան։ 2023 թուականի Հոկտեմբերին, Democracy Now-ին տուած երկօրեայ յատուկ հարցազրոյցէն ետք, իր տունը ռմբակոծուեցաւ։ Ան ողջ մնաց Իսրայէլի օդային յարձակումէն, որ իր տունը հողին հաւասարեցուց, իր ընտանիքին հետ միասին։ Ի դէմ այս բոլորին, միացաւ այն իրաւական խումբին որ 2024 թուականի Յունուար 11-ին Հարաւային Ափրիկէի կողմէ Իսրայէլի դէմ Կազզայի մէջ ցեղասպանութեամբ ամբաստանութեան գործը տարաւ Միջազգային Դատարան։ Իր գրասենեակին ու տան կործանումին, եւ բազմիցս տեղահանուելուն հակառակ, ան չլքեց այս իրաւական հետապնդումը։ Այս կիսադարեայ պայքարը բազմիցս ճանչցուած է մարդկային իրաւանց ասպարէզի առաջատար մրցանակներով։
Կազզայի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները փաստագրելը գործնականապէս անհնարին դարձած պայմաններուն մէջ իսկ իր աշխատանքը շարունակելուն, սպառնալիքներու եւ մեկուսացումի չտրտմելով իշխանութեան դիմաց ճշմարտութիւնը պաշտպանելուն, իրաւունքի գերիշխանութիւնը, արդարութիւնը եւ պատերազմէն տուժած բոլորին արժանապատուութիւնը իր մասնագիտական կեանքին ու բարոյական կեցուածքին առաջնորդող սկզբունքներ ընդունելուն, եւ անպատժելիութեան դիմաց օրէնքը տակաւին գործնական ճամբայ մը ըլլալը ցոյց տալուն համար, 2026 Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին դափնեկիրն է Ռաճի Սուրանի։