No comments yet

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԱՐՈՒՄԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ. ՄԷԿԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԿՕՇԻՆ՝

 

 

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԱՐՈՒՄԻ

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ.

ՄԷԿԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ ԿՕՇԻՆ՝

Ս. «ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ
«Ժամանակը կը մաշեցնէ նիւթը, բայց միայն միտքն ու հոգին են, որոնք
յիշողութեան միջոցով կը յաղթեն մահուան։ Մշակոյթը ժամանակի

հանդէպ մեր հաւաքական ըմբոստացումն է։»

Անցնող օրերուն, հոգեւոր խորին վերելքով եւ խորհրդածութեամբ, կը
ծանուցանենք մեր համայնքին, թէ Արարատ-Էսքիճեան Թանգարանի եւ
Հետազօտական Կեդրոնի տնօրէնուհի եւ հոգաբարձու՝ Տկ. Մէկի Մանկասարեան
Կօշին ամենայն արժանաւորութեամբ արժանացած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակին եւ
բարձրագոյն՝ Ս. «Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանին։
Այս վսեմաշուք պարգեւը, որ անոր շնորհուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի
Հայոց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս
Տէրտէրեանի ձեռամբ, աւելին է քան պարզապէս գնահատական: Անիկա
խորհրդանիշն է միտքի այն հաստատակամութեան, որ կը մերժէ անհետացումը
եւ անցեալի փոշիին տակէն կը վերայայտնաբերէ հայոց ինքնութեան անթառամ
լոյսը: Մէկի Մանկասարեան Կօշինի անցած ուղին ոչ թէ պարզապէս վարչական
կամ մշակութային գործունէութիւն է, այլեւ՝ ճշմարիտ հոգեւոր
ուխտագնացութիւն։
Իբրեւ տնօրէնուհի եւ պահապան՝ ան կերտեց միջոցներու եւ սերունդներու
միջեւ կամուրջ մը, ուր իւրաքանչիւր հաւաքուած արժէք դարձաւ գոյութենական
յաղթանակ՝ ընդդէմ մոռացումի խաւարին։ Թանգարանը անոր ձեռքով դարձաւ ոչ
թէ պարզապէս հին առարկաներու հանգրուան, այլ կենդանի խորան մը, ուր հայ
հոգին կը վերագտնէ իր իսկութիւնը:
Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր Յանձնախումբի եւ
բոլոր ենթայանձնախումբերու անունով, խորին խոնարհումով եւ հպարտութեամբ
կը շնորհաւորենք Միութեան Պատուոյ Անդամ՝ սիրելի Մէկի Մանկասարեան
Կօշինը։ Կը մաղթենք, որ անոր միտքը մնայ յաւերժական ջահակիրը մեր
մշակութային ակունքներուն, եւ ան շարունակէ առաջնորդել մեզի դէպի այն
բարձրագոյն հորիզոնները, ուր գիտակցութիւնն ու արարումը կը միաւորուին:

Նշենք թէ` նոյն օրը Թանգարանին Հիմնադրութեան 30ամեակի
տօնակատարութիւնն էր եւ հետեւեալ անհատները թանգարանի անունով
ակադեմական շքանշան ստացան;
Փրօֆ. Թանէր Աքչամ, «Խոստումը» հայկական հիմնարկի (The Promise
Armenian Institute) Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի
հիմնադիր տնօրէն (վարիչ):
Դոկտ. Ուօլֆ Կրունէր, Շոա հիմնադրամի Ցեղասպանագիտութեան
առաջատար հետազօտութեանց կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:
Մարք Մամիկոնեան, Ամերիկահայ հայագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան
ժխտողականութեան, հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ինչպէս
նաեւ գրական եւ պատմական բազմաթիւ աշխատութիւններու եւ
հրապարակումներու վերաբերեալ:
եւ Ճէրի Փափազեան, «Հայ ֆիլմի հիմնարկութեան» (Armenian Film Foundation)
նախագահ:

ՄՄՕ

…

…

 

..

–

Post a comment