No comments yet

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՔԻՆ ԱՄՐԱԿԱՅՈՒՄԸ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ

 

 

 

Roni Kolukısayan Topkapı Okulu'na vardı

J A M A N A K

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՔԻՆ ԱՄՐԱԿԱՅՈՒՄԸ ԿԸ ՏՕՆԱԽՄԲԷ

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կայուն եւ յարատեւ գործունէութեան համար տասնամեակներէ ի վեր ներդրուած անսակարկ ջանքերուն տեսակէտէ առանցքային իրադարձութեան մը տօնախմբութեան համազօր էր երէկուան հաւաքոյթը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ Թոփգաբուի ընտանիքէն բազմաթիւ պատասխանատուներ այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ներկաները։ 

Հարկ է նշել, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շէնքը այս շրջանին երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան երաշխաւորման նպատակով վերանորոգման ենթարկուած է։ Ամրակայման աշխատանքները միջոցէ մը ի վեր կը կատարուին թափով։ Անցեալ կրթական շրջանի աւարտին անմիջապէս գործը սկսած է եւ ներկայիս արդէն անոր առիւծի բաժինը աւարտած կը համարուի։ Թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նոր կրթական շրջանին հասցնել դպրոցը, որպէսզի ամէն ինչ դարձեալ պատրաստ ըլլայ աշակերտները ընդունելու համար։ Ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդին այս վճռակամութիւնն ու հետեւողականութիւնը համատարած գնահատանքի արժանացած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Արդարեւ, մեր վարժարաններու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային շրջանակներէն ներս խոր մտահոգութեան առարկայ կը դառնայ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, իսկապէս սահմանափակ միջոցներով հանդերձ, Թոփգաբուի ընտանիքը վճռակամութիւնը ունեցած է դպրոցի շէնքի ամրակայումը իրականացնելու։ Կարճ խօսքով, սա Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տեսակէտէ անկիւնադարձային նախաձեռնութիւն մըն է եւ անոր գործունէութեան ապագային տեսակէտէ կը համարուի կարեւոր հիմնաքար մը։

Թոփգաբուի ընտանիքը երէկ մանրամասնօրէն համայնքային շրջանակներուն ծանօթացուց դպրոցի շէնքի պարագային առնուած բազմակողմանի քայլերը։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, յարմար առիթ մըն էր՝ երախտագիտութեան տուրք մատուցելու համար բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այս կարեւոր նախագիծին։

Միւս կողմէ, երէկուան հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ դիմաւորելու համար մեր համայնքի երիտասարդ ուսանողներէն Ռոնի Քոլուքըսաեանը, որ ի զօրակցութիւն Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին Ֆրանսայէն դէպի Թոփգաբու հեծանիւով ուղեւորութիւն մը իրականացուց։ Ան երէկ հասաւ Թոփգաբու եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մուտքին հիւրերու կողմէ ծափահարութիւններով եւ գնահատանքով դիմաւորուեցաւ՝ քանի իր այս եզակի շարժումը կը հետապնդէր նաեւ զօրակցութեան կոչ մը ուղղելու նպատակը՝ ի նպաստ դպրոցին, որու ամրակայման աշխատաքներու ի կատար ածման համար անհրաժեշտ է համայնքին աջակցութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 4, 

    2025

M A R M A R A

«Երկու անիւ, երազ մը եւ… հազար յոյս»

ՌՈՆԻ ՔՕԼՈՒՔԸՍԱՅԵԱՆԻ ՀԵԾԱՆԻՒՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԵՅԱՋՈՂ ԿԵՐՊՈՎ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

….

Ռոնի Քօլուքըսայեան, ընդամէնը 21ամեայ խոստմնալից երիտասարդ մը, որ տեսլականով եւ վճռակամութեամբ ոգեշնչման աղբիւր դարձաւ շատերուն համար։ Իր առջեւ դրաւ Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի համար զօրակցութեան արշաւ մը բանալու նպատակ մը ու «երկու անիւ, մէկ երազ» կարգախօսով հեծանիւով ճամբայ ելաւ Ֆրանսայի Կրենոպըլ քաղաքէն։ Իր ճամբորդութիւնը միայն մարմնական փորձութիւն չէր$։ Ան դարձաւ նուիրումի եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ։

Շուրջ 32 օր հեծանիւ քշեց, 4500 քիլոմեթր հեռաւորութիւնը կտրելու համար մի՛շտ յիշեցուց որ նպատակի մը համար ճամբայ ելած էր. ուշադրութիւն հրաւիրել Լեւոն Վարդուհեան վարժարանին նիւթական կարիքներուն վրայ եւ օգնել որ նուիրահաւաքում կատարուէր 205ամեայ վարժարանի գոյատեւումը ապահովելու համար։

Ալփերեան լեռնաշղթայի փէշերէն մինչեւ Թօփգաբու հասնելու համար 29 օր շարունակ հեծանիւի անիւները դարձուց, 7 երկիրէ անցաւ, հասնելով մինչեւ Աթէնք։ Հոնկէ, 29 Յուլիսին սկսաւ արշաւի երկրորդ եւ վերջնական հանգրուանը։

Երէկ, 3 Օգոստոսին, Ռոնի արդէն հասած էր իր ծննդավայր քաղաքը՝ Իսթանպուլ եւ մոթոսիքլէթաւորներու ուղեկցութեամբ վերջին քիլոմեթրերը կը քշէր…։ 

Այդ ժամերուն ոգեւոր եռուզեռ մը կար Թօփգաբուի եկեղեցւոյ ու վարժարանի շրջափակին մէջ։ Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ Ատենապետ Նուրհան Սուճեանի գլխաւորութեամբ, Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուսուցչաց կազմը, պաշտօնէութիւնը, հիւրեր եւ հրաւիրեալներ, վարժարանի համակիրներ, Ռոնիի ծնողները, աշակերտներ, հո՛ն հաւաքուած էին։ Դիմաւորումէն առաջ տեսան թէ վերանորոգութեան ինչպիսի հսկայածաւալ աշխատանք կը տարուէր, նոր դիմագծութեամբ մը օժտելու համար այդ կրթօճախը։ Վարժարանը կը յիշեցնէր շինութեան հրապարակ մը։ Թաղային Խորհուրդը, պատկան մարմիններէ ստանալով համապատասխան տեղեկագիրը՝ երկրաշարժներու դէմ դիմացկունութեան մասին, ձեռնարկած էր վերանորոգութեան, աչքի տակ առնելով ամէն մանրամասնութիւն եւ աւետելով որ աշակերտները ուսումնական նոր տարեշրջանին իրենց դիմաց պիտի ունենային «նոր դպրոց» մը։ Հիւրերն ու հրաւիրեալները կը շրջէին, ականատես դառնալով թէ ինչպէս վարպետներու մեծ խումբ մը կ'աշխատէր արտաքին ու ներքին նորոգութիւններու համար։

Ի վերջոյ հասած էր երկար սպասուած պահը։ Ռոնի մտած էր Վաթան պողոտայ ու քանի մը վայրկեան յետոյ պիտի հասնէր Թօփգաբու։ Բոլորը դպրոցի մուտքին էին, խանդավառ ապրումներով կը մասնակցէին աննախընթաց այս արշաւի վերջնակէտին։ Ռոնի ծափերով, փչուկներով դիմաւորուեցաւ  դիմաւորուեցաւ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, շրջանաւարտներուն եւ ընտանիքի անդամներուն կողմէ։

Ուրախութեան արցունքներէ տամկացած աչքերով ու ծափահարութիւններու տակ ան արտասանեց իր սրտի խօսքը, ըսելով. «Իսկական ճամբորդութիւնը հիմա կը սկսի։ Հիմա ձեր հերթն է։ Եկէք միասնաբար տէր կանգնինք Լեւոն Վարդուհեան վարժարանին»։ Ատենապետ Նուրհան Սուճեան յուշանուէր մը յանձնեց Ռոնիին, յայտնելով որ ան իր նախաձեռնութեամբ ոգեշնչումի տիպար դարձաւ շատ շատերու համար։

Ռnնի Քօլnւքըսայեան հրապարակաւ շնnրհակալnւթիւն յայտնեց բnլnր անnնց nրnնք զօրավիգ կանգնած էին իրեն, իր նպատակի իրագnրծման մէջ։ Յատկապէս ընդգծեց անnւնը համակարգչային ծրագրերnւ մասնագէտ Սեւան Հատտէլէրի nր ամբnղջ ճամբnրդnւթեան ընթացքին իր աչքն nւ ականջը հանդիսացած էր, ընկերային մէտիայի էջերnւն վրայ շահեկան տեղեկnւթիւններ ապահnվելnվ կարեւnր նախաձեռնnւթեան եւ Ռnնիի առօրեայի մասին։

Յամառութեան եւ նուիրումին օրինակ այս նախաձեռնութիւնը զարմանք չբերաւ զինք ճանչցողներուն։ Ռոնի Քօլուքըսայեան իր նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը ստացած է Գարակէօզեան վարժարանի մէջ, ապա լիսէի ուսման համար ընդունուած է ֆրանսական Նոթր Տամ տը Սիոն վարժարան։ Ռոնի, ներկայիս համալսարանական է եւ բնագիտութեան ճիւղին կը հետեւի Ֆրանսայի մէջ։ 

Հեծանիւավազքին եւ լեռնագնացութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը «Երկու անիւ, մէկ երազ» նախագիծով ժամադրեցին բնութիւնն ու համայնքը։ Շուրջ 31օրեայ արկածախնդրական ճամբորդութիւնը Ռոնին դարձուց տոկունութեան, նուիրումին եւ հաւատքին խորհրդանիշ։ 

Այս նախաձեռնութեան ընթացքին Ռոնին մինակ չէր։ Համայնքային մարմիններ եւ անհատներ իրեն տրամադրեցին թեքնիք ու բարոյական աջակցութիւն։

Զաւակ մը դաստիարակելը ամբողջ կեանք մը կը պահանջէ։ Քօլուքըսայեանի յաջողութեան ետին միայն անհատական ջանքեր չկան, իր ծնողները՝ Պերինն ու Օննոն, յաջողած են փոխանցել ինքնութեան, պատկանելիութեան գաղափարը։ «Ան արդէն պատմութեան էջ մը գրեց, իրագործելով այս աննախադէպ քայլը», ըսին զինք ճանչցողներ։

Ահաւասիկ, Ռոնի Քօլուքըսայեանը ո՛չ միայն ձեռնամուխ եղաւ դպրոցի մը աջակցութեան, այլ նաեւ մեզի յիշեցուց՝ թէ որքա՛ն ուժեղ կրնայ ըլլալ  երազի մը ետեւէն երթալու պատասխանատուութիւնը։ 

Հիմա, արդարեւ կարգը մե՛րն է, այսինքն Պոլսահայ համայնքինը, որովհետեւ այսպիսի ճամբորդութիւններ նպատակակէտով չեն աւարտիր$,<Ո»նկէ ետք կը սկսի իրական պատմութիւնը։

Կը շնորհաւորենք Ռոնին, Թօփգաբուի ընտանիքը, մաղթելով որ այս նախաձեռնութիւնը բազմապատկէ Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ու գուրգուրանքը, որովհետեւ տարբեր առաքելութիւն մը ունի այս կրթօճախը։ Հո՛ս ուծացումէ եւ ինքնութեան կորուստէն կը փրկուին անապահով ընտանիքներու զաւակները, եւ ուրեմն նախախնամական դերակատարութիւն ունի 205ամեայ կրթութեան բոյնը։

***

Ուրախութեան այս պատկերին վրայ հարկ նկատեցինք կարեւոր նկատառում մը յանձնել ընթերցողներու ուշադրութեան։ 

2005ին մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ գրի առնուած յօդուածէ մը ետք, ազգային բարերարներ Մօնիք եւ Արէտ Երկանեան իրենց հոգածութեան տակ առած էին այս վարժարանը, փակումէն փրկած էին զայն, մեծ նուիրատուութիւններ կատարած էին, դարձած էին պահապան հրեշտակները։ Յետոյ կառավարումը յանձնած էին յաջորդներուն, ներկայի՛ս՝ Նուրհան Սուճեանի գլխաւորած կազմին։ Հիմա, ահաւասիկ, վարժարանի դռները բաց են, դպրոցի շէնքը հիմնական նորոգութեան կ'ենթարկուի, Թաղային Խորհուրդը նուիրումով փարած է իր առաքելութեան։
 

..

—  follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend 

Post a comment