No comments yet

2026-ի մրցանակակիրներն են Սիւհէյլա Տողան եւ Ռաճի Սուրանի

 

A G O S

2026-ի մրցանակակիրներն են Սիւհէյլա Տողան եւ Ռաճի Սուրանի

18 տա­­րի է որ Հրան­­դի ծնունդը կը յի­­շենք իր անու­­նին ձօ­­նուած մրցա­­նակ­­նե­­­րու տու­­չութեան յա­­տուկ հան­­դէ­­­սով։

Լուսանկար Իշխան Էրտինչ

 

Ինչպէս «Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւով ալ նշած էինք, 15 Սեպ­­տեմբեր թո­­ւակա­­նը թեր­­թիս հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տին­­քի ծնունդն է։ 18 տա­­րի է որ Հրան­­դի ծնունդը կը յի­­շենք իր անու­­նին ձօ­­նուած մրցա­­նակ­­նե­­­րու տու­­չութեան յա­­տուկ հան­­դէ­­­սով։2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը Սեպտեմբեր 15-ին։Սոյն հան­­դէ­­­սը այս տա­­րի ալ կա­­տարուեցաւ Մուհսին Էր­­թուղրուլ Թա­­տերաս­­րա­­­հին մէջ կա­­յացած յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռու­­մով։ Այդ օր հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ 2026-ի մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացող­­նե­­­րը։ Դա­­տակազ­­մը 2026-ի մրցա­­նակ­­նե­­­րուն ար­­ժա­­­նի գտած էր եր­­կու գոր­­ծիչներ՝ մէ­­կը Թուրքիայէն եւ միւսն ալ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան եր­­կիրնե­­րէն։Թուրքիայէն մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւող անունն էր Սիւ­­հէյլա Տո­­ղան, որ իր կեան­­քի կա­­րեւոր մէկ հա­­տուա­­ծը նո­­ւիրած էր բնա­­պահ­­պա­­­նու­­թեան պայ­­քա­­­րի։ Ար­­դա­­­րեւ Տո­­ղան մրցա­­նակը ստա­­նալէն ետք նկա­­րագ­­րեց այդ պայ­­քա­­­րը, որու հե­­տեւան­­քով յա­­ճախ հար­­կադրուած էր դա­­տարան ներ­­կա­­­յանա­­լու իր ան­­մե­­­ղու­­թիւնը պաշտպա­­նելու հա­­մար։Մի­­ջազ­­գա­­­յին ընտրա­­նիի յաղ­­թողն էր պա­­ղէս­­տինցի իրա­­ւապաշտպան Ռա­­ճի Սու­­րա­­­նի։ 73 ամեայ Սու­­րա­­­նի շուրջ 50 տա­­րիներ պայ­­քա­­­րած էր յատ­­կա­­­պէս Կազ­­զա­­­յի մէջ իս­­րա­­­յէլեան ճնշումնե­­րու դի­­մաց։ Մրցա­­նակ ստա­­նալէն ետք կա­­տարած ելոյ­­թին Սու­­րա­­­նի նշեց թէ ան­­կա­­­րելի է պատ­­կե­­­րաց­­նել այդ ճնշումնե­­րու ծան­­րութիւ­­նը, որոնք շատ ան­­գամ կը ներ­­կա­­­յանան մար­­դասպա­­նու­­թեան դէպ­­քե­­­րով։ «Այ­­սօր Կազ­­զա­­­յի մէջ գոր­­ծող հի­­ւան­­դա­­­նոց չկայ, գոր­­ծող դպրոց չկայ, ամ­­բողջո­­վին բա­­ցակայ է ըմ­­պե­­­լի մա­­քուր ջու­­րը եւ իբ­­րեւ թէ քա­­ղաքա­­կիրթ եր­­կիրներ բո­­լորո­­վին ան­­փոյթ են այս իրո­­ղու­­թեան դի­­մաց»։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մին բաց­­ման ճա­­րը ար­­տա­­­սանեց Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խագահ Ռա­­քէլ Տինք։ Տի­­կին Տինք իր ելոյ­­թին մէջ յատ­­կա­­­պէս շեշ­­տեց խա­­ղաղու­­թեան անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ «Որ­­քան ալ հիաս­­թա­­­փեց­­նող ըլ­­լայ, յոգ­­նե­­­ցու­­ցիչ եւ ձանձրա­­ցու­­ցիչ ըլ­­լայ, մենք պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար աշ­­խա­­­տիլ։ Ար­­դա­­­րու­­թեան հա­­մար վատ­­նո­­­ւած բո­­լոր ջան­­քե­­­րը ար­­ժէ­­­քաւոր են։ Պա­­տուա­­բեր են այդ աշ­­խա­­­տան­­քը տա­­նող­­նե­­­րուն հա­­մար։ Ար­­դա­­­րու­­թիւնը պե­­տու­­թեան հիմ­­քը հա­­մարող խօս­­քը Աս­­տո­­­ւածա­­յին բնոյթ ու­­նի։ Ան կը բու­­ժէ սգա­­ւոր, վի­­րաւոր սիր­­տե­­­րը։ Կը յու­­սադրէ սպա­­ռած ու վհա­­տած սիր­­տե­­­րը։ Վեր­­ջա­­­պէս լոյ­­սը կը ծա­­գի եւ խա­­ւարը կ՚ան­­հե­­­տանայ» ըսաւ Ռա­­քէլ Տինք։

Ապա բարձրա­­խօսը յանձնո­­ւեցաւ Հրանդ Տին­­քի մե­­նագ­­րութեան հե­­ղինակ Թու­­պա Չան­­տա­­­րին։

Չան­­տար ալ իր ելոյ­­թին մէջ անդրա­­դար­­ձաւ Հրան­­դի բու­­ժիչ յատ­­կութեան։ «Երկրի հա­­սարա­­կու­­թիւնը հի­­ւանդ է հա­­րիւր տա­­րիէ աւե­­լի ժա­­մանա­­կի մը ըն­­թացքին։ Այդ հի­­ւան­­դութեան բուժման գաղտնի­­քը պի­­տի ըն­­դօ­­­րինա­­կենք Հրան­­դի վար­­քով։ Անոր նման ան­­կեղծա­­բար պի­­տի դպչինք իրա­­րու վէր­­քե­­­րուն։ Պի­­տի խօ­­սինք ան­­կեղծօ­­րէն առանց ու­­րա­­­նալու, առանց ժխտե­­լու եւ ան­­ցեալի հետ հա­­մար­­ձա­­­կօրէն առե­­րեսո­­ւելով»։

Օրո­­ւայ հան­­դի­­­սավարն էր Շեպ­­նեմ Հաս­սա­նի­­սօկ­հի, իսկ իրենց երաժշտու­­թիւնով մաս­­նակցե­­ցան Մա­­րալ Այ­­վազ, Արի Պա­­րօքաս, Ան­­նա Սա­­րա Պօ­­ղոսեան, Ռաֆ­­ֆի Հայ­­րա եւ Սա­­սա Սե­­րափ։

Այս տա­­րուայ մրցա­­նակա­­կիր­­նե­­­րը պի­­տի մաս­­նակցին 2027-ի դա­­տակազմին։

 

 

 

 

..
։

 c

2026 Հրանդ Տինք Մրցանակին դափնեկիր Սիւհէյ­­­լա Տո­­­ղան

Գազ­­­տա­­­­­­­ղըն ու իր բո­­­լոր բնա­­­կան եւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ար­­­ժէքնե­­­րով շրջա­­­նը քա­­­ջու­­­թեամբ պաշտպա­­­նելէն չհրա­­­ժարած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն, կնոջ մարդկա­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րուն հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն, պե­­­տու­­­թեան կող­­­մէ ապա­­­հովագ­­­րո­­­­­­­ւած բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նական ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն դէմ յա­­­մառօ­­­րէն ձայն բարձրաց­­­նե­­­­­­­լը եւ բնու­­­թեան հետ միասին ապ­­­րե­­­­­­­լու իրա­­­ւունքը պաշտպա­­­նելը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն հա­­­մար, 2026 Հրանդ Տինք Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Մրցա­­­նակին տի­­­րացողն է Սիւ­­­հէյլա Տո­­­ղան։
Լուսանկար՝ Իշխան Էրտինչ
Ծնած է 1957-ին, Թո­­­գաթի Էր­­­պաա գա­­­ւառին մէջ։ Տար­­­րա­­­­­­­կան եւ միջ­­­նա­­­­­­­կարգ ու­­­սումը Էր­­­պաայի մէջ, իսկ երկրոր­­­դա­­­­­­­կանը՝ Ռո­­­պըրթ Քո­­­լէճի մէջ ստա­­­ցած է։ Աւար­­­տած է Մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր Արե­­­ւել­­­քի Թեխ­­­նի­­­­­­­քական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Շի­­­նարա­­­րական Ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տու­­­թեան բա­­­ժինը, եւ աշ­­­խա­­­­­­­տած է որ­­­պէս նա­­­ւահան­­­գիստի ճար­­­տա­­­­­­­րագէտ։ 1987-ին հաս­­­տա­­­­­­­տուած է Ան­­­թա­­­­­­­լիա։ Մաս­­­նակցած է իր աւար­­­տած հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Շրջա­­­նաւարտնե­­­րու Միու­­­թեան, Ան­­­թա­­­­­­­լիոյ Կի­­­ներու Խոր­­­հուրդին, Ան­­­թա­­­­­­­լիոյ Կի­­­ներու Խորհրդա­­­տուու­­­թեան եւ Հա­­­մերաշ­­­խութեան Կեդ­­­րո­­­­­­­նին, ինչպէս նաեւ Ան­­­թա­­­­­­­լիոյ Ար­­­դի Կրթու­­­թեան ու Մշա­­­կոյ­­­թի Հիմ­­­նարկու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թեան ու վար­­­չութեան մէջ։

2002-ին թո­­­շակա­­­ռու դառ­­­նա­­­­­­­լով՝ հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ Իտա լե­­­ռան լան­­­ջե­­­­­­­րուն գտնո­­­ւող Նուսրաթ­­­լը գիւ­­­ղը։ Առաջ­­­նորդեց Նուսրաթ­­­լը Գիւ­­­ղի Մշա­­­կոյ­­­թի, Զբօ­­­սաշրջու­­­թեան եւ Հա­­­մերաշ­­­խութեան Միու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թիւնը, եւ կի­­­ներու հետ գիւ­­­ղա­­­­­­­կան զար­­­գացման աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ տա­­­րաւ։

2007-ին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեց Պահ­­­չե­­­­­­­տերէ գիւ­­­ղին մէջ սկսած ոս­­­կիի հան­­­քա­­­­­­­յին որոն­­­ման հո­­­րատումնե­­­րուն դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րը, եւ ծրա­­­գիրը չե­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւեցաւ։ Նոյն տա­­­րին հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Գազ­­­տա­­­­­­­ղը Պաշտպա­­­նու­­­թեան Նա­­­խաձեռ­­­նութեան Խումբին մէջ, ապա 2012-ին հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Գազ­­­տա­­­­­­­ղըի Բնա­­­կան ու Մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին Ար­­­ժէքնե­­­րը Պաշտպա­­­նելու Միու­­­թեան մէջ առաջ­­­նորդեց բնու­­­թեան պաշտպա­­­նու­­­թեան պայ­­­քա­­­­­­­րը։ 2017-ին հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Էկո­­­լոգիական Միաւո­­­րու­­­մին մէջ հան­­­դի­­­­­­­սացաւ հա­­­մախօ­­­սակից։

Ալա­­­մոս Կոլտ ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան տե­­­ղական մաս­­­նա­­­­­­­ճիւղ Տո­­­ղու Պի­­­կա Հան­­­քարդիւ­­­նա­­­­­­­բերու­­­թեան դէմ 2019-ին սկսած «Ջու­­­րի եւ Խղճի Հսկո­­­ղու­­­թեան» մէջ, ապա վրա­­­նաւոր դի­­­մադ­­­րութեան մէջ ակ­­­տիւ դեր ստանձնեց։ Պայ­­­քա­­­­­­­րը գրա­­­ւեց լայն հա­­­սարա­­­կական կար­­­ծի­­­­­­­քի ու­­­շադրու­­­թիւնը, բնու­­­թեան հաս­­­ցո­­­­­­­ւած վնաս­­­նե­­­­­­­րը փաս­­­տագրո­­­ւեցան, տաս­­­նեակ հա­­­զարա­­­ւոր ան­­­ձեր մաս­­­նակցե­­­ցան ցոյ­­­ցե­­­­­­­րուն։ Ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ար­­­տօ­­­­­­­նագի­­­րը չնո­­­րոգո­­­ւեցաւ, եւ ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը լքեց շրջա­­­նը։

2021-ին մաս­­­նակցե­­­ցաւ Կլաս­­­կո­­­­­­­յի մէջ գու­­­մա­­­­­­­րուած COP26 Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Կլի­­­մայի Գա­­­գաթա­­­ժողո­­­վին, եւ վե­­­րադար­­­ձին ստանձնեց Կլի­­­մայա­­­կան Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան այ­­­լա­­­­­­­խոհա­­­կան հիմ­­­նադրու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը։ Կը մաս­­­նակցի COP31-էն Ան­­­դին Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Կլի­­­մայի Գա­­­գաթա­­­ժողո­­­վին կազ­­­մա­­­­­­­կերպչա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րուն։

Իր նա­­­խագա­­­հած միու­­­թիւնը, տե­­­ղական բնակ­­­չութեան հետ մէկ­­­տեղ տա­­­րած պայ­­­քա­­­­­­­րով՝ հա­­­րիւ­­­րէ աւե­­­լի դա­­­տեր բա­­­նալով, պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ շրջա­­­կայ մի­­­ջավայ­­­րին վնա­­­սակար բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ու­­­ժա­­­­­­­նիւ­­­թի ու հան­­­քա­­­­­­­յին ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու, ինչպէս նաեւ զա­­­նազան օրէնքնե­­­րու ու կա­­­նոնա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու չե­­­ղարկման։

Իր պայ­­­քա­­­­­­­րը զինք եւ իր միու­­­թիւնը դար­­­ձուց իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան ու կա­­­պիտա­­­լի կեդ­­­րոննե­­­րու թի­­­րախ։ Աք­­­չա­­­­­­­յի Ճահ­­­ճուտ Տա­­­րած­­­քին մէջ 200 առանձնա­­­տու­­­նե­­­­­­­րու կա­­­ռու­­­ցումը նա­­­խատե­­­սող ծրա­­­գիրը ար­­­գի­­­­­­­լած ըլ­­­լա­­­­­­­լու պատ­­­րո­­­­­­­ւակով, ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան կող­­­մէ իր դէմ բո­­­ղոք ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւեցաւ։ Են­­­թարկո­­­ւեցաւ «գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թեան» մե­­­ղադ­­­րանքով նպա­­­տակադ­­­րո­­­­­­­ւած ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւն խոր­­­տա­­­­­­­կող ար­­­շա­­­­­­­ւի մը։ Դար­­­ձեալ Աք­­­չա­­­­­­­յի Ճահ­­­ճուտ Տա­­­րած­­­քին մէջ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւելիք Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած Ար­­­դիւնա­­­բերա­­­կան Գօ­­­տիին դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րին պատ­­­ճա­­­­­­­ռով, միու­­­թիւնը դար­­­ձաւ պե­­­տական հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու թի­­­րախ։ Այ­­­վա­­­­­­­ճըգի երկրա­­­շար­­­ժին ըն­­­թացքին երա­­­խանե­­­րուն կօ­­­շիկ­­­նե­­­­­­­րով օգ­­­նութիւն տա­­­լով՝ կա­­­նոնագ­­­րին հա­­­կառակ գոր­­­ծած ըլ­­­լա­­­­­­­լու պատ­­­րո­­­­­­­ւակով դրա­­­մական տու­­­գանքի են­­­թարկո­­­ւեցաւ։ Սա­­­կայն բա­­­ցուած դա­­­տերու ար­­­դիւնքով՝ մաս­­­նա­­­­­­­ւոր տու­­­գանքներ նո­­­ւազե­­­ցան, ոմանք ալ չե­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւեցան։

2023-ին Պայ­­­րա­­­­­­­միչի մէջ «Էքո­­­ֆեսթ» ձեռ­­­նարկին ար­­­գի­­­­­­­լու­­­մը բո­­­ղոքած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն հա­­­մար իր դէմ քննու­­­թիւն մը բա­­­ցուե­­­ցաւ։ Երեք տա­­­րի տե­­­ւող դա­­­տավա­­­րու­­­թեան աւար­­­տին ան­­­պարտ հռչա­­­կուե­­­ցաւ։

2025-ին Չա­­­նաք­­­քա­­­­­­­լէի մէջ գու­­­մա­­­­­­­րուած Ջու­­­րի Գա­­­գաթա­­­ժողո­­­վին ըն­­­թացքին բո­­­ղոքեց ոս­­­կիի հան­­­քա­­­­­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու հո­­­վանա­­­ւորու­­­թեան դէմ, ըսե­­­լով. «Ջու­­­րե­­­­­­­րը կոր­­­ծա­­­­­­­նող ու աղ­­­տո­­­­­­­տող հան­­­քա­­­­­­­գործնե­­­րը չեն կրնար ըլ­­­լալ Ջու­­­րի Գա­­­գաթա­­­ժողո­­­վին հո­­­վանա­­­ւորը»։ Ծունկէն վի­­­րահա­­­տուե­­­լէն ըն­­­դա­­­­­­­մէնը քսան օր վերջ, մա­­­հակով, բա­­­զուկնե­­­րէն բռնո­­­ւած ու բե­­­րանը գո­­­ցուած՝ վար իջե­­­ցուե­­­ցաւ գա­­­գաթա­­­ժողո­­­վի ելոյթնե­­­րուն կա­­­յացած բե­­­մէն, եւ դուրս հա­­­նուե­­­ցաւ սրա­­­հէն։

Ան Կի­­­ներու Ընդհա­­­նուր Ժո­­­ղովին հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն եւ տեխ­­­նի­­­­­­­կական դիւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցիչնե­­­րէն մին է։ Քէօր­­­ֆէզ Ան­­­կախ Կի­­­ներու Հա­­­մերաշ­­­խութեան հետ կը պայ­­­քա­­­­­­­րի Էտ­­­րե­­­­­­­միտի Ծո­­­ցին մէջ կի­­­ներու սպա­­­նու­­­թիւննե­­­րուն ու բռնու­­­թեան դէմ։ ԷՇԻ­­­ԹԻԶ-ի խմբա­­­կին ան­­­դամ ըլ­­­լա­­­­­­­լով՝ հա­­­մաճա­­­րակի շրջա­­­նին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեց առ­­­ցանց թե­­­մատիկ հան­­­դի­­­­­­­պումներ։ Մաս­­­նակցե­­­ցաւ 2020-ին հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Հա­­­ւասա­­­րու­­­թեան Հա­­­մար Կի­­­ներու Հար­­­թակ ԷՇԻՔ-ի հա­­­մակարգման աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րուն, եւ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ մին­­­չեւ հի­­­մա անոր կա­­­մաւո­­­րական գոր­­­ծունէու­­­թիւնը։

Գազ­­­տա­­­­­­­ղըն ու իր բո­­­լոր բնա­­­կան եւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ար­­­ժէքնե­­­րով շրջա­­­նը քա­­­ջու­­­թեամբ պաշտպա­­­նելէն չհրա­­­ժարած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն, կնոջ մարդկա­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րուն հա­­­մար պայ­­­քա­­­­­­­րած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն, պե­­­տու­­­թեան կող­­­մէ ապա­­­հովագ­­­րո­­­­­­­ւած բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նական ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն դէմ յա­­­մառօ­­­րէն ձայն բարձրաց­­­նե­­­­­­­լը եւ բնու­­­թեան հետ միասին ապ­­­րե­­­­­­­լու իրա­­­ւունքը պաշտպա­­­նելը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած ըլ­­­լա­­­­­­­լուն հա­­­մար, 2026 Հրանդ Տինք Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Մրցա­­­նակին տի­­­րացողն է Սիւ­­­հէյլա Տո­­­ղան։

 

 

 

2026 Հրանդ Տինք Մրցանակին դափնեկիր Ռա­­­ճի Սու­­­րա­­­­­­­նի

Կազ­­­զա­­­­­­­յի մէջ մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց խախ­­­տումնե­­­րը փաս­­­տագրե­­­լը գործնա­­­կանա­­­պէս անհնա­­­րին դար­­­ձած պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ իսկ իր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելուն, սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րու եւ մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցու­­­մի չտրտմե­­­լով իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան դի­­­մաց ճշմար­­­տութիւ­­­նը պաշտպա­­­նելուն, իրա­­­ւունքի գե­­­րիշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը եւ պա­­­տերազ­­­մէն տու­­­ժած բո­­­լորին ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը իր մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան կեան­­­քին ու բա­­­րոյա­­­կան կե­­­ցուած­­­քին առաջ­­­նորդող սկզբունքներ ըն­­­դունե­­­լուն, եւ ան­­­պատժե­­­լիու­­­թեան դի­­­մաց օրէն­­­քը տա­­­կաւին գործնա­­­կան ճամ­­­բայ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լը ցոյց տա­­­լուն հա­­­մար, 2026 Հրանդ Տինք Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Մրցա­­­նակին դափ­­­նե­­­­­­­կիրն է Ռա­­­ճի Սու­րանի։

Լուսանկար Իշխան Էրտինչ

 

Ծնած է 1953 թ. Դեկ­­­տեմբեր 28-ին, Կազ­­­զա։ Իր իրա­­­ւագի­­­տու­­­թեան ու­­­սումը աւար­­­տեց 1977-ին Եգիպ­­­տոս, Աղեք­­­սանդրիոյ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանէն, եւ քիչ ետք բա­­­ցաւ իր սե­­­փական փաս­­­տա­­­­­­­բանա­­­կան գրա­­­սենեակը։ 1991-1992 տա­­­րինե­­­րուն Նիւ Եոր­­­քի Գո­­­լումպիա Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանին մէջ հիւր դա­­­սախօս հան­­­դի­­­­­­­սացաւ։

Իս­­­րա­­­­­­­յէլի 1967 թո­­­ւակա­­­նէն ի վեր տե­­­ւող գրաւ­­­ման տակ գտնո­­­ւող Կազ­­­զա­­­­­­­յի մէջ, ան պաշտպա­­­նեց ռազ­­­մա­­­­­­­կան դա­­­տարան­­­նե­­­­­­­րու առ­­­ջեւ դա­­­տուող պա­­­ղես­­­տինցի քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու գոր­­­ծե­­­­­­­րը, որոնց մէջ կա­­­յին նաեւ 12 տա­­­րեկան մա­­­նուկներ։ Ան այս փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւնը կը նկա­­­րագ­­­րէ հե­­­տեւեալ բա­­­ռերով. «Կազ­­­զան լուսնի հա­­­կառակ երե­­­սին պէս էր. իս­­­րա­­­­­­­յէլա­­­ցի գրա­­­ւող­­­նե­­­­­­­րը չէին ու­­­զեր որ ոեւէ մէ­­­կը գիտ­­­նայ հոն տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցող խոշ­­­տանգումնե­­­րը, մա­­­հապա­­­տիժ­­­նե­­­­­­­րը, տե­­­ղահա­­­նու­­­թիւննե­­­րը, աք­­­սորնե­­­րը, տու­­­նե­­­­­­­րու քան­­­դումը, անօ­­­րինա­­­կան բռնագ­­­րա­­­­­­­ւումնե­­­րը, սպա­­­նու­­­թիւննե­­­րը, պա­­­շարումնե­­­րը եւ զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին մա­­­հապա­­­տիժ­­­նե­­­­­­­րը»։

Իր իրա­­­ւագի­­­տական մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թեան սկիզ­­­բէն ի վեր տա­­­րած իրա­­­ւունքնե­­­րու պաշտպա­­­նու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը 1977-1990 տա­­­րինե­­­րուն մի­­­ջեւ պատ­­­ճառ եղաւ որ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­ման մեկ­­­նե­­­­­­­լու իրա­­­ւունքը ար­­­գի­­­­­­­լուի իր­­­մէ եւ իր տու­­­նը ու գրա­­­սենեակը բազ­­­միցս խու­­­զարկո­­­ւին։ 1979-ին առա­­­ջին ան­­­գամ ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւեցաւ, երեք տա­­­րի բան­­­տարկո­­­ւեցաւ, եւ այս ժա­­­մանա­­­կահա­­­տուա­­­ծին են­­­թարկո­­­ւեցաւ խոշ­­­տանգումնե­­­րու։ 1985-1988 տա­­­րինե­­­րուն մի­­­ջեւ եւս հինգ ան­­­գամ ձեր­­­բա­­­­­­­կալուեցաւ եւ ար­­­գի­­­­­­­լուե­­­ցաւ իրեն բան­­­տեր այ­­­ցե­­­­­­­լել ու դա­­­տավա­­­րու­­­թիւննե­­­րու հե­­­տեւիլ։ Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Ամ­­­նեսթի Ին­­­թերնէ­­­շընա­­­լը զին­­­քը 1985-ին եւ 1988-ին եր­­­կու ան­­­գամ հռչա­­­կեց Խղճի Բան­­­տարկեալ։

Ան իրա­­­ւունքնե­­­րու խախ­­­տումնե­­­րը կը գնա­­­հատէր նոյն շրջա­­­գիծով՝ առանց նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալու թէ ուրկէ կու գան։ 1993-ին Իս­­­րա­­­­­­­յէլի եւ Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նի Ազա­­­տագ­­­րութեան Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան մի­­­ջեւ ստո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած Օս­­­լո­­­­­­­յի Հա­­­մաձայ­­­նա­­­­­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը քննա­­­դատեց, քա­­­նի որ անոնք մարդկա­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րու երաշ­­­խիք չէին պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեր. ան նշեց թէ հա­­­մաձայ­­­նա­­­­­­­գիրը որե­­­ւէ շրջա­­­նակ չէր տրա­­­մադ­­­րեր գրաւ­­­ման աւար­­­տին, պա­­­ղէս­­­տինցի­­­ներու ինքնո­­­րոշ­­­ման իրա­­­ւունքին, հա­­­շուե­­­տուո­­­ղակա­­­նու­­­թեան, կամ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին իրա­­­ւունքին առնչու­­­թեամբ։ Ան նոյն կեր­­­պով դա­­­տապար­­­տեց 1994-ին այս հա­­­մաձայ­­­նագրով հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նեան Ազ­­­գա­­­­­­­յին Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան պե­­­տական անվտան­­­գութեան դա­­­տարան­­­նե­­­­­­­րը։ Այս կե­­­ցուած­­­քը 1995-ին պատ­­­ճառ եղաւ որ ան այս ան­­­գամ ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւի Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նեան Ազ­­­գա­­­­­­­յին Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կող­­­մէ։ Ընդհա­­­նուր առ­­­մամբ վեց ան­­­գամ ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւած է Իս­­­րա­­­­­­­յէլի եւ Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նեան Ազ­­­գա­­­­­­­յին Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կող­­­մէ։

1995-ի Ապ­­­րի­­­­­­­լին հիմ­­­նեց Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նեան Մարդկա­­­յին Իրա­­­ւանց Կեդ­­­րո­­­­­­­նը եւ ստանձնեց անոր տնօ­­­րէնու­­­թիւնը։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նը տեղ­­­ւոյն վրայ կը փաս­­­տագրէր մարդկա­­­յին իրա­­­ւունքնե­­­րու խախ­­­տումնե­­­րը, անվճար իրա­­­ւական աջակ­­­ցութիւն կը տրա­­­մադ­­­րէր տու­­­ժածնե­­­րուն, եւ կրթա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ կը տա­­­նէր Կազ­­­զա­­­­­­­յի մէջ։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նին կող­­­մէ պատ­­­րաստո­­­ւած ան­­­կախ դաշ­­­տա­­­­­­­յին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րը կ’օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծո­­­­­­­ւին որ­­­պէս աղ­­­բիւր ոչ միայն մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին իրա­­­ւունքի եւ մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու, այ­­­լեւ Միացեալ Ազ­­­գե­­­­­­­րու հա­­­մապա­­­տաս­­­խան գրա­­­սենեակ­­­նե­­­­­­­րու, Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Քրէական Դա­­­տարա­­­նի, հա­­­մերաշ­­­խութեան խումբե­­­րու եւ դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ։

Ան եղաւ հա­­­մընդհա­­­նուր իրա­­­ւասու­­­թեան սկզբունքը Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նեան գոր­­­ծե­­­­­­­րու վրայ կի­­­րար­­­կող առա­­­ջամար­­­տիկ իրա­­­ւաբան­­­նե­­­­­­­րէն մին։ Իր եւ­­­րո­­­­­­­պացի գոր­­­ծընկեր­­­նե­­­­­­­րուն հետ միասին, իս­­­րա­­­­­­­յէլա­­­ցի պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու դէմ դա­­­տեր բա­­­ցաւ Զո­­­ւիցե­­­րիա, Միացեալ Թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւն, Հո­­­լան­­­տա, Սպա­­­նիա եւ Ամե­­­րիկա­­­յի Միացեալ Նա­­­հանգնե­­­րու դա­­­տարան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։ Այս աւե­­­լի քան տաս­­­նա­­­­­­­մեայ ջան­­­քը հան­­­գե­­­­­­­ցաւ 2021-ին Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Քրէական Դա­­­տարա­­­նի Պա­­­ղէս­­­տի­­­­­­­նեան հո­­­ղերու վրայ իրա­­­ւասու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նալուն պաշ­­­տօ­­­­­­­նական ճա­­­նաչ­­­ման։

2011-2018 տա­­­րինե­­­րուն մի­­­ջեւ ստանձնեց Արա­­­բական Մարդկա­­­յին Իրա­­­ւանց Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան Հո­­­գաբար­­­ձունե­­­րու Խոր­­­հուրդի նա­­­խագա­­­հու­­­թիւնը։ Այս պաշ­­­տօ­­­­­­­նին ըն­­­թացքին, ան կրթա­­­կան ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րով աջակ­­­ցե­­­­­­­ցաւ Լի­­­պիոյ, Սու­­­րիոյ եւ Եմե­­­նի մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց պաշտպան­­­նե­­­­­­­րուն։ 1980-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րէն ի վեր կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր կա­­­պը իս­­­րա­­­­­­­յէլա­­­ցի իրա­­­ւաբան­­­նե­­­­­­­րու եւ մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց պաշտպան­­­նե­­­­­­­րու հետ, դիւ­­­րացնե­­­լով անոնց Կազ­­­զա­­­­­­­յի փախստա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ճամ­­­բարներ կա­­­տարած այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւննե­­­րը։ Այս հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թեան ար­­­դիւնքին ան պատ­­­րաստեց բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հա­­­մատեղ զե­­­կոյցներ եւ հա­­­մընդհա­­­նուր իրա­­­ւասու­­­թեան պա­­­րագա­­­յի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւններ։

2015 թո­­­ւակա­­­նէն ի վեր կը ղե­­­կավա­­­րէ մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց խախ­­­տումնե­­­րու են­­­թարկո­­­ւած պա­­­ղէս­­­տինցի­­­ները ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող իրա­­­ւական խումբը։ Առա­­­ջին օրե­­­րէն ի վեր՝ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան եւ ազ­­­գա­­­­­­­յին մաքրման մա­­­սին լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րուն տո­­­ւած իր յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րուն պատ­­­ճա­­­­­­­ռով, ան խոր­­­հուրդ ստա­­­ցաւ լքել Կազ­­­զան։ 2023 թո­­­ւակա­­­նի Հոկ­­­տեմբե­­­րին, Democracy Now-ին տո­ւած եր­­­կօ­­­­­­­րեայ յա­­­տուկ հար­­­ցազրոյ­­­ցէն ետք, իր տու­­­նը ռմբա­­­կոծո­­­ւեցաւ։ Ան ողջ մնաց Իս­­­րա­­­­­­­յէլի օդա­­­յին յար­­­ձա­­­­­­­կու­­­մէն, որ իր տու­­­նը հո­­­ղին հա­­­ւասա­­­րեցուց, իր ըն­­­տա­­­­­­­նիքին հետ միասին։ Ի դէմ այս բո­­­լորին, միացաւ այն իրա­­­ւական խումբին որ 2024 թո­­­ւակա­­­նի Յու­­­նո­­­­­­­ւար 11-ին Հա­­­րաւա­­­յին Ափ­­­րի­­­­­­­կէի կող­­­մէ Իս­­­րա­­­­­­­յէլի դէմ Կազ­­­զա­­­­­­­յի մէջ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեամբ ամ­­­բաստա­­­նու­­­թեան գոր­­­ծը տա­­­րաւ Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Դա­­­տարան։ Իր գրա­­­սենեակին ու տան կոր­­­ծա­­­­­­­նու­­­մին, եւ բազ­­­միցս տե­­­ղահա­­­նուե­­­լուն հա­­­կառակ, ան չլքեց այս իրա­­­ւական հե­­­տապնդու­­­մը։ Այս կի­­­սադա­­­րեայ պայ­­­քա­­­­­­­րը բազ­­­միցս ճանչցո­­­ւած է մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց աս­­­պա­­­­­­­րէզի առա­­­ջատար մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով։

Կազ­­­զա­­­­­­­յի մէջ մարդկա­­­յին իրա­­­ւանց խախ­­­տումնե­­­րը փաս­­­տագրե­­­լը գործնա­­­կանա­­­պէս անհնա­­­րին դար­­­ձած պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ իսկ իր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելուն, սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րու եւ մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցու­­­մի չտրտմե­­­լով իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան դի­­­մաց ճշմար­­­տութիւ­­­նը պաշտպա­­­նելուն, իրա­­­ւունքի գե­­­րիշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը եւ պա­­­տերազ­­­մէն տու­­­ժած բո­­­լորին ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը իր մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան կեան­­­քին ու բա­­­րոյա­­­կան կե­­­ցուած­­­քին առաջ­­­նորդող սկզբունքներ ըն­­­դունե­­­լուն, եւ ան­­­պատժե­­­լիու­­­թեան դի­­­մաց օրէն­­­քը տա­­­կաւին գործնա­­­կան ճամ­­­բայ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լը ցոյց տա­­­լուն հա­­­մար, 2026 Հրանդ Տինք Մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին Մրցա­­­նակին դափ­­­նե­­­­­­­կիրն է Ռա­­­ճի Սու­րանի։

 

 

———

——-

——-

Post a comment