ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ. ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ՊՈԼՍՈՅ «ԱԿՕՍ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 30-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Posted on August 4, 2026
Posted By: oiaCategories: All News
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ
ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ.
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ՊՈԼՍՈՅ «ԱԿՕՍ»
ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 30-ԱՄԵԱԿԻ
ԼՈՍ ԱՆՃԷԼԸՍԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս
30-ամեայ յոբելեանը կամ երեք տասնամեակի տօնակատարութիւնը շատ աւելին է, քան պարզապէս ժամանակային հանգրուան մը. անիկա կը խորհրդանշէ հասունութիւն, անխախտ նուիրում եւ պատմական երկար ճանապարհ մը: Կիրակի, Օգոստոս 2, 2026, երեկոյեան ժամը 6ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպուած էր «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանի հանդիսաւոր տօնախմբութիւնը: Այս ձեռնարկը համախմբած էր մեր համայնքի գրողները, լրագրողները եւ նուիրեալ անդամները՝ մեծարելու համար այն հաւատարիմ եւ անկախ ձայնը, որ տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ համայնքի ինքնութեան, ազատ արտայայտութեան եւ մշակութային պահպանման ամուր պարիսպը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Կարպիս Սարաֆեանը, ողջունելով բոլոր ներկաներն ու հիւրերը Միութեան Հոգաբարձութեան, Գործադիր եւ Մշակութային Յանձնախումբերու անունով: Պրն. Սարաֆեան այդ երեկոյին հանդիսավարի պաշտօնը ստանձնելով, արտայայտուեցաւ ըսելով. «Այսօր մեզ համար պատմական օր մըն է որովհետեւ տարիներ առաջ կամուրջ մը կազմուած էր Պոլսոյ մէջ Հրանդը ըլլալով սիւն մը, իսկ Լոս Անճէլըսի մէջ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանը այլ սիւն մը, որոնք մահացան սակայն ձգեցին ամուր կազմուածքով կամուրջ մը»: Ապա հրաւիրուեցան տեղական թերթերու երեք ներկայացուցիչերը՝ փոխանցելու իրենց սրտի խօսքերն ու շնորհաւորանքները այս կարեւոր յոբելեանին առթիւ: Ձեռնարկի ընթացքին, հանդիսավարին հրաւէրով, Ասպարէզ օրաթերթի խմբագիր՝ Արա Խաչատուրեան ամպիոն յառաջացաւ՝ փոխանցելու իր սրտի խօսքն ու շնորհաւորանքները այս նշանակալից յոբելեանին առթիւ: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց. «Կարեւոր է նշել թէ Հրանդ Տինքն ու Ակօսը Թուրքիոյ մէջ Հայերու պայքարը յառաջ տարին եւ ցոյցեր կատարեցին որպէսզի պատմական կալուածը եւ հաւաքատեղին «Քէմբ Արմէն»ը օտարներուն չպատկանի եւ կարողացան իրենց կամքը պարտադրել եւ Քէմբ Արմէնը մինչեւ այսօր իր գործը կը շարունակէ Պոլսոյ մէջ: Մենք կ’ապրինք հասարակութեան մէջ, ըլլայ այդ ամերիկահայ կամ համաշխարհային։ Մեզի համար այդ գիտելիքը հրամայական մըն է՝ գործելու եւ կարեւոր որոշումներ տալու համար, որոնք ոչ միայն կ’ազդեն մեզի՝ որպէս անհատներու եւ մարդոց վրայ, այլեւ որպէս հաւաքականութեան մը մասը, անկախ անկէ, թէ կը նայիք զայն որպէս հայու, Թուրքիոյ, սփիւռքի անդամի կամ Հայաստանի քաղաքացի։ Որովհետեւ եթէ կ’ուզենք փոփոխութիւններ կատարել, պէտք է տեղեակ ըլլանք, եւ մեր թերթերն ալ ունին այլ դեր մը՝ փաստաթղթաւորելու իրենց լուսաբանած բնագաւառները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ Միութեան զինք հրաւիրելուն համար, եւ շնորհաւորեց «Ակօս»-ի 30-ամեայ յոբելեանը։ Ձեռնարկի յայտագրին համաձայն, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երկրորդ ներկայացուցիչը, Մասիս Շաբաթաթերթի Խմբագիր՝ Գրիգոր Խոտանեան որպէսզի ան եւս փոխանցէ իր պատգամն ու գնահատանքի խօսքերը այս յիշարժան ձեռնարկին առթիւ: Իր ելոյթին մէջ ան յայտնեց. «Երեսուն տարիներ առաջ երբ Հրանդ Տինք եւ իր գաղափարակից ընկերները հիմնեցին Ակօս շաբաթաթերթը անոնք միայն նոր հրատարակութիւն մը կեանքի չկոչեցին, այլ՝ անոնք բանալի մը տուին ամբողջ հայութեան, բաց պահելով այն դուռը որուն անունը Պոլիս է: Անոնք բացին պատուհան մը ուրկէ կարելի եղաւ տեսնել, զգալ եւ հասկնալ Պոլսոյ կեանքը, իր յոյսերով, պայքարներով, մտահոգութիւններով եւ աննկուն կամքով: Հրանդ Տինք ապացուցեց որ կարելի է ապրիլ կեանքը առանց ատելութիւն սերմանելու, կարելի է պայքարիլ առանց կամուրջները այրելու եւ այդ արժէքներն են որոնք այսօր կ՛ապրին Ակօսի էջերուն մէջ եւ անոր առաքելութեան ճանապարհին: Ակօսը պատուով կը կատարէ զայն առանց մտահոգուելու անձնական վտանգնեով եւ մենք իսկապէս արժանաւոր յարգանքը կը մատուցենք խմաբագրութեան եւ աշխատակիցներուն»: Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երրորդ թերթի «Նոր Օր» գործակից ներկայացուցիչ՝ Գէորգ Քէօշքէրեանը՝ եզրափակելու տեղական թերթերու ներկայացուցիչներու ելոյթներու շարքը: Իր պատգամին մէջ ան ընդգծեց մամուլի անփոխարինելի դերն ու ըսաւ. «Պոլիս կը համարուէր մեր մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը: Ան տուած է մտաւորականներ եւ գրականագէտներ: Հիմա այդ էջը փակուած է եւ Պոլիսը մեզի կ՛երեւի «Մարմարա», «Ժամանակ» եւ «Ակօս» լրագիրներու ընդմէջէն շարունակելով անոնց գործը: Շնորհաւորելով “Ակօս”-ի վաստակաշատ անձնակազմը՝ մաղթեց անխափան երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ:» Ապա մի քանի դրուագներ ներկայացուց Հրանդ Տինքի կապակցութեամբ յայտնելով թէ Հրանդ Տինքը իր աչքին հերոս մըն էր որովհետեւ նախ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը յառաջ մղեց: Երկրորդ՝ ուզեց որ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները յառաջ մղել ոչ միայն հայերուն, այլեւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար, երրորդ՝ ուզեց ժողովրդավարութիւնը քաջալերել եւ նաեւ որ ամենակարեւորն է գոնէ իրեն համար հաշտութիւն եւ երկխօսութիւն առաջարկեց հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, բան մը որ ամէն մարդ չի կրնար այս յանդուգն քայլը առնել: Բարի երթ եւ շնորհաւորական մաղթանքով Ակօսին՝ փակեց իր խօսքը: Ձեռնարկի յայտագրի յաջորդ բաժնին, հանդիսավարը յայտարարեց, որ Իսթանպուլէն «Ակօս»-ի խմբագիրներն ու աշխատակիցները ուղիղ կապով (Zoomի միջոցով) միացած են հաւաքոյթին՝ անձամբ փոխանցելու իրենց սրտաբուխ շնորհաւորանքներն ու պատգամները ներկաներուն: Առաջին հերթով խօսք առաւ Տիար Արիս Նալճը, պոլսահայ լրագրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ, որ երկար տարիներ գործած է Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ (ներառեալ «Ակօս» շաբաթաթերթին շրջանակներէն ներս). ան ըսաւ. «Թէ իր առաջին հաղորդակցութիւնը եղաւ երբ հանգուցեալ Իրաւաբան Էտվին Մինասեանը կանչեց զինք Լոս Անճէլըս որպէսզի խօսի Ակօսի մասին հայ համայնքին հետ: Ան նշեց թէ Ակօսը դպրոց եւ կեանք է սորվեցնելով փոքրամասնութիւններուն թէ ինչպէս պէտք է ապրին թուրքիոյ եւ այլ ազգերու հետ: Որպէս նախկին աշխատակից եւ խմբագիր, որ երկար տարիներ աշխատած է Հրանդ Տինքի կողքին, Նալճըն միշտ մեծարած է «Ակօս»-ի ընտանիքին համերաշխութիւնն ու նուիրումը՝ շեշտելով, որ թերթը դարձած է երրորդ տուն եւ ապաստան շատերու համար: Ակօսը իր տեղը կը գրաւէ Թուրքիոյ հայ մամուլին մէջ որովհետեւ միայն հայերուն կարդացած թերթը չէ, այլեւ՝ թուրքերուն ալ, տրուած ըլլալով որ երկլեզու է»: Երկրորդ հաղորդումը Բագրատ Էսթուքեանի կողմէ էր, հայ լրագրող, գրող եւ հասարակական գործիչ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ Պոլսոյ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագրութեան պաշտօնը։ Ան «Ակօս»-ի հիմնադիր սերունդին եւ խմբագրական կազմին առանցքային դէմքերէն մէկն է, որ նուիրեալ կերպով կը շարունակէ պաշտպանել հայ մամուլի, ազատ խօսքի եւ մշակոյթի պահպանման առաքելութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Իր խօսքով ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հաղորդումին համար: Իր յուշերը փոխանակեց Ակօսի հետ առնչուած, յայտնելով թէ նախ քան Ակօսի հիմնուիլը Հանգուցեալ Հրանդ Տինքի հետ անկէ առաջ արդէն գաղափարակից ընկերներ էին ունենալով նաեւ այլ հասարակական ընկերներ: Անոնք «Գրական ակումբ» խորագրին եւ Կեդրոնական Սանուց Միութեան երդիքին տակ հանդիպումներ կը կազմակերպէին նիւթ ունենալով հայոց գիրն ու գրականութիւնը: Որուն ընթացքին Հրանդ Տինք եւ պայմաններու բերմամբ՝ Ակօսի հրատարակութեան գաղափարը յղացաւ, որովհետեւ ոչ հայերն ալ հետաքրքրուած էին մեր նիւթերով եւ որովհետեւ մեր հերքումի նամակները անպատասխան կը մնային թուրքերու կողմէ, հետեւաբար՝ սոյն թերթը իրենց հասկցած լեզուով միայն կարելի պիտի ըլլար կարդալ եւ հասկնալ: Անցնող երեսուն տարիները ապացուցանեցին թէ Հրանդ ՏԻնքի որոշումը տեղին էր եւ Թուրքիոյ հայութիւնը կարիքն ունէր իր արժանապատուութիւնը պաշտպանելու եւ եթէ Ակօսը չ՛ըլլար, կարելի պիտի չ՛ըլլար պաշտպանուիլ: Իր վերջին խօսքով Էսթուքեան ուժ եւ կորով մաղթեց Պոլսահայ Միութեան իրենց աշխատութեանց մէջ: Կարգը եկաւ Յովհաննէս Քըլըճտաղի, ճանչցուած պոլսահայ պատմաբան, գիտաշխատող եւ հրապարակագիր, որ երկար տարիներէ ի վեր («Ակօս»-ի մէջ 2011-էն սկսեալ) հանդիսացած է «Ակօս» շաբաթաթերթի անգլերէն բաժնի խմբագիր եւ կը գրէ անգլերէն լեզուով: Քըլըճտաղը «Ակօս»-ը դիտարկած է որպէս ազատ մտքի, ինքնութեան պաշտպանութեան եւ հասարակական արդարութեան կենսական հարթակ Թուրքիոյ մէջ: 30 տարիներու ընթացքին թերթը ոչ միայն գոյատեւեց ամենադժուարին պայմաններուն մէջ, այլեւ ձեւաւորեց հասարակական միտք եւ քննական մօտեցում եւ ուր հնչեց հայ համայնքին անկախ, համարձակ եւ առանց ինքնագրաքննութեան ձայնը: Ան այսօրուան այն հաստատութիւններէն մէկն է, որոնք կ’աշխատին Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Անոր գործառոյթները շատ աւելի կ’անցնին հայ համայնքի սահմաններէն. անոնք կը ներառեն ամբողջ թրքական հասարակութիւնը եւ ընկերային ճնշման տակ գտնուող լուսանցքային խումբերը: Յաջորդեց Երուանդ Տանձիկեանը «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր, որ թերթին եւ անոր 30-ամեայ ուղիին մասին յաճախ ընդգծած է հետեւեալ առանցքային մտքերը. «Ակօս»-ի կենսական առաքելութիւններէն մէկն է բարձրացնել Պոլսոյ հայ համայնքի եւ Թուրքիոյ միւս փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, կալուածային ու կրթական խնդիրները եւ պահպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ Ան նշեց, որ թերթը կամուրջ է Պոլսոյ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Ան՝ Ակօսի պատմութիւնը երկու մասի բաժնեց: Առաջին՝ Ակօսի նպատակն էր Հայ ժողովուրդի խնդիրները երկլեզու ձեւով իմացնել թուրք ժողովուրդին հետ կապ մը հիմնելու համար: Երկրորդ՝ հայերէն լեզուն չգիտցող թուրքիոյ գաւառներէն եկած հայերուն համար որոնք հայերէն կարդալ եւ խօսիլ չէին գիտեր: Անոր համար երկլեզու թերթը հիմնելով, անոնց հետ ալ կապ հաստատել ուզեցին եւ հայերու եւ թուրքերու միջեւ խնդիրները ցուցաբերելու այս թերթին ընդմէջէն եւ որպէսզի հայութիւնը կարենայ որպէս հաւաքականութիւն ճիշդ որոշումներ տալ եւ ազդեցութիւն ունենալ, անհրաժեշտ էր ճշգրիտ տեղեկատուութիւն, ինչ որ կ՛ապահովէ անկախ մամուլը։ Հաղորդումի վերջին բաժնով խօսք առաւ Հրանդ Տինքի այրին՝ Րաքէլ Տինք, հայազգի հասարակական գործիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան և Հրանդ Տինք հիմնարկի համահիմնադիր եւ ատենապետուհի։ Ան այտնեց թէ Ակօս շաբաթաթերթը երկար ճամբայ քալեց եւ կը շարունակէ քալել, իր յոյսը յայտնեց որ Ակօս իր գաղափարը պիտի կարենայ վերջակէտին հասցնել: Խօսք առաւ Միութեան Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բարունակ Չէլիքեան, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն, որոնք իրենց խորաթափանց վերլուծումներով, պատմական յիշողութեան արժեւորումով եւ հարուստ մտքերով լուսաւորեցին մեր մտքերն ու հոգիները: Շնորհակալութիւն նաեւ կազմակերպչական յանձնախումբին եւ բոլոր աշխատակիցներուն: Առանց որոնց աներեւոյթ, բայց տքնաջան աշխատանքին, կարելի պիտի չըլլար իրականութիւն դարձնել այս ծրագիրը: Հանդիսավար Կարպիս Սարաֆեան իր վերջին խօսքով ըսաւ. «Երբ կը փակենք մեր այս գեղեցիկ եւ բովանդակալից ձեռնարկի վարագոյրը, իմ սրտագին շնորհակալութիւնը կ’ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց անխնայ ջանքն ու նուիրումը բերին այս հաւաքոյթի յաջողութեան համար: Կրկին անգամ շնորհակալութիւն բոլորիդ: Մեր միասնականութիւնն ու նուիրումը հիմքն են մեր մշակոյթի եւ կառոյցի յարատեւման»: Ձեռնարկի յուզիչ եւ հանդիսաւոր պահերէն ետք, բոլոր հիւրերը, խմբագիրները, կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները եւ ներկաները համախմբուեցան բեմին շուրջ, ուր կատարուեցաւ միասնական յիշատակի լուսանկար մը, որմէ ետք, ձեռնարկը շարունակուեցաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Ներկաներուն համար պատրաստուած էր պատշաճ ընդունելութիւն: Հիւրերը առիթը ունեցան միասին ճաշակելու համեղ հիւրասիրութիւնները, զրուցելու, փոխանակելու իրենց տպաւորութիւնները եւ անձնական մակարդակով շնորհաւորելու «Ակօս»-ի յոբելեանը՝ վերահաստատելով համայնքային կապերն ու միասնականութիւնը: Փակեցինք այս յիշարժան հանդիսութիւնը՝ մաղթելով, որ «Ակօս» շաբաթաթերթը շարունակէ մնալ հայութեան զարկերակը, լուսաւորէ մեր ուղին եւ անխախտ պահէ ճշմարտութեան ջահը գալիք տասնամեակներուն ընթացքին:
A G O S ENGLISH VERSION
Special event in Los Angeles for Agos’ 30th anniversary
A special event was held in Los Angeles to mark the 30th anniversary of our newspaper. Organized by Bolsahay Miutyun (the Association of Istanbul Armenians), the event featured speeches by members of the Agos team, editors from the newspapers Asbarez, Nor Or, and Masis, Rakel Dink, and representatives of the association. On Sunday, August 2, the event took place at the association’s premises and was moderated by Garbis Sarafyan, a member of the Bolsahay Miutyun Board of Trustees. Stating that Agos serves as a bridge, Sarafyan said, “The Istanbul end of the bridge was Hrant Dink, and the Los Angeles end was Edvin Minassian. Sadly, neither is with us anymore. More than anything, people crossed these bridges in both directions. I wanted us, too, to come together side by side on this strong bridge. I wanted the newspapers in Los Angeles and Agos to sit side by side and evaluate Agos from their own perspectives.”
Ara Khachadourian, editor of Asbarez, recalled in his speech that Hrant Dink and Agos advanced the struggle of Armenians in Turkey and worked to prevent the confiscation of Kamp Armen. Khachadourian thanked the association’s leadership for organizing the event and congratulated Agos on its 30th anniversary.
Krikor Khodenyan, editor of the weekly Masis newspaper, said: “When Hrant Dink and his friends founded the weekly Agos newspaper thirty years ago, they not only created a new publication; they also gave all Armenians a key that kept open the door called Istanbul. Hrant Dink proved that it is possible to live without sowing hatred and to struggle without burning bridges, and those are the values that live on today in the pages of Agos. Agos carries out this mission with honor, without concern for personal danger, and we offer the editorial board and staff the respect they truly deserve.”
Kevork Koshkerian of Nor Or said, “Istanbul was once regarded as the greatest center of our culture. It produced intellectuals and writers. Now that chapter has closed, and Istanbul remains visible to us through the newspapers Marmara, Jamanak, and Agos, which continue that work. I congratulate the dedicated staff of Agos and wish them an uninterrupted journey and new successes,” adding that he regarded Hrant Dink as a hero.
At the event, where Board of Trustees Chairman Parunak Çelikyan also delivered a speech, video messages from Agos Editor-in-Chief Yetvart Danzikyan, Agos Armenian-language pages editor Pakrat Estukyan, and Agos columnist Ohannes Kılıçdağı were shared with participants.
Rakel Dink, the wife of Hrant Dink and President of the Hrant Dink Foundation, also sent a video message, saying that Agos has come a long way and will continue on its path. In their closing remarks, Board of Trustees Chairman Parunak Çelikyan and board member Sarafyan thanked the speakers.
Speaking to Agos after the event, Sarafyan said, “You are not alone; all the newspapers here are extending a hand to you,” and sent his greetings to the entire staff. Sarafyan also added that Markrit Atmaca, a member of the Istanbul Armenian community, had also contributed to organizing the event.
A G O S TURKISH VERSION
A
Agos’un 30. yılı için Los Angeles’ta özel etkinlik
Gazetemizin 30’uncu kuruluş yıldönümü vesilesiyle Los Angeles’ta özel bir etkinlik düzenlendi. Bolsahay Miutyun (İstanbullu Ermeniler Derneği) tarafından düzenlenen etkinlikte Agos ekibinin yanı sıra Asbarez, Nor Or, Masis gazetelerinden editörler, Rakel Dink ve dernek yöneticileri konuşmalar yaptı. 2 Ağustos Pazar günü dernek lokalinde yapılan etkinliğin sunuculuğunu Bolsahay Miutyun Mütevelli Heyeti üyesi Garbis Sarafyan yaptı. Agos’un bir köprü görevi gördüğünü belirten Sarafyan, “Köprünün İstanbul ayağı Hrant Dink, Los Angeles ayağı Edvin Minassian. Ne yazık ki ikisi de hayatta değil. Bu köprülerden çok insanlar gitti geldi karşılıklı. İstedim ki, biz de bu sağlam köprünün üzerinde yan yana gelelim. Los Angeles’taki gazeteler ve Agos karşılıklı yan yana otursun, onlar kendi pencerelerinden bakarak Agos’u değerlendirsinler” dedi.
Asbarez gazetesi editörü Ara Haçaduryan, etkinlikte yaptığı konuşmada, Hrant Dink ve Agos’un Türkiye Ermenilerinin mücadelesini ileriye taşıdığını, Kamp Armen’e el konulmaması için çaba sarf ettiğini hatırlattı. Haçaduryan, dernek yönetimine etkinlik için teşekkür ederek Agos’un 30’uncu yılını kutladı.
Masis haftalık gazetesinin editörü Krikor Khodenyan da “Otuz yıl önce Hrant Dink ve arkadaşları Agos haftalık gazetesini kurduklarında, sadece yeni bir yayın organına hayat vermekle kalmadılar; tüm Ermeniliğe adı İstanbul olan kapıyı açık tutan bir anahtar verdiler. Hrant Dink, nefret ekmeden de yaşanabileceğini, köprüleri yakmadan da mücadele edilebileceğini kanıtladı ve bugün Agos’un sayfalarında yaşayan değerler işte bunlardır. Agos, kişisel tehlikelerden kaygılanmadan bu görevi onurla yerine getiriyor ve bizler yayın kuruluna ve çalışanlarına gerçekten hak ettiği saygıyı sunuyoruz” dedi.
Nor Or gazetesinden Kevork Köşkeryan ise “İstanbul, kültürümüzün en büyük merkezi sayılırdı. Aydınlar ve edebiyatçılar yetiştirdi. Şimdi o sayfa kapandı ve İstanbul bize ‘Marmara’, ‘Jamanak’ ve ‘Agos’ gazeteleri aracılığıyla görünerek onların işini sürdürüyor. Agos’un emektar kadrosunu kutluyor, kesintisiz bir yolculuk ve yeni başarılar diliyorum” dedi ve Hrant Dink’in kendi gözünde bir kahraman olduğunu belirtti.
Mütevelli Heyeti Başkanı Parunak Çelikyan’ın da bir konuşma yaptığı etkinlikte Agos yayın yönetmeni Yetvart Danzikyan, Agos Ermenice sayfalar editörü Pakrat Estukyan ve Agos yazarı Ohannes Kılıçdağı’nın görüntülü mesajların da katılımcılarla paylaşıldı.
Görüntülü bir mesaj gönderen Hrant Dink’in eşi ve Hrant Dink Vakfı Başkanı Rakel Dink de, Agos’un uzun bir yol yürüdüğünü ve yürümeye devam edeceğini belirtti. Derneğin mütevelli heyet başkanı Parunak Çelikyan ve üyesi Sarafyan, kapanış konuşmalarında konuşmacılara teşekkür etti.
Sarafyan etkinlik sonrasında Agos’a yaptığı açıklamada “Yalnız değilsiniz, burada bütün gazeteler size el uzatıyorlar” dedi ve tüm çalışanlara selamlarını gönderdi. Sarafyan etkinliğin düzenlenmesinde İstanbul Ermenilerinden Markrit Atmaca’nın da emeği olduğunu eklediRR