No comments yet

ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԵՒ «Ս. ՍԱՀԱԿ – Ս. ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ԲԱՁՐԱԳՈՅՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՅՈՒՇԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ. ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

 

 

ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԵՒ «Ս. ՍԱՀԱԿ – Ս. ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ԲԱՁՐԱԳՈՅՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՅՈՒՇԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ. ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս

Կեանքը ինքնին հնչիւններու, անցողիկ ժամանակի եւ անձնուէր նուիրումի շարունակական ստեղծագործութիւն մըն է, ուր իւրաքանչիւր անհատ իր հոգիին կնիքը, իր ներքին լոյսն ու բարոյական կամքը կը դնէ հաւաքական ժառանգութեան անջնջելի խորանին վրայ:

Կիրակի, Հոկտեմբեր 25, 2026ին, Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնին մէջ եւ անոր կազմակերպչական հովանիին ներքոյ, տեղի ունեցաւ բացառիկ խոր խորհուրդ ունեցող ձեռնարկ մը, որ նուիրուած էր մեր յարգարժան հայրենակից՝ Գէորգ Պ. Յակոբեանի անցած տառապալից ու փառապանծ ուղիին, գրական վաստակին, եւ մասնաւորաբար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետի Սրբազան Կոնդակին ու «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» բարձրագոյն շքանշանին արժանանալու պատմական առթիւ:

Այս հանդիպումը պարզապէս երկրային մեծարանքի կամ տարեդարձի երեկոյ մը չէր, այլ մտաւորական վերացարկում մը՝ արժեւորելու համար այն մարդկային ներդրումը, ուր եկեղեցական բարձր գնահատականն ու հայրենասիրական նուիրումը կամուրջ կը հանդիսանան անցեալի վսեմ աւանդներուն, ներկայի գիտակցութեան եւ ապագայի տեսլականին միջեւ: Համայնքի մտաւորականներ, հարազատներ ու հոգեւորականներ համախմբուած էին՝ յարգանքի տուրք մատուցելու այն մարդուն, որ իր ամբողջ էութեամբ դարձած է կրողը հայկական ոգիին, հաւատքին ու տոկունութեան:

Ձեռնարկը սկսաւ խորին խորհրդածութեամբ, ուր իւրաքանչիւր բանախօս եւ մասնակից իր հոգիին լոյսով բացաւ արուեստի, հաւատքի ու մարդկային նուիրումի նոր էջ մը:

Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Կարպիս Սարաֆեան կատարեց բացումը բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն:

Մտքի Եւ վերլուծութեան բարձունքէն, հիմնական բանախօս՝ Հրաչ Սէփէթճեան, փիլիսոփայական խորքային հայեացքով մը անդրադարձաւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի անցած ուղիին եւ անոր հետ գործակցելու առիթը ունենալու բախտին մասին: Ան յայտնեց թէ, Գէորգ Պ. Յակոբեան տարիներով Օսմանեան արխիւները ուսումնասիրած  եւ դուրս հանած էր տասնակներով լուսանկարներ եւ նիւթեր: Հսկայական սոյն աշխատանքը բառերու մէջ կարելի չէ բացատրուիլ: Արդիւնքը սա էր թէ, գիրքերը ծաւալուն են որոնք պէտք է տեղ հասնին, այսինքն իրենց թիրախներուն՝ որոնք մեր դպրոցներն են, Գալիֆորնիոյ կարեւորագոյն համալսարանները եւ Հայագիտական կեդրոնները եւ որոնք կը փաստեն մեր անցեալը եւ ներկայ գոյութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ ոչ միայն անոր գործունէութիւնը, այլեւ այն բարոյական հիմքերը, որոնց վրայ կառուցուած է մեծարեալի ներքին աշխարհը:

Հայրենի սրտի շունչը Հայաստանէն յղուած սրտաբուխ Ուղերձն էր, Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսի կողմէ ընթերցուած՝ որ Հայաստանէն՝ հայրենի սրտի ջերմութիւնն ու խորին գնահատանքը բերաւ հանդիսութեան: Ընթերցուած իւրաքանչիւր դրուագ վկայութիւնն էր կեանքի փորձութիւններուն միջով անցնող, բայց երբեք չընկճուող, մշակոյթի ու հաւատքի ջահը բարձր պահող մարդու մը հոգեւոր ճամբորդութեան: Այդ պատմութիւնը վերածուեցաւ տոկունութեան, արժանապատուութեան եւ հաւատարմութեան դասագիրքի մը: Իսկ այս պահը վերածուեցաւ հոգեւոր խորհրդաւոր զոհասեղանի մը, ուր Սփիւռքն ու Մայր Հայրենիքը ձուլուեցան մէկ անբաժանելի միտքի եւ զգացումի շուրջ՝ վկայելով, որ Գէորգ Պ. Յակոբեանի ստացած հայրապետական օրհնութիւնն ու մեծարանքը կը պատկանին համայն հայութեան հոգեւոր ընտանիքին:

Երբ Տէր Գէորգ քահանան ներկայացուց Թեմական Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գրաւոր պատգամը, ճառը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ  հայկական ինքնութեան, Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի Ժառանգութեան  վրայ: Ճառը  ուղղակի  կապ հաստատեց Հայաստանի 5-րդ դարու «Ոսկեդարու» ժառանգութեան հետ, երբ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ հնարեցին հայոց գիրերը եւ թարգմանեցին Աստուածաշունչը՝ ժողովուրդը լուսաւորելու համար։ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի պատգամը շեշտեց, որ կրթական հաստատութիւնները  սոսկ  սորվելու վայրեր չեն, այլ՝ սերունդէ սերունդ հաւատքը, լեզուն եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանող կենսական սրբարաններ են։ Գէորգ Պ. Յակոբեանի գործերը կը վաւերականացնեն թէ այնտեղ այդ հողերուն վրայ մեր նախնիքը ապրած են ստեղծագործ կեանքով, կեանք ստեղծած են Աստուծոյ փառքին համար եւ այդ տարածքներուն վրայ միայն մեր նախնեաց հոգեւոր կեանքի արձագանքը մնացած է որոնց պատկերը Յակոբեանի գիրքերուն եւ հատորներուն մէջ ամփոփուած է: Մենք ականատես ենք որ այստեղ՝ Պոլսէն հեռու, իր աշխատանքով մեր ձեռքի տակ բերաւ այն բոլոր արխիւներն ու պատկերները եւ գրաւոր տեղեկութիւնները որոնք խօսուն վկայութիւնն են եւ այն մասին որ այնտեղ ապրած գոյատեւած եւ ստեղծագործած մեր ժողովուրդի զաւակաց կեանքի վկայութիւնը արդէն հազարաւոր էջերու մէջ ամփոփուած է: Պատգամը դրուատեց Գէորգ Պ. Յակոբեանը՝ իր պատմական հետազօտութիւնները իբրեւ սրբազան առաքելութիւն սեպելուն համար։ Պոլսոյ կրթական պատմութիւնը արձանագրելով՝ Գէորգ Պ. Յակոբեան յաջողութեամբ պահպանեց սփիւռքի հիմնարար կառոյցներուն յիշատակը։

Երեկոյին սիրտն էր Գէորգ Պ. Յակոբեանի շնորհակալական Խօսքը որ ամենայուզիչ եւ փիլիսոփայական գագաթնակէտը եղաւ: Ան խորին հանդարտութեամբ, հարազատ յուշերու, Հայրապետական գնահատանքին հանդէպ խորին երախտագիտութեամբ եւ կենսափորձի իմաստութեամբ կիսուեցաւ ներկաներուն հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համայնքին, կազմակերպիչներուն եւ իր կողքին  կանգնող  բարեկամներուն: Անոր  խօսքը  ոչ  միայն շնորհակալութիւն էր, այլեւ՝ հոգեւոր կտակ ու պատգամ գալիք սերունդներուն:

Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակեց հանդիսութիւնը իր հայրական պատգամով եւ աղօթքով: Յայտնեց թէ՝ որեւէ կերպ կարելի չէ արդար եւ ամբողջական գնահատական արտայայտել այն հսկայական աշխատանքին դիմաց զոր հեղինակը կատարած է: Տարիներու աշխատանքի իւրաքանչիւր էջ պատմութիւն կը ներկայացնէ խտացուած գաւառներէն մեզի հասած ձայնն ու արձագանքը այնտեղ ապրած համայնքներու, եկեղեցական կեանքի, պատմամշակութային կեանքի, այդ բոլորը դժբախտաբար պատմութեան էջերուն մէջ են, բայց մոռացութեան ենթարկուած չեն որովհետեւ Գէորգ Պ. Յակոբեան փաստագրած է այդ բոլորը:

Ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած շքանշանի հանդիսաւոր արարողութեան մասին, որմէ ետք Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Սարաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին մասնակցութեան եւ մանաւանդ Տիկնանց յանձնախումբին՝ իրենց պատրաստած համեղ հիւրասիրութեան համար: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները համախմբուեցան խմբանկարի սրբազան պահով՝ յաւերժացնելով այն միասնականութիւնն ու հոգեւոր վերելքը, որ օդին մէջ կը թեւածէր այս բարձրագոյն մեծարանքի առթիւ:

Այնուհետեւ, հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ընդունելութեամբ, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան մտերմիկ զրոյցներով, փոխադարձ ջերմութեամբ եւ հոգեւոր մերձեցումով տօնախմբելու այս պատմական ու լուսաւոր իրադարձութիւնը:

Թող այսպիսի լուսաւոր ու հայրապետօրէն օրհնուած ձեռնարկներ շարունակեն ոգեշնչել մեր համայնքային կեանքը, քանզի մեր արժէքները ճանչցող, գնահատող եւ իրենց կեանքով զանոնք վերածնող անհատներն են, որոնք կը պահեն հայոց յաւերժական կանթեղը վառ:

 

 

–

Post a comment