No comments yet

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

 

………
facebook_1572209405052

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՕՐ. ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՊՈԼՍՈՅ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ 175ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԹԻՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէս 

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Միութեան անդամներուն եւ հիւրերուն: 

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն 70 տարի առաջ շրջանաւարտ եւ սան, նաեւ Լոս Անճէլըսի Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի բազմամեայ նախկին ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ծերունեան, որ նշեց թէ մեծարանքի սոյն երեկոյին ազնիւ գաղափարը կազմակերպուեցաւ ի պատիւ բազում շքանշաններու դափնեկիր, պոլսահայ մտաւորական, վաստակաշատ ուսուցչուհի, յայտնի լրագրող, գրագիտուհի՝ Օր. Մաքրուհի ՊիւյիւքՅակոբեանի: Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները պահ մը յոյտնկայս յարգանքի տուրք մատուցանելու Տատեան վարժարանի բարերար ու հիմնադիր՝ Օսմանեան Կայսրութեան վարօդապետ Յովհաննէս Տատեանի, պատմական իր 175 տարիներու ընթացքին նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայող հարիւրաւոր անձերու խնկելի յիշատակին, բոլոր բարերարներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներուն, աշակերտ-աշակերտուհիներուն եւ Տատեան վարժարանի ի նպաստ ծառայող յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անհատներուն, նաեւ բոլոր անոնց որոնք տարիներու ընթացքին անդարձ բաժնուեցան: 

Ապա ընթերցեց Պոլսոյ Տատեան վարժարանէն առաքուած նամակը, ուղղուած Պոլսահայ Միութեան, ի պատիւ կազմակերպուած սոյն մեծարանքի հանդիսութեան, որուն մէջ անսահման գոհունակութիւն պատճառած ըլլալուն շեշտումը կը յայտնուէր: Շեշտելով թէ անոնք դաստիարակեցին այնպիսի սերունդներ որոնք պատիւ բերին մեր կրթական օճախին եւ բոլոր համայնքներուն: 

M Buyukhagopyan

Օր. Մաքրուհի եղաւ Տատեան վարժարանի ընտանիքի անդամներէն մին՝ որպէս բազմավաստակ կրթական մշակ: Ան տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Նամակին մէջ իրենց ցանկութիւնը կը յայտնուէր որ սոյն օճախը մնայ անսասան որպէսզի իր երդիքին տակ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան այբուբենով: 

Կը փոխանցուէր 175ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբի շնորհաւորանքներն ու գնահատանքը, Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներուն իրենց ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար: Ապա հրաւիրուեցաւ Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը որ իր խօսքին մէջ արտայայտուեցաւ Օր. 

2 Մաքրուհիի բարեմասնութիւններուն մասին ու հրաւիրեց Մշակութային յանձնախումբի քարտուղարուհի՝ Զարուհի Խաչիկեանը որպէսզի ընթերցէ Օր. Մաքրուհիի աշակերտուհիներէն՝ Ժպիտ Չիլինկիր Զուռնաճիին նամակը, որուն մէջ կ՛անդրադառնար հայերէն լեզուի եզակի ուսուչուհիին մասին որուն շնորհիւ ինք դարձած էր կրօնքի եւ լեզուի ուսուցչուհի: Ժպիտ Չիլինկիր կ՛որակէր իր ուսուցչուհին որպէս Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր՝ որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ: 

Յաջորդեց տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը Տատեան վարժարանի մանկապարտէզին մասին, պատրաստուած Կարպիս Սարաֆեանի կողմէ, որ կը ներկայացնէր 25 տարիներ առաջ, Հոկտեմբեր 1, 1994 թուին, Պոլսահայ Միութեան սրահին մէջ Տատեան վարժարանի 150ամեակի առթիւ կատարուած ճաշկերոյթի ընթացքին: Տեսաերիզը կը ներկայացնէր թատերական զուարճալի կարճ արար մը, դպրոցական առօրեայ կեանքէ առնուած՝ մանկապարտէզի տարազներով: 

Դարձեալ ամպիոն մօտեցաւ Տոքթ. Աւետիքեան ու ընթերցեց մեծարեալին կենսագրականը, թուելով անոր ուսուցչական ասպարէզի մէջ տարած գործունէութիւններն ու ստացած բազում շքանշաններն ու գնահատագրերը: 

Հանդիսավարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պր. Կարպիս Սարաֆեանին սոյն ձեռնարկին պատրաստութեանց համար: Ապա ընթերցեց Տատեան Վարժարանի քայլերգը, որուն բառերը գրուած են մեծարեալին կողմէ: 

Հրաւիրուեցաւ մեծարեալը որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Օր. Պ. Յակոբեան ողջունեց բոլորը ջերմ սիրով եւ անսահման կարօտով, իր հետ բերելով իրենց ծննդավայր՝ պոլսոյ քաղաքի բոյրն ու համբոյրը, երազներն ու ապրումները, մանկութեան ու երիտասարդութեան անմոռանալի ու անվերադարձ օրերը: Ան յայտնեց թէ երբեք չէ մոռցած իր աշակերտները որոնք այդ օր ներկայ են այդտեղ որովհետեւ անոնք իրեն կը յիշեցնեն ամենէն մաքուր եւ ամենանկեղծ ապրումները: Բացատրութիւն տուաւ վարժարանին 175ամեակի առթիւ Պոլսոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններուն մասին: 

Օր. Պ. Յակոբեան շեշտեց թէ Տատեան վարժարանը ոչ միայն ուսում ու կրթութիւն ջամբած է, այլ՝ ընտանիքի սէր, անկեղծ հոգատարութիւն եւ այս բոլորին առընթեր մասնաւորաբար տոհմիկ կրթութիւն, որ մեր լինելութեան ու գոյատեւման նախապայմանն է: Տատեանի մէջ կայ սիրոյ կապ, ըսաւ ան, համերաշխութիւն եւ վստահութիւն, ուր ուսուցիչը կը գործէ զոհաբերութեամբ ու նուիրումով: Ան կրթական հաստատութիւն մըն է ուր իր իւրայատուկ հմայքն ու քաշողականութիւնը ունի: Իր վերջին խօսքով Օր. Պ.Յակոբեան յորդորեց բոլոր հին ու նոր Տատեանցիները որպէսզի ձեռք ձեռքի տան ու տէր կանգնին այս վարժարանին որպէսզի ան մեր քոյր վարժարաններուն հետ ըլլայ թեւանցուկ, շղթայ կազմած ու մեր պայքարին ու մարտնչումներուն ցայտուն խորհրդանիշը դառնայ: 

Ապա հրաւիրուեցան Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրն ու Յակոբ Ծերունեանը եւ Տոքթ. Աւետիքեանի ձեռամբ մեծարեալին շնորհուեցաւ գնահատագիր մը Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ առ ի գնահատանք իր բազմամեայ նուիրեալ գործունէութեանց: 

Առնուեցաւ նաեւ յիշատակի խմբային պատկեր: Օր. Պ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ մեծ ընտանիքին, որ իրողապէս կ՛իրականացնէ իր ազգային պարտականութիւնը: 

Պոլսահայ Միութեան եւ բոլոր յարակից յանձնախումբերու անունով կը շնորհաւորենք Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը որ ծառայեց իբրեւ ուսուցչուհի եւ իր 

3 տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքով կրցաւ իրականացնել իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Ան՝ Տատեան վարժարանի առաքելութեան հաւատացող, լուռ, անշեղ եւ դաստիարակիչ նկարագրով, բարձր մակարդակով եւ հոգիով կատարեց ուսուցչութիւնը վարժարանին մէջ: 

Ներկաները մեկնեցան, հաւատալով որ հայկական կրթօճախները կը հանդիսանան մայրենիի ջահը վառ պահող բնօրրանները, ապա այդ ջահը սերունդէ- սերունդ կը փոխանցէ հայ ուսուցիչը, եւ այդ կրթօճախին սիւնն է, առանց որուն հայ կրթօճախը կը զրկուի իր հայկական ինքնութենէն: Ի մասնաւորի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան առարկաներու դասատուով է, որ կ՛արժեւորուի հայ դպրոցը եւ կը դրոշմուի ազգային ինքնութեամբ: «Պոլսահայ Միութիւնը այսօր կու գայ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու պոլսահայ ուսուցչուհիին եւ անոր ըսելու` «Վարձքդ կատա՛ր»:

Event Photo Album (click)

Մեծայարգ հրաւիրեալներ, 

Ես որպէս 1983 տարուան Տատեանի շրջանաւարտ ուզեցի մաս կազմել վարժարանիս վաստակաշատ ուսուցչուհի, բազում շքանշաններու դափնեկիր, Մարմարա օրաթերթի երկարամեայ փոխ-խմբագրապետուհի, յայտնի մտաւորական եւ գրական մշակ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի մեծարման հանդիսութեան, քանի որ Ինք եղաւ իմ անմոռանալի եւ եզակի հայերէնի ուսուցչուհիս: Անոր մայրենիի հանդէպ լուրջ եւ բծախնդիր կեցուածքէն ներշնչուելով եւ քաջալերուելով ես ալ դարձայ Հայերէնի եւ Կրօնքի ուսուցչուհի՝ միշտ ի մտի բերելով Իր տիպար օրինակը: 

Օրիորդս դասի պահերուն խիստ կարեւորութիւն կուտար ընթերցանութեան: Առաջին ընթերցումը միշտ Ինք կ’ընէր՝ ուշադրութիւն դարձնելով բառերու ճիշդ հնչումին ու ձայնի տեղին ելեւէջներուն եւ ամէն մէկ հատուածը մեզի կը կարդար ազդեցիկ կերպով ուղիղ եւ լուրջ կեցուածքով մը: Այդ պահերուն՝ մենք Իր վրայ կեդրոնացած եւ լարուած՝ զԻնքը անհուն ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէինք, հոգ չէ թէ կարգ մը բառերու իմաստը չէինք գիտեր, բայց Իր հմայիչ կեցուածքը, հայ այբուբենի երեսունութը զինուորներուն ուղիղ հնչումը, արտասանութիւնը եւ իւրաքանչիւր բառի տուած յատուկ շեշտը կը գրաւէր մեզ եւ կը տանէր ուրիշ աշխարհներ: Ինք ջերմ պաշտպանը եւ երկրպագուն էր մեր ոսկեղնիկին եւ կարելի չէր Իրմէ չազդուիլ: 

Սիրելի Օրիորդս ունէր ուսուցչութեան կոչում եւ նուիրում: Ես ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնելէ ետք, ամէն անգամ որ զԻնքը տեսայ Իր անուշ եւ ժպտուն աչքերուն մէջ զգացի սէր ու պատրաստակամութիւն, որով հայ լեզուի մասին ուղղած ամէն հարցումիս տուաւ գոհացուցիչ եւ լայն տեղեկութիւններ: Վարպետ աշկերտի յարաբերութեամբ Իրմէ կը ստանայի մեր մայրենիի անսխալ ուսուցման ոսկի բանալիները, որոնք Իր քովն էին պահուած: Ես զԻնքը կը տեսնէի Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր, որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ: 

Յարգելի ուսուցչուհիս, որպէս կրթական մշակ, գրագիտուհի եւ լրագրող տարիներ շարունակ Ձեր տարած նուիրեալ աշխատութեան առջեւ յարգանքով կը խոնարհիմ եւ կը յայտնեմ իմ անհուն շնորհակալութիւնը եւ խոր երախտիքը Ձեր ինծի հանդէպ ցուցաբերած ջերմ յարաբերութեան համար: Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկար, առողջ եւ գործունեայ օրեր: Ձեր գրիչը միշտ վառ մնայ եւ մենք շարունակենք հաղորդ դառնալ Ձեր ստեղծագործութիւններուն: 

Ժպտուն Չիլինկիրեան Զուռնաճը

 

.

 ….

Պատուարժան Վարչութիւն 

| Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Լոս Անճըլըսի Պոլսահայ Միութեան Վարչութեան անդամներու յղացումով, անձնդիր կրթական մշակ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի ի պատիւ կազմակերպուած «Մեծարանքի հանդիսութիւն» ը անսահման գոհունակութիւն պատճառեց մեր բոլորին: 

| Ամէն անգամ որ կուզենք խօսիլ մեր կրթական մշակներուն մասին բառեր կը պակսին կարծես հիւսելու համար գովքը մեր գիտակից ուսուցիչներուն, որոնք ոչ միայն ուսում ջամբեցին նորահաս սերունդին, այլ ուսման առընթեր դաստիարակեցին այնպիսի սերունդներ, որոնք պատիւ բերին մեր կրթարանին եւ բովանդակ մեր համայնքին։ 

| Անթիւ բարեմասնութիւններով օժտուած մեր սիրելի Օրիորդն ալ պատիւն էր մեր ընդհանուրին: Եղաւ Տատեան բազմանդամ ընտանիքին հարազատներէն մէկը որպէս՝ բազմավաստակ կրթական մշակ: Ինք որպէս մտաւորական, յայտնի լրագրող ու գրագիտուհի, տարիներ շարունակ իր դրոշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուի ու մշակոյթի բնագաւառէն ներս:Նախ աւարտեց Տատեան միջնակարգ վարժարանը ապա կատարելագործելով իր ուսումը վերադարձաւ իր կրթական բնօրրանը յանձն առնելով ուսուչութեան պատուաբեր պաշտօնը:Մօտ քառասուն տարիներ ծառայեց հայ Մամուլին որպէս Մարմարա Օրաթերթի փոխ-խմբագրապետ օրինակելի նախանձախնդրութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ: Հրատարակեց արժէքաւոր գիրքեր։ 

| Այսօր սրտի անդորրութեամբ կը սարքէ անմոռանալի բանախօսութիւններ, կը կատարէ թարգմանութիւններ, երաժշտութեան ոլորտէ ներս կը գրէ երգերու բառեր, նոյնիսկ՝ վարժարանիս 175 ամեակին ձօնուած քայլերգին բառերը կը պարտինք Օրիորդին։ Բազում շքանշաններու դափնեկիր՝ մեր սիրելի Օրիորդին կը մաղթենք քաջառողջ ու արեւշատ օրեր… 

Պոլսակայ Միութեան մեծայարգ անդամներ, 

Որքան ալ հեռու ըլլանք իրարմէ Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակի առիթով մեր սրտերը կը տրոփեն նոյն ջերմ զգացումներով։ Մեր բոլորին ցանկութիւնն է որ մեր նորակառույց կրթական օճախը մնայ անսասան, որպէսզի իր երդիքին տակ, դեռ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան մեր այբուբենով: 

| 175 ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբս մեծարանքի այս հանդիսութեան առիթով կը յայտնէ իր շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորութիւնները Վարչութեանդ անդամներուն ցուցաբերած գեղեցիկ մտայղացումին ու փափկանկատութեան համար: 

175 Ամեակի Կարգադիր Յանձնախումբ 

Տատեան Վարժարանի 

Ալիս իրարամ` Բ. Ատենապետուհի 

Հերմինէ Պէնլիօղլու 

Ատենապետուհի 25.10.2019

 


Post a comment