No comments yet

«ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ» ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆԻՆ

 

 Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi’s Post

 

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅԹ ԾԱՆՕԹ ԱՍՄՈՒՆՔՈՂ ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆԻՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Զբօսաշրջութեան ու Մշակոյթի Նախարարութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, 4 Յունիս 2026, Հինգշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Երեկոյթին կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ Վռամ Պապայեանի գլխաւորութեամբ Սիլվա Կոմիկեանի համակիրներ:
Ներկայ էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Գույումճեան, Արժ. Տ. Կորիւն Ֆէնէրճեան աւագ քահանաները, Արժ. Տ. Թէոդիկ Չէթինքայա, Արժ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմէնճեան քահանաները, օրուայ մեծարեալը, շրջապատուած՝ իր հարազատներով։
Բացման խօսք արտասանեց երեկոյթի հանդիսավար Թամար Մանկասարեան։
Շնորհակալութեան յուշատախտակներ յանձնուեցան այն անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք երեկոյթի իրականացման ներդրում ունեցած էին: Այսպէս՝ յուշատախտակներ ստացան Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան Ստանպուլի Շարժանկարի Թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզ, Ստանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան վարչութեան անդամ Տքթ. Ատնան Կիւրճան, որ տրամադրած էր դաշնակը, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, յանուն Պէյօղլուի Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հիմնարկի՝ Ժիրայր Ճէլալ, որ փորձերու համար սրահ տրամադրած էին, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Գիւլէկէչ եւ պատասխանատու Լինտա Կիւլպաղ:
Հարուստ յայտագիրը սկսաւ տեսաերիզով մը, ուր Հելտա Այնաեիւզ կը զրուցէր օրուան մեծարեալին հետ՝ անոր կենսագրութեան մասին:
Ապա Թարգմանչաց վարժարանի սաներէն փոքրիկն Անտրէ Աւետիքեան արտասանեց ժողովրդական Մանկական խաղիկը: Իսկ Մխիթարեան վարժարանի սաներէն Մարիա Գարաճաօղլու արտասանեց Խորէն Մանավեանէ «Ստուերախաղ»ը:
Արի Ալիճիեան եւ նուագախումբը կատարեցին նոյնինքն Ալիճիեանի յօրինած «Երեւանի պարող ջուրերը» երգը: Արի Պարութօղլու երգեց Արամայիս Սահակեանի խօսքով եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեամբ «Չքնաղ երազ»ը, Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուն՝ Յովհաննէս Ղուկասեանի խօսքով եւ Արտեմի Այվազեանի երաժշտութեամբ «Գիւլնարա»ն:
Ս. Խաչ Դպրեվանք վարժարանի սաներէն Արեգ Չաթաք արտասանեց Պետրոս Դուրեանի «Հայուհին» բանաստեղծութիւնը:
Արի Էտիրնէ երգեց Վահան Տէրեանի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Կրկին իմ հոգում»ը, Գարին Պոզքուրթը՝ Աշոտ Գրաշիի խօսքով եւ Արտեմի Այվազեանի երաժշտութեամբ «Երեւան»ը, Ալին Եաղճըօղլուն՝ Կէօթէի խօսքով, Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանութեամբ եւ Ռոմանոս Մելիքեանի երաժշտութեամբ «Վարդը»ն։
Կեդրոնական վարժարանի սաներէն Այլին Մանուկեան եւ Կարէն Էզիքօղլու միասնաբար արտասանեցին Զահրատի «Մեսրոպաբոյր»ը:
Նուարդ Աւետիքեան երգեց Լուտվիկ Դուրեանի խօսքով եւ Գէորգ Մանասեան մշակումով «Էրզրումի շորոր»ը, Արսէն Զաքարեան՝ Խաչատուր Աւետիսեանի մշակումով «Եար քո բարակ պոյին մեռնեմ» ժողովրդական երգը:
Սահակեան-Նունեան վարժարանի սաներէն Անայիս Տէմիրճի, Գարէն Ապաճը, Նիրվա Շարքլը, Նայաթ Քէշիշ արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ՝ Հայերէն Լեզուին» բանաստեղծութիւնը:
Թաթիանա Պոսթան երգեց Գէորգ Եղիազարեանի խօսքով եւ Արամ Աւագեանի երաժշտութեամբ «Տուն իմ հայրենի»ն, Սահակ Պարթեւ Կարեան՝ Յովհաննէս Շիրազի խօսքով եւ Մաժակ Թօշիկեանի երաժշտութեամբ «Արարատ»ը, Մարալ Աթաման՝ ժողովրդական «Հայրենիք» երգը՝ Արի Ալիճիեանի գործիքաւորումով:
Էսաեան վարժարանի սաներէն Սարին Քէօսէ արտասանեց Սիպիլի «Հայ Լեզուին» բանաստեղծութիւնը:
Արսէն Զաքարեան երգեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»ը, Լեռնա Պալօղլու՝ Դեւի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Իմ ուղին»ը, եւ Արթիւր Պաղտասարեան՝ Դեւի խօսքով եւ Նիկոլ Գալանտերեանի երաժշտութեամբ «Դու նորից եկել ես»ը:
Երեկոյթի վերջին երգը եղաւ Թաթուլ Ալթունեանի «Խնջոյքի երգ»ը, Էտվին Կալիպեանի մշակումով եւ երգուեցաւ երեկոյթի մասնակցող բոլոր արուեստագէտներու կողմէ:
Երեկոյթի ողջ ընթացքին երգիչներուն կ’ընկերանային երաժիշտներ Պուրճու Էսին, Կիւլ Սվաճը, Մեթին Եավուզ, Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու։
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Սիլվա Կոմիկեան եւ ողջունեց արուեստագէտներն ու դիտողները։ Սրտի խօսքին մէջ Մեծարեալը յայտնեց թէ որքան ուրախ է եւ յուզուած սոյն երեկոյթին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութենէն սկսեալ բոլորին, որոնք եկած էին մեծարելու զինք:
«Ասմունքի իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեան ապա արտասանեց Երանաշնորհ Վազգէն Կաթողիկոսի Հայ ժողովուրդին ուղղած պատգամը, որ արժանացաւ ջերմ ծափողջոյններու:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսութեան աւարտին մեծարեալ Սիլվա Կոմիկեանին ի յիշատակ նոյն երեկոյթին, նուիրեց արծաթեայ յուշապնակ մը, ապա արտասանեց հուսկ բանքը: Նորին Ամենապատուութիւնը նախ ուրախութիւնը յայտնեց այս ոգեւոր ու յաջող երեկոյթին համար, ապա շեշտեց Սիլվա Կոմիկեանի եւ իր կատարած գործին կարեւորութիւնը: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Ան բանաստեղծութիւն չէ գրած, սակայն բանաստեղծներու եւ արձակագիրներու գրութեանց կենդանի մնալուն ու ծանօթացման համար աշխատած է: Անթիւ անհամար մարդիկ Սիլվա Կոմիկեանով սիրած են Հայ գրականութիւնը թէ՛ Ստանպուլի մէջ եւ թէ սփիւռքի մէջ: Ան տասնեակ տարիներու գործունէութեամբ իր մասնաւոր տեղը ունի, որուն մեծագոյն վկան է այս երեկոյթի մասնակից բազմութիւնը: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ամէն անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս երեկոյթի յաջողութեամբ պսակումին համար, սկսեալ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյէն, նոյն նախարարութեան Շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան Ստանպուլի Շարժանկարի Թանգարանի տնօրէն Պիրտալ Տանեըլտըզին, Հանրապետութեան Նախագահութեան Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութիւններու Խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրանին, երեկոյթի գլխաւոր կազմակերպիչներ Արի Էտիրնէին, Արթիւր Պաղտասարեանին եւ Կարօ Վռամ Պապաեանին, բոլոր արուեստագէտներուն, աշակերտներուն եւ առ հասարակ բոլորին: Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց համայնքիս շնորհալի զաւակ Սիլվա Կոմիկեանը եւ առողջ ու երջանիկ կեանք մաղթեց իրեն։
Շնորհակալութեան յուշատախտակներ յանձնուեցան նաեւ երեկոյթին իրենց արուեստով, արհեստով, արտասանութեամբ կամ զանազան ծառայութեամբ ներդրում ունեցող բոլոր անհատներուն:
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ «Խնջոյքի երգ»ի կրկնութեամբ, այս անգամ արուեստագէտներու եւ բոլոր հանդիսատեսներու մասնակցութեամբ։

 

 

..
,,,

..

 J A M A N A K

ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԹԱԳՈՒՀԻ ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր հայ գրականութեան համակիրներով, որոնք փութացած էին մասնակցելու՝ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթին։ Ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած էին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ, ծրագրին զօրակցած էր նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։ 

Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։ Ան հայ գրականութեան դասական կամ արդի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները ասմունքած է ուրոյն ոճով եւ իր մատուցելու ձեւը արդէն քանի մը սերունդի համար պայմանաւորած է ընկալման ձեւ մը։ Սիլվա Կոմիկեան իսկապէս մեծ երախտաւոր մըն է հայ մշակոյթի ծառայութեան տեսակէտէ եւ ցարդ ամենաբարձր մակարդակի վրայ գնահատուած է՝ իր անկրկնելի տաղանդով։ Յամենայնդէպս, համայնքային շրջականերուն եւ հայ գրականութեան համակիրներուն տեսակէտէ պատեհ առիթ մըն էր երէկուան երեկոյթը, որովհետեւ Սիլվա Կոմիկեանի վաստակը այնպիսի բնոյթ մը ունի, որ պարբերաբար իրեն նկատմամբ յարգանքի եւ համակրանքի թարմացումը արդէն կրկնութիւն չի համարուիր։ 

Երէկուան ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Թամար Մանկասարի։ Յայտագրի սկիզբին ներկայացուեցաւ տեսանիւթ մը, որով բոլորը հաղորդ դարձան Սիլվա Կոմիկեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Աւելի վերջ իրերայաջորդ ներկայացուեցան երաժշտական կատարումներ եւ արտասանութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքին մէջ բարձր գնահատեց Սիլվա Կոմիկեանը՝ յիշեցնելով, որ ան անցեալին մէջ մետայլով մըն ալ պարգեւատրուած է Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց մեծարեալին։

Որպէս մեծարեալ՝ Սիլվա Կոմիկեանն ալ երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որով արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու։ 

Երէկուան ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները, Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան եւ հոծ թիւով հայ գրականութեան համակիրներ, որոնք ջերմօրէն շրջապատեցին Սիլվա Կոմիկեանն ու հարազատները, որոնք երախտագիտութեան դրսեւորումներուն դիմաց ունեցան յուզումնախառն ապրումներ։ 

*

Ծ.Խ.- Սիլվա Կոմիկեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը, անշուշտ, եղած է շատ տեղին որոշում մը։ Դրական այս մտայղացումը, սակայն, ըստ երեւոյթին՝ մեծարեալի վաստակին ու գործունէութեան ոլորտին հարիւր տոկոսով յարիր ձեւով չէ եղած։ Երէկուան յայտագիրը Սիլվա Կոմիկեանի վաստակը արժեւորելէ անդին՝ երաժշտական տեսակէտէ չափազանց ծանրաբեռնուածութեամբ միջոցառում մը եղած է, ինչ որ Սիլվա Կոմիկեանի գործունէութիւն ծաւալած գրական եւ կրթական բնագաւառները որոշ չափով ստուերի տակ թողած է։ Դառն իրողութիւնը այն է, որ պոլսահայ կեանքէն ներս այսօր ներուժը, մարդուժը չափազանց սահմանափակ է եւ այս իրավիճակին մէջ Սիլվա Կոմիկեանին համար կատարուած է միայն հնարաւորը։ Սա տրամաբանական է, սակայն, երկարաժամկէտ առումով կրնայ համարուիլ անարդար, որովհետեւ Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներ շարունակ եղած է կատարելապաշտ մը, սակայն, իր մեծարանքի հանդիսութիւնը համեստ մարդուժով կազմակերպուած ձեռնարկի մը սահմաններուն մէջ մնացած է։

Յամենայնդէպս, Սիլվա Կոմիկեան տասնամեակներ շարունակ «ասմունքի թագուհի»ի առաքելութիւնը տարած է ամենայն համեստութեամբ եւ այսօր մենք ալ հերթական անգամ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զինքը՝ մաղթելով բազում արեւշատ տարիներ։

 

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2026

 

 
N O R   M A R M A R A

 

Հայ գրականութեան կենդանի ձայնը
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀՈՅԱԿԱՊ ԳԻՇԵՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ «ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ» ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆԻՆ
Կան մարդիկ, որոնք արուեստ կը ներկայացնեն, իսկ կան մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքով արուեստ կը դառնան։ «Ասմունքի իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեան երկրորդ խումբին կը պատկանի. հազուագիւտ արուեստագիտուհի մըն է, որու անունը վաղուց անցած է համայնքային կեանքի մեր սահմաններէն։
Մօտաւորապէս եօթանասուն տարիէ ի վեր ան կանգնած է բեմերու վրայ, իր մաքրամաքուր ասմունքով հայ բանաստեղծութեան եւ գրականութեան հոգին հասցնելով հազարաւոր ունկնդիրներու։
Քաղաքիս մէջ, Հայաստանի զանազան բեմերուն վրայ եւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներու մէջ սերունդներ անոր ձայնի ընդմէջէն կ’ունկնդրեն հայ գրականութեան «երաժշտութիւնը», կը վերագտնեն բառին գեղեցկութիւնը եւ կը հաղորդակցուին հայ գրականութեան անսպառ հարստութեան հետ։
Իր շրթներէն հնչած իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն կամ գրական էջ միշտ կը մատուցուի իր բոլոր նրբութիւններով, մեղեդիական հնչեղ առոգանութեամբ, որպէս անգին գոհար մը հասնելով ունկնդիրներուն։
Պոլսահայ գրականութիւնն ու մշակութային կեանքը առանձնայատուկ պարտք ունին մեր այս սիրելի եւ մեծանուն արուեստագիտուհիին հանդէպ, որ տասնամեակներ շարունակ իր ձայնը «փոխ տուաւ» մեր գրողներուն, մեր բանաստեղծներուն, մեր լեզուին։ Շատեր առաջին անգամ հայ գրականութեան գեղեցկութիւնը բացայայտեցին ո՛չ թէ գիրքի էջերէն, այլ Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքէն։ Ան իր արուեստով ժամադրեց գրական ստեղծագործութիւններն ու հանրութիւնները։
Երէկ, 4 Յունիսին, հասած էր «պարտքը վերադարձնելու օրը»։ Համայնքը համախմբուած էր մեծարելու ասմունքի իշխանուհին, երախտագիտութիւն յայտնելու իրեն՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր հարստութիւնը բառերու միջոցաւ ապրեցնելու համար։
Գնահատանքի խօսքերը կը հաստատէին միակ ճշմարտութիւն մը. Սիլվա Կոմիկեան ո՛չ միայն կ’ասմունքէ հայ գրականութիւնը, այլ նաեւ դարձած է անոր կենդանի ձայնը։
*
Մեծարանքի հանդիսութիւնը սարքուեցաւ «Աթլաս» շարժանկարի սրահին մէջ, որ լեփ լեցուն էր մշակութասէր խուռներամ բազմութեամբ մը։ Օրուան հերոսը շրջապատուած էր իր ընտանիքի անդամներով՝ դուստրերով, փեսաներով, թոռնիկներով, քոյրով եւ քրոջ ընտանիքով։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Յարութիւն եւ Յովակիմ վարդապետները, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր։
Հանդիսավար Թամար Մանկասարեան յայտագրի գործադրութենէն առաջ, ամփոփ տողերով ներկայացուց Սիլվա Կոմիկեանի ստեղծագործական ու արուեստագիտական ուղին։ Երեկոն բացուեցաւ Հէլտա Այնայիւզի կողմէ Սիլվա Կոմիկեանի հետ կատարուած տեսազրոյցով, ուր ներկաները առիթն ունեցան մօտէն ծանօթանալու մեծարեալ արուեստագիտուհիին յուշերուն, մտածումներուն եւ կեանքի զանազան հանգրուաններուն։
Գալով յայտագրին, ուշագրաւ էր որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ բեմ կը հրաւիրուէր խնամքով պատրաստուած ներկայացումէ մը ետք։ Այդ բաժնի մէջ նշանակալից դեր ունեցած էր յայտագրի պատասխանատու Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Երեկոյթի կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէիի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ-Վռամ Պապայեանի գլխաւորութեամբ Սիլվա Կոմիկեանի համակիրներ։
Բեմը յանձնուեցաւ երեկոյթի բազմաթիւ մասնակիցներուն։ Ասմունք, երգ եւ երաժշտութիւն իրարու յաջորդեցին՝ ստեղծելով հարուստ մշակութային մթնոլորտ։ Յայտագրին մասնակցեցան Արի Ալիճիեան, Արի Պարութօղլու, Մարալ Այվազ, Արի Էտիրնէ, Գարին Պոզքուրթ, Ալին Եաղճըօղլու, Նուարդ Աւետիքեան, Հայաստանէն Արսէն Զաքարեան, Թաթիանա Պոսթան, Պարթեւ Կարեան, Մարալ Աթաման, Լեռնա Պալօղլու, Արթիւր Պաղտասարեան, Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան, Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, Պուրճու Էսին, Մեթին Եաւուզ եւ Կիւլ Սվաճը, որոնք հրաշալի կատարումներ ունեցան։
Թարգմանչաց վարժարանի սաներէն փոքրիկն Անտրէ Աւետիքեան արտասանութենէ յետոյ ասմունքով հանդէս եկան մեր հինգ լիսէներէն աշակերտներ. Մարիա Գարաճաօղլու (Մխիթարեան), Արեգ Չաթաք (Դպրեվանք), Այլին Մանուկեան եւ Կարէն Էզիքօղլու (Կեդրոնական), Անայիս Տէմիրճի, Գարէն Ապաճը, Նիրվա Շարքլը եւ Նայեատ Քէշիշ (Սահակեան-Նունեան) եւ Սարին Քէօսէ (Էսաեան)։
Երեկոյթի ամենայուզիչ պահերէն մէկը արձանագրուեցաւ երբ բոլոր մասնակիցները միասին բեմ բարձրացան եւ խմբերգով ներկայացուցին «Խնջոյքի երգ»ը։ Այդ պահուն բեմին վրայ ցոլացած պատկերը կարծես կը խորհրդանշէր այն մշակութային ժառանգութիւնը, որուն շուրջ ամբողջ կեանք մը աշխատած էր Սիլվա Կոմիկեան։
Ապա օրուան մեծարեալը բուռն եւ երկարատեւ ծափահարութիւններու ներքեւ բեմ հրաւիրուեցաւ։ Իր սրտի խօսքին մէջ անհուն շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր, կազմակերպիչներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն։ (Տիկին Կոմիկեանի ելոյթի պատճէնը պիտի հրատարակենք Երկուշաբթիի մեր թիւով, ներքին էջերուն վրայ)։
Մեծարանքի հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը։ Շեշտեց, որ կազմակերպիչներու նպատակը միայն Սիլվա Կոմիկեանը պատուելը չէր, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել անձի մը, որ տասնամեակներ շարունակ հայ մշակոյթի լոյսը տարածած է սերունդէ սերունդ։ «Այս սրահը լեցնող հասարակութիւնը, այս բեմը լեցնող արուեստագէտները, բոլորն ալ ձեզմէ նշոյլ մը ունին, լոյս մը ունին։ Դուք մեր բոլորի սրտերուն մէջ բան մը դրած էք», ըսաւ Պատրիարք Հայրը։
Նորին Ամենապատուութիւնը յատկապէս ընդգծեց, որ հայ գրականութեան մեծ անունները՝ Պետրոս Դուրեան, Մեծարենց, Վարուժան, Սիամանթօ, Զահրատ, Ռոպէր Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի, Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան եւ Կարպիս Ճանճիկեան, ժողովուրդին սիրելի դարձան նաեւ Սիլվա Կոմիկեանի ընտիր ասմունքի շնորհիւ։
«Դուք մեր մայրենի լեզուի գրականութեան նմոյշները ցուցափեղկին վրայ դրիք, մեզի սիրցուցիք զանոնք։ Երբ այդ գրողներուն անունները կը յիշենք, ձեր անունն ալ անոնց կողքին կը յիշուի՝ որպէս ստեղծագործութիւններու անզուգական մեկնաբան», նշեց Պատրիարք Հայրը։
Ապա բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան յուշատախտակներ, իսկ Պատրիարքարանի արծաթեայ յուշապնակը Սիլվա Կոմիկեանին յանձնուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։
Յայտագրի վերջաւորութեան Սիլվա Կոմիկեան արտասանեց Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամներէն մէկը՝ կրկին փաստելով թէ նոյնիսկ մեծարանքի պահուն իսկ կը շարունակէ ծառայել խօսքին, լեզուին եւ գրականութեան։
Հոյակապ գիշերուայ «վերջակէտը» դրին բոլոր մասնակիցները, որոնք Տիկին Սիլվան ու Պատրիարք Հայրն ալ իրենց միջեւ «առնելով», երկրորդ անգամ մեկնաբանեցին «Խնջոյքի երգ»ը։ Երեկոն աւարտեցաւ խմբանկարներով եւ յիշատակի լուսանկարներով։
Կը շնորհաւորենք մեր ասմունքի իշխանուհին, մեր սիրելի Սիլվա Կոմիկեանը, որ անգերազանցելի կը մնայ եւ որու շրթներէն մեր ոսկեղնիկը կը հնչէ կենդանի արձագանգներով։
ՄԱՐՄԱՐԱ

See translation

 

.

 

V I D E O S
———————


 

..

 

Post a comment