No comments yet

ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԵՔՃԻՕՂԼՈՒ՝ ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ՎԱՐԻՉ

nbsp;

 

..


N O R  M A R M A R A

ԼԵՌՆԱ ԷՔՄԵՔՃԻՕՂԼՈՒ՝ ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԻ ՎԱՐԻՉ

Ընկերային ցանցերու հայկական հարթակներուն վրայ երէկուընէ ի

վեր կը տողանցէ հերթական ուրախ լուրը։ Աշխարհի հեղինակաւոր

բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն Մասաչուսեցի

արհեստագիտական հիմնարկը (Էմ Այ Թի) իր Պատմութեան բաժնի

վարիչ նշանակեց պոլսահայ պատմաբան, դասախօս Լեռնա

Էքմեքճիօղլուն։

Էքմէքճիօղլու 2011 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ վերոյիշեալ

համալսարանի դասախօսական խումբին։ Ան մասնագիտացած է

արդի Մերձաւոր Արեւելքի, Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ

պատմութեան, հայոց պատմութեան, ընկերային սեռի, կնոջ

իրաւունքներու, ցեղասպանագիտութեան եւ4

փոքրամասնութիւններու5 քաղաքականութեան բնագաւառներուն

մէջ։ Էքմէքճիօղլու 2022-2025 տարիներուն վարած է համալսարանի

Կիներու եւ Ընկերային սեռի ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի

տնօրէնի պաշտօնը եւ ներկայիս ալ կը շարունակէ դասաւանդել նոյն

ծրագրին մէջ։

Նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով Լեռնա Էքմեքճիօղլու յայտնեց թէ

իր առաջնահերթ նպատակն է պահպանել եւ աւելի զարգացնել այն

յաջողութիւնները, զորս բաժինը արձանագրած է վերջին

տարիներուն։ «Ինծի համար մեծ պատիւ եւ ոգեւորութիւն է այս

նշանակումը։ Ունինք գործնական խնդիներ եւ պէտք է շարունակենք

աջակցիլ դասախօսներու հետազօտական եւ կրթական

գործունէութեան, պէտք է խրախուսենք նոր նախաձեռնութիւններ եւ

ընդարձակենք հանրութեան հետ կապերը, նաեւ ցոյց տանք, թէ

պատմական հետազօտութիւնը ինչու անփոխարինելի տեղ ունի

համալսարանի առաքելութեան մէջ», ըսաւ ան։

Լեռնա Էքմէքճիօղլու ծնած է 1979ին, վկայուած է Կեդրոնական

վարժարանէն, ապա ընդունուած եւ համալսարանական ուսում

ստացած Պօղազիչի համալսարանի Ընկերաբանութեան բաժնի մէջ։

Ան իր տոքթորայի աստիճանը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանէն՝

Մերձաւոր Արեւելքի եւ իսլամական ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս

նաեւ պատմութեան բնագաւառներուն մէջ։ Էքմէքճիօղլու նաեւ տարի

մը հետազօտութիւն կատարած է Միչիկընի համալսարանի

Հայագիտական ամպիոնին մէջ՝ Մանուկեան կրթաթոշակով։ Ան

Մելիսա Պիլալի հետ խմբագրած է «Արդարութեան աղաղակ մը.

Օսմանեանէն Թուրքիա՝ հինգ հայ կին գրողներ (1862-1933)» հատորը,

իսկ 2021-ին լոյս տեսած է իր «Ազգ մը վերակենդանացնել. Թուրքիոյ

մէջ հայ ինքնութեան վերակազմութիւնը (1919-1933)՝ ընկերային սեռի

տեսանկիւնէն» աշխատութիւնը։

Դիտել տանք որ Լեռնա Էքմեքճիօղլու այս նոր պաշտօնը կը ստանձնէ,

փոխարինելով պատմաբան Մալիք Քաշեմը, որ 2023-էն ի վեր կը

ղեկավարէր համալսարանի պատմութեան բաժինը։

Կը շնորհաւորենք թէ՛ Լեռնա Էքմէքճիօղլուն, թէ՛ հարազատներն ու

Կեդրոնականի ընտանիքը եւ թէ մեր ամբողջ համայնքը՝ այս

պատուաբեր նշանակումին համար։

 

..

A G O S 

 

MIT Tarih Bölümü profesörlerinden Lerna Ekmekçioğlu, modern Ortadoğu, Osmanlı İmparatorluğu ve Türkiye, Ermeni tarihi, toplumsal cinsiyet, feminizm, soykırım ve azınlık politikaları konularında uzmanlaşmış bir tarihçi. 2022-2025 yılları arasında Kadın ve Toplumsal Cinsiyet Çalışmaları Programı direktörlüğünü yaptı, halen bu programda öğretim üyesi olarak görevini sürdürüyor.

Hrant Dink Vakfı’nın “Azınlık Halleri” podcast serisinde Lerna Ekmekçioğlu ile yapılan söyleşiyi Dink Vakfı’nın web sitesinden, Spotify ve YouTube kanalından dinleyebilirsiniz.

Ekmekçioğlu, 2023’te Tarih Bölümü Başkanı olan Malick Ghachem’in yerine atandı.

Ekmekçioğlu, “Bu yeni göreve başlarken, önceliğim birimde halihazırda devam eden olağanüstü ivmeyi sürdürmek ve genişletmek. Tarih Bölümü Başkanı olmak gerçekten heyecan verici bir an” dedi ve şöyle devam etti:

“Önümüzdeki iş hem pratik hem de entelektüel: öğretim üyelerinin araştırma ve öğretimini desteklemek, yeni girişimleri sürdürmek, kamuoyuyla etkileşimi genişletmek ve tarihsel araştırmanın MIT’nin misyonu için neden vazgeçilmez olduğunu göstermek.”

Lerna Ekmekçioğlu 1979’da İstanbul’da doğdu. Getronagan Ermeni Lisesi’ni ve Boğaziçi Üniversitesi Sosyoloji Bölümü’nü bitirdi. New York Üniversitesi’nde Ortadoğu–İslam Çalışmaları ve Tarih bölümlerinde yaptığı doktorasını 2010’da tamamladı. Michigan Üniversitesi’ndeki Ermeni Çalışmaları Kürsüsü’nde bir yıllık Manoogian Doktora Sonrası Araştırma Bursu’nu aldı. Melissa Bilal ile birlikte, 2006’da yayımlanan Bir Adalet Feryadı: Osmanlı’dan Türkiye’ye Beş Ermeni Feminist Yazar (1862–1933) kitabının editörlüğünü yaptı.

“Bir Milleti Diriltmek 1919-1933/ Toplumsal Cinsiyet Ekseninde Türkiye’de Ermeniliğin Yeniden İnşası” başlıklı çalışması da 2021 yılında Aras Yayıncılık tarafından yayınlandı.

 

Post a comment