No comments yet

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

 ………

.

 IMG-20231112-WA0073

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ  ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

ՄԱՐԻԷԹ  ՄԻՆԱՍԵԱՆ- ՕՀԱՆԷՍի 

“ԿԵԱՆՔԻՆ ԿԱՆՉԸ”

Հատորին

Գրի առաւ՝ 
Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան
_ozalin Mado3yanԿիրակի, Նոյեմբեր 12, 2023ին, Պոսյ Միութեան «Հրանդ Տինք» սրահը լի էր գրասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեամբ, որոնք ներկայ էին ”ԿԵԱՆՔԻՆ ԿԱՆՉԸ” գրքի Շնորհանդէսին, գրի առնուած Միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսի կողմէ:

 Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ:  

Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկին Ալին Տօնիկեան:

Գեղարուեստական բաժնով բեմ բարձրացան Երգչուհի Սօսի Աւագեան եւ Տկ. Հիլտա Աճըիլաչ  ասմունքով:

Ամպիոն հրաւիրուեցաւ կրթական մշակ՝ Տկ. Հիլտա Աճըիլաչ, որ հրաշալիօրէն եւ յուզումով ներկայացուց հատորը: Տկն. Աճըիլաչի վերլուծումը ջերմօրէն գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:

Խօսք առաւ Մարիէթ Օհանէսը, իր շնորհակալիքն ու սրտի խօսքերը փոխանցելով ներկաներուն:

Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք իր նորատիպ  հատորին:

Գրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը կատարուեցաւ, որուն մասնակցեցան Պոլսահայ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Ատենադպիր՝ Սերժ Պուլանըքեան, նախկին ատենապետ՝ Տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան, Նախկին ատենապետ՝ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ, Էսաեան Սանուց վարժարանի Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Իլտա Շաքարեան, իսկ ներկաներէն՝ Լուսի Գարալեան, Յակոբ Սանոսեան եւ յայտագրին մասնակցողները:

Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գրքերը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

           Նշենք թէ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ Միութեան Մշակութային Ֆոնտին:


****************************

Event Photo Album (click)

Event Videos


********************************************

2

..

Post a comment