
nbsp;
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ110 ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՊՈԼՍԱՀՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋԳրի առաւ՝ Մարիէթ Մ. ՕհանէսԿիրակի, Ապրիլ 27, 2025ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110րդ տարելիցի ոգեկոչման երեկոյ՝ Պոլսահայ Միութեան Կեդրոնը:Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան Հոգաբարձու եւ Մշակութային Յանձնախումբի փոխ ատենապետ՝ Կարպիս Սարաֆեան, որ ոջունեց բոլորը, օրուան դասախօսուհին եւ հիւրերը, ապա հրաւիրեց Միութեան Հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ Անահիտ Գոճայեանը որպէսզի հանդիսավարէ եւ սրտի խօսքը փոխանցէ:Տկ. Գոճաեան յայտնեց թէ տրուած ըլլալով որ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը անհանգիստ է՝ այսօր ինք կը փոխարինէ զայն:Տկ. Գոճաեան շեշտեց թէ Արեւմուտքի երկիրներուն կողմէ մոռցուած ցեղասպանութեան յիշատակումը վերականգնելու համար հայութիւնը աշխարհով մէկ` Սփիւռքի տարածքին ամէն տարի կը նախաձեռնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն: Ապա բոլորը հրաւիրեց յոտընկայս վայրկեան մը մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու Եղեռնի նահատակներուն հոգիներուն, ինչպէս նաեւ նահատակ Սեւակ Պալըքճըի յիշատակին, երբ ան իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր Պաթմանի Քոզլուք շրջանին մէջ:Ապա հրաւիրեց Միութեան Ընդհանուր Ժողովի Հայերէն բաժնի քարտուղարուհի՝ Թամար Եշիլչիմէնը որպէսզի ընթերցէ դասախօսուհի Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանի հակիրճ կենսագրականը:Որմէ վերջ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսուհին որ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն այս առիթը ընծայուած ըլլալուն համար, ապա սկսաւ խօսիլ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն մասին, պաստառին վրայ ցոյց տալով քարտէսը որ կը ներառէր այն բոլոր քաղաքները ուր հայերը կ՛ապրէին: Սեւ ծովու կից Տրապիզոն նահանգը որ կարեւոր նահանգ էր արեւելահայերու եւ արեւմտահայերու համար: Ան յայտնեց թէ հանգուցեալ ցեղասպանագէտ Փրօֆ. Վահագն Տատրեան շատ հետաքրքրուած էր ոճրագործներով եւ պատահական չէր որ ան հսկայական թղթապանակներ հաւաքած էր եւ ունէր հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն թրքերէն եւ զանազան լեզուներով լեցուն արխիւ սոյն ոճրագործներուն մասին:Պէտք է յիշել թէ Տրապիզոնի տարբեր աղբիւրները տարբեր տեղերէ եկած են: Գաւառացի աղջիկներուն ճակատագիրն էր որ երեխաներուն անունը, կրօնքը փոխել եւ թրքացնել զանոնք: 1916ին Ռուսերը գրաւեցին Տրապիզոնը, ուր հայեր մնացած չէին այլ՝ միայն իսլամացած հայեր որոնք թուրքերուն տուները կ՛ապրէին: Դասախօսուհին բացատրութիւններ տուաւ թէ ինչպիսի ճակատագրի կ՛արժանանային աքսորեալները: Ուրեմն անոնք մէկ օր հետիոտն ճամբորդելէ ետքի կը հասնէին Կիւմիշհանէ ուր կը զատուէին եւ կը ղրկուէին անյայտ ուղղութեամբ, այրերը կը ջարդուէին իսկ կանայք եւ երեխէք կը քշուէին դէպի Երզնկայի կողմերը եւ ոչ մէկ Տրապիզոնցի Մուսուլ չհասան այլ՝ մահացան: Տուները փակուած, այրերը կը սպաննուէին եւ կը տարուէին կարմիր մահիկի հիւանդանոցը: Իսկ աղջիկներն ու կանայք մէկ տարի պարբերաբար սեռական բռնութիւններու կ՛ենթարկուէին իթթիհատականներու եւ իրենց ընկերներուն կողմէ: Ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերը, Տրապիզոնի հայերը 1915 թ. Յունիսին ստացան արտաքսման պաշտօնական հրաման: Այնուամենայնիւ, մոտ 3000 երեխայ (մինչև 15 տարեկան աղջիկներ և մինչև 10 տարեկան տղաներ) և մի քանի տասնեակ կանայք մնացին քաղաքը: Այդ հայերը տեղաւորուեցան յատուկ հաստատութիւններու մէջ, ենթարկուեցան անտեսման, սովի, սպանութիւններու և բռնաբարութեան։ Սեռական բռնութիւնը հպատակութեան և սարսափի, նուաստացման, ինքնատեացութեան և խարանման խթանման գործիք էր: Չորս տարի անց բոլոր արու զաւակները անհետացան, իսկ հիմնականին մէջ ողջ մնացած աղջիկները թրքական տուներուն մէջ առնուեցան, որոնց կը նուիրուէին կամ կը վաճառուէին ծառայելու որպէս ծառաներ կամ ստրուկներ:Կար նաեւ 700 հոգի որոնք մնացին սարերուն վրայ մինչեւ որ Ռուսական զօրքը եկաւ եւ տեղափոխեց զանոնք Տրապիզոն: 1916ին երբ հայերու օգնութեամբ գրաւեց Տրապիզոնը կը բացայայտուէր որ հայ չէր մնացած, ուստի կը կազմուի Տրապիզոնի հայկական կոմիտէն ռուսերուն հետ որոնք այնքան ալ ոգեւորուած չէին որպէսզի որբերը հաւաքեն5 ընդհարում չունենալու համար իսլամ տարրին հետ: Ոչ մէկ իսլամ չէր ուզեր յանձնել հայ կանայքը եւ հայերը չյանձնեցին իրենց զէնքերը: Մինչեւ 1917 թուականը յաջողեցան 200 որբեր հաւաքել եւ ղրկել Պաթում իսկ անոնք որոնք հարազատներ ունէին Պոլիս՝ հոն ուղարկուեցան: Հիմնականին մէջ ամբողջ Տրապիզոնէն 700 վերապրող կար եւ անոնց յուշերը հաւաքագրած էր Յովակիմ Յովակիմեանը որ սարերուն վրայ գտնուած որբերէն մէկն էր եւ այդ արխիւը կը գտնուի Եղիշէ Չարենց թագարանին մէջ:Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի պահ՝ ներկաներուն կողմէ:Ապա խօսք առաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի նախագահ՝ Հերման Չէլիք որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ըսելով թէ սոյն ձեռնարկը ոչ միայն լոյս սփռեց հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենատխուր էջերէն մէկուն վրայ, այլ՝ համայն մարդկութեան ամօթալի պատմութեան վրայ: Անցնող շաբաթներու ընթացքին, Պոլսահայ Միութիւնը մասնակից դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն որոնք կազմակերպուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակին առթիւ, համագործակցութեամբ UACLA եւ AGC կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ: Այսօր շատ կարեւոր է յիշել մեր ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները եւ հասկնալ անոր դրդապատճառները, որպէսզի աւելի լաւ ըմբռնենք ներկայ օրերուն հայերուն եւ մարդ արարածին հանդէպ ուղղուած ոճիրներուն վայրագութեան լրջութիւնը: Տիար Հերման Չէլիք կոչ ուղղեց զարգացնել մեր համագործակցութիւնը իրար հանդէպ: Շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօսուհիին, Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներուն, Տկն, Գարին Տոնիւքոքին իր պատրաստած համեղ քաղցրեղէններուն համար, Միութեան հաշուապահ Եղիա Քէօսէին, Քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսին, եւ Թէքնիքըլ բաժնի պատասխանատու՝ Հերման Աքպըեըքին իրենց տարած օգնութեան եւ ջանքերուն համար որով յաջողեցաւ սոյն ձեռնարկը:Ձեռնարկի աւարտին առնուեցաւ յիշատակի խմբային պատկերներ եւ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: |
— follow on Twitter | like on Facebook | forward to a friend