No comments yet

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

IMG-20240305-WA0004 (1)ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Գրի առաւ՝ Մարիէթ Օհանէս

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ընտանեկան գիշեր մը Միջինքի եւ «Կանանց Միջազգային օրուան» տօնակատարութիւնով:

Երեկոն սկսաւ Միութեան քարտուղարուհիին բարի գալուստի խօսքով: Ներկաները ճաշակեցին Միջինքի համեղ ճաշերը միաժամանակ զրուցելով իրար հետ:

Շուրջ 60 հոգիներու ներկայութեամբ մտերմիկ գիշերը ճոխացաւ, զուարճալի պատմութիւններով եւ զանազան խաղերով:

Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց պատասխանի խաղեր եւ բախտաւորներ ստացան նուէրներ:

Իսկապէ՛ս որ յաջող գիշեր մըն էր, որ պիտի չկայանար առանց Միութեան անդամներուն եւ համակիրներուն թափած ջանքերուն: Լիայոյս ենք, որ ձեզ կը հանդիպինք մեր յաջորդ ընտանեկան «Զատկուան» ձեռնարկին՝ ԱՊՐԻԼ 4: Շնորհակալութիւն բոլոր ներկաներուն:

Event Photo Album (click)

Post a comment